Տեշանտրէ Ուաշինկթըն փայլեցաւ, եւ Սաժես յաղթեց Օլային 95-89 արդիւնքով, ապահովելով խմբակի պարագլուխի դիրքը:
Ուաշինկթըն 39 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Սաժեսի, որ միայն 3-րդ մասին քիչ մը ետ մնաց Սէուտական Արաբիոյ ակումբէն, բայց շուտով վերագտաւ ինքզինք, յաղթեց 6 կէտերու տարբերութեամբ եւ առաջին դիրքը գրաւելով կիսաւարտականին Ռիատիի դէմ հանդիպելու առիթէն խուսափեցաւ:
Եուսեֆ Խայեաթ 28 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Օլայի մարզիկ Տաւիտ Միշինօ 35 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 4 էսիսթ ձեռք ձգեց:
Նոյն խմբակէն Իրանի Շահրտարի Կորկան 85-76 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քաթարի Արապին: Հետաքրքրական էր, որ Իրանի ակումբի լաւագոյն մարզիկները «տեղացիներ» էին: Սաժժատ Փազիրոֆթիհ 18 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Նաւիտ Ռետաէյֆար` 20 եւ 7 ռիպաունտ:
ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկներէն Ճորտըն Սթիվընզ 12 կէտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Տ՛Անճելօ Հարիսըն 12 կէտ եւ Սթեֆան Եանքովիչ միայն 6 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` առանց որեւէ կէտերու:
Արապիի լաւագոյն մարզիկն էր Ապտուլ Ռահման Մոհամետ Սաատ (17 կէտ եւ 10 ռիպաունտ):


