Դէպքէն եւ առեւանգման փորձ ըլլալու հերքումէն ժամեր ետք, Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ» օդանաւային ընկերութեան Տուպայէն Թել Աւիւ ուղղուող օդանաւի դէպքը նկատեց «ահաբեկչական փորձ», իսկ օդանաւային ընկերութիւնը շեշտեց. «դէպքին պատճառներն ու դրդապատճառները ճշդելու համար տակաւին կանուխ է»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ խօսած է օդանաւին մէջ գտնուող իսրայէլացի ճամբորդներէն մէկուն հետ, որ իրեն յայտնած է, թէ օդանաւի անձնակազմի մէկ անդամին հետ յաջողած է ներխուժել օդանաւը վարելու սենեակ եւ արգելակել օդաչուն, որ «կը փորձէր օդանաւի համակարգերը խափանել»:
«Իսրայէլեան իշխանութիւնները կը շարունակեն առնչակից կողմերուն հետ իրենց հաղորդակցութիւնները` երաշխաւորելու համար ճամբորդներու անվտանգութիւնն ու Իսրայէլ վերադարձը», ըսաւ ան` նշելով. «Բոլոր ճամբորդները վտանգաւոր կացութենէն դուրս եկան, եւ շարք մը անձեր դանակոծած օդաչուն ձերբակալուեցաւ»:
Նեթանիահու աւելցուց, որ իր երկիրը դէպքէն ետք այլ «հաւանական սպառնալիքներու» կը պատրաստուի:
«Այն, ինչ որ այսօր առտու տեղի ունեցաւ, շատ վտանգաւոր էր, եւ ես ապահովական համակարգին հրամայեցի հաւանական յաւելեալ յարձակումներու պատրաստուելու», նշեց Իսրայէլի վարչապետը:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իր կարգին դէպքը նկատեց «ահաբեկչական փորձ»` աւելցնելով. «Տրամադրութեան տակ գտնուող նախնական տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ յարձակումի հեղինակին նպատակը օդանաւը, իր բոլոր ճամբորդներով, վար առնելն էր»:
«Գործողութիւնը ձախողութեան մատնուեցաւ իսրայէլացի շարք մը ճամբորդներու քաջութեան շնորհիւ», պնդեց ան:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ օդանաւը էջք կատարած է Սէուտական Արաբիա, եւ ճամբորդները «Ֆլայ Տուպայ»-ի այլ օդանաւով մը մեկնած են Թել Աւիւ, իսկ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիան մերժած է ճամբորդները տեղափոխելու համար իսրայէլեան օդանաւի մը էջքը արտօնել:
«Ֆլայ Տուպայ» ընկերութիւնը հաղորդեց, որ օդանաւը վարելու սենեակին մէջ վէճ ծագած է, օդանաւի անձնակազմը կրցած է օդանաւին անվտանգութիւնը ապահովել եւ անոր ուղղութիւնը փոխելով խաղաղութեամբ էջք կատարել Թպուքի օդակայան:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Նեթանիահու «Պեն Կորիոն» օդակայանին մէջ դիմաւորած է «Ֆլայ Տուպայ» օդանաւային ընկերութեան օդանաւը:


