Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

October 1, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

 Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախութեան 35-Ամեակին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Բերիոյ Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Տնօրինութեամբ` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կիրակի, 20 սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակին առիթով, Բերիոյ հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ յընթացս սուրբ  պատարագին, կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան: Պատարագի ընթացքին, Մանուկ վրդ. Պարիխանեան կատարեց Հանրապետական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց Զարեհ քհնյ. Շաքարեան, իսկ Հանրապետական մաղթանքի եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութեան արարողակարգը կատարեց Արմէն վրդ. Գալաճեան, որ նաեւ քարոզեց:

Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ եւս յիշատակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակը: Պատարագը մատուցեց Գառնիկ քհնյ. Չափանեան: Հանրապետական մաղթանքի ընթերցում եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարեց Նարեկ Ա. քհնյ. Զերենցեան:

– Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան, որ նաեւ  կատարեց Հանրապետական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Օրուան պատգամը փոխանցեց Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան:

– Քեսապի մէջ եւս, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց, քարոզեց, ինչպէս նաեւ Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն կատարեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Վահրիճ վրդ. Ղարախանեան:

– Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հովիւ Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեան, որ նաեւ կատարեց Հանրապետական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակին Նուիրուած Պաշտօնական Ընդունելութիւն

21 սեպտեմբերին, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հրաւէրով, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակին նուիրուած պաշտօնական ընդունելութիւն:

Այս առիթով Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ռուբէն Խարազեան ողջոյնի իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները ունին երկար տարիներու պատմութիւն, որ հիմնուած է փոխադարձ վստահութեան եւ յարգանքի վրայ` աւելցնելով, որ Հայաստան մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ իրավիճակին եւ կ՛ըմբռնէ այն մարտահրաւէրները, զորս կը դիմագրաւեն Սուրիոյ ներկայ իշխանութիւնները: Ան յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը կը յաջողի յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ ի կատար ածել սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներուն առնչուող իր պարտաւորութիւնները:

Իր խօսքին մէջ դեսպանը շեշտեց նաեւ, որ սուրիահայերը տարիներ շարունակ կարեւոր դեր խաղացած են երկրի բարգաւաճման մէջ` վստահութիւն յայտնելով, որ ներկայ ժամանակներուն եւս անոնք պիտի շարունակեն իրենց ներդրումը բերել Սուրիոյ վերականգնումին եւ կայունութեան:

Ռ. Խարազեան ըսաւ, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած քաղաքական երկխօսութեան եւ գործակցութեան:

Լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս երկու երկիրներու գործակցութեան լայն կարելիութիւնները` դեսպանը վստահեցուց, որ միացեալ ջանքերով երկու երկիրներու յարաբերութիւնները նոր որակի կրնան հասնիլ` հարստացնելով Սուրիա-Հայաստան գործակցութեան օրակարգը:

Միացեալ Նահանգներ

ՀՄԸՄ–ի «Արցախ Հիմնադրամ»-ի Դրամահաւաք–Երեկոյ

Արցախահայութեան բռնի տեղահանութենէն երեք տարի ետք, ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը անգամ մը եւս կազմակերպեց ՀՄԸՄ-ի «Արցախ հիմնադրամ»-ին ի նպաստ դրամահաւաք-երեկոյ մը, որ տեղի ունեցաւ 19 սեպտեմբերին` համախմբելով բազմաթիւ հիւրեր եւ աջակիցներ:

Երեկոյին նպատակն էր միջոցներ հանգանակել եւ շարունակական աջակցութիւն ապահովել արցախահայ ընտանիքներուն, յատկապէս Արցախի ՀՄԸՄ-ականներուն եւ անոնց ընտանիքներուն` իրենց կեանքը վերակերտելու ճիգերուն մէջ:

Ձեռնարկը հիւրընկալուեցաւ Սարգիս եւ Էլիզապէթ Թաթիկեաններու բնակարանին մէջ:

Երեկոյի հանդիսավարներն էին Մեղեդի Փոլատեան եւ Արիկ Գէորգեան:

Երեկոյի ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով հանդէս եկաւ Մհեր Դաւիթեան, իսկ Շրջանային վարչութեան անունով` Րաֆֆի Վարժապետեան` շեշտելով ՀՄԸՄ-ի «Արցախ հիմնադրամ»-ի առաքելութեան կարեւորութիւնն ու Արցախի ՀՄԸՄ-ականներուն հանդէպ շարունակական զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Մուսա Լերան Հերոսամարտին Նուիրուած Ձեռնարկ

19 սեպտեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ թեմի հոգեւոր հայրերու, ներկայ գտնուեցաւ ծագումով մուսալեռցի Տիգրան Պօղոսեանի տան շրջափակին մէջ կազմակերպուած Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-ամեակի տօնախմբութեան:

Սրբազանը նախ անդրադարձաւ 1915-ի ամրան Մուսա Լերան հայկական գիւղերու բնակչութեան հերոսական ինքնապաշտպանութեան պատմաքաղաքական պայմաններուն եւ գնահատեց մուսալեռցիներուն տոկունութիւնն ու դիմադրողական կեցուածքը` ընդդէմ թրքական բարբարոսութեան եւ բնութեան տարերքներուն:   Ապա ներկաներուն յորդորեց տան մէջ միշտ պատմել հերոսամարտի ոգին, որ մեզի հասած է սերունդէ սերունդ, եւ զայն փոխանցել իրենց զաւակներուն ու թոռներուն, որպէսզի հայուն հերոսական այդ ոգին ապրի ու շնչէ հայ նոր սերունդներու կեանքին մէջ եւս: Գեղամ արք. ընդգծեց, որ Մուսա Լերան հերոսամարտը մասնիկ մըն է հայ ազգի հերոսական մաքառումներուն, որոնց շնորհիւ իրերայաջորդ հայ սերունդներ յաջողեցան պահպանել եւ ամրապնդել հայկական ինքնութիւնը, ոգին եւ մեր ժողովուրդի պատմութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ մուսալեռցիներուն հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը:

Աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

«ԹՈՒՄՕ»-ն 17 Միլիոն Տոլար Հանգանակեց Իր 15-Ամեակի Տօնակատարութեան Ընթացքին

20 սեպտեմբերին, Լոս Անճելըսի «Վիպիանա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ԹՈՒՄՕ»-ի 15-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն, որուն ընթացքին ներկաները սուզուեցան People of Ar-ի պատրաստած տպաւորիչ լուսային տեսողական փորձառութեան մէջ, որ կեանքի կոչեց «ԹՈՒՄՕ»-ի ուսանողներուն ստեղծագործական աշխատանքները: Տեղադրութիւնը ներշնչուած էր ուսանողներուն աշխատանքներէն, որոնց միջոցով ուսանողները թուայնօրէն պահպանած են հայկական վանքերն ու մշակութային կոթողները այն տարածքներուն մէջ, որոնք պատերազմի իբրեւ հետեւանք դուրս մնացած են հայկական վերահսկողութենէն: Միահիւսելով արուեստը, արհեստագիտութիւնը եւ մշակութային պահպանութիւնը` այս փորձառութիւնը հզօր հայեացք մը ընծայեց այն մասին, թէ «ԹՈՒՄՕ»-ի ուսանողները ինչպէս կ՛օգտագործեն իրենց հմտութիւնները` ստեղծագործութիւնը պատմութեան եւ ժառանգութեան հետ կապելու համար:

«ԹՈՒՄՕ»-ի հիմնադիրներ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեանները ըսին, որ տասնհինգ տարիներ առաջ «ԹՈՒՄՕ»-ն սկսաւ պարզ գաղափարով մը` երբ երիտասարդները ունին իրենց տաղանդները յայտնաբերելու ազատութիւն, անոնք ունին ուժը` կերտելու ոչ միայն իրենց, այլ նաեւ` ամբողջ ազգի մը ապագան: Անոնք դիտել տուին, թէ անկէ ետք իրենք ականատես եղած են, թէ ինչպէ՛ս հազարաւոր երիտասարդներ մուտք գործած են «ԹՈՒՄՕ»-ի դռներէն ներս եւ աճած են իբրեւ ինքնավստահ երիտասարդներ, որոնք գիտեն, որ իրենց գաղափարները կարեւոր են:

Երեկոյի ընթացքին մեծարուեցան «ServiceTitan»-ի համահիմնադիր եւ նախագահ Վահէ Քուզոյեան, համահիմնադիր եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Արա Մահտեսեան եւ «NVIDIA»-ի «Physical AI Simulation»-ի փոխնախագահ Ռեւ Լիպարետեանը, որոնք առանցքային դեր խաղցան «Firebird»-ի` Հայաստանի առաջին բարձր արտադրողականութեամբ արհեստական բանականութեան (AI) ընկերութեան եւ Հայաստանը իբրեւ արհեստական բանականութեան նոր ռազմավարական կեդրոն հաստատելու գործին մէջ:

Երեկոյին ընթացքին «ԹՈՒՄՕ»-ի ղեկավարութիւնը խօսեցաւ այն ազդեցութեան մասին, որ կազմակերպութիւնը ունեցած է ամբողջ աշխարհի մէջ: «ԹՈՒՄՕ»-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան ըսաւ, որ մարդիկ յաճախ կը կարծեն, թէ «ԹՈՒՄՕ»-ն վայր մըն է, ուր երիտասարդները կը յայտնաբերեն իրենց հետաքրքրութիւնները, կը կողմնորոշուին, թէ ինչ կ՛ուզեն ընել իրենց կեանքին մէջ եւ կը զարգացնեն այն հմտութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են մրցունակ ասպարէզներ հետապնդելու համար` աւելցնելով, որ ասոր կողքին իսկական հրաշքը կը պատահի այն ատեն, երբ կեդրոնի ուսանողները, յաճախ իրենք ալ զարմանալով, կը յայտնաբերեն այն արտակարգ կարողութիւնները, զորս ի սկզբանէ ունէին իրենց մէջ:

Աճուրդին դրուած էին բացառիկ առաջարկներ, ներառեալ` մարզում եւ ճաշ UFC-ի մարզիկ Արման Ծառուկեանի հետ, թենիսի դաս` լաւագոյն մարզիկ Անտրէ Աղասիի հետ եւ ճատրակի դաս` գերվարպետ Լեւոն Արոնեանէն, որոնք ուռճացուցին երեկոյին հանգանակուած միջոցները:

Երեկոյին ընթացքին հանգանակուեցաւ 17 միլիոն տոլար, որ պիտի ապահովէ կազմակերպութեան շարունակական աճն ու ընդարձակումը Հայաստանի մէջ:

Յայտնել, որ «Սիսթըմ աֆ է տոն»-ի հիմնադիրներէն Սերժ Թանգեան յատուկ ելոյթ մը ունեցաւ` մեկնաբանելով իր սիրուած երգերէն փունջ մը:

Մարիա Տաղլեան–Հերնանտեզ Նշանակուեցաւ Քալիֆորնիոյ Վերաքննիչ Ատեանի Դատաւոր

Հայ Իրաւաբանական միութիւնը ողջունեց Օրենճ Քաունթիի Գերագոյն ատեանի դատաւոր Մարիա Տաղլեան-Հերնանտեզի նշանակումը` Քալիֆորնիոյ Վերաքննիչ ատեանի դատաւորի պաշտօնին, ներկայացնելով չորրորդ շրջանի երրորդ բաժանմունքը:

Հայ Իրաւաբանական միութեան անդամ, դատաւոր Տաղլեան-Հերնանտեզ աւելի քան երեք տասնամեակ նուիրած է իրաւաբանական ասպարէզին եւ հանրային ծառայութեան: Անոր ասպարէզը կ՛արտացոլացնեն դատարանային հարուստ փորձառութիւն, դատական առաջնորդութիւն եւ արդարադատութեան իրականացման հանդէպ երկարամեայ նուիրում:

Հայ Իրաւաբանական միութեան Դատական գնահատման յանձնախումբը, որ կազմուած է նահանգային եւ դաշնակցային համակարգերու փորձառու իրաւաբաններէ, կը կատարէ դատական թեկնածուներու մանրակրկիտ եւ արժանիքներու վրայ հիմնուած գնահատումներ, ներառեալ մասնագիտական ստուգումներ եւ հարցազրոյցներ: Դատաւոր Տաղլեան-Հերնանտեզ անցած է յանձնախումբի համապարփակ գնահատման գործընթացէն եւ արժանացած է «Արտակարգ բարձր որակաւորուած» գնահատումին:

Դատաւոր Տաղլեան-Հերնանտեզ 2009-էն ի վեր կը ծառայէ Օրենճ Քաունթիի Գերագոյն ատեանին մէջ: Ան նաեւ ստանձնած է պատասխանատու այլ պաշտօններ եւ ունի դատավարական եւ հանրային ծառայութեան ընդարձակ փորձառութիւն:

Քանատա

Հայութեան Ապահով Բնօրրանը` «Նարեկ» Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Կեդրոնի Բացում

Կիրակի, 20 սեպտեմբերին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 35-րդ տարեդարձի յիշատակումը եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը, որմէ ետք, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին գլխաւորութեամբ եւ ազգային երգերու նուագակցութեամբ, տեղի ունեցաւ քայլերթ մը` հայ կեդրոնէն մինչեւ նորահաստատ «Նարեկ» հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Օրուան հանդիսավար` ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի նախկին ուսանողներէն Թալին Սարգիսեան-Մուշեան ըսաւ, որ «Նարեկ» կեդրոնը նոր եւ նշանակալից էջ մը պիտի բանայ մեր համայնքի պատմութեան մէջ: Անոր դռները պիտի բացուին մեր համայնքի անդամներուն առջեւ` ստեղծելով աւելի հիւրընկալ, աշխուժ եւ միաւորող միջավայր մը, ուր պիտի շարունակենք կրթել, դաստիարակել, ստեղծագործել եւ ծառայել մեր ժողովուրդին: Ապա ան ընթերցեց նահանգապետ Տակ Ֆորտի շնորհաւորական բացիկը:

ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի խօսքը փոխանցեց կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Գույումճեան, որմէ ետք խօսք առաւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, որ հանդէս եկաւ Ժագ Յակոբեանի «Անունը` Նարեկ» բանաստեղծական տողերու յիշատակումով եւ յայտնեց, թէ Գրիգոր Նարեկացիի անմահ պատգամը այսօր նոր մարմնաւորում կը ստանայ «Նարեկ» Հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի բացումով:      ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Անի Հոթոյեան- Ժոլի: Այնուհետեւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին փունջ մը երգեր` գլխաւորութեամբ Սոնա Յովսէփեանի եւ Թալին Արթինեան-Գլըպոզեանի:

Օրուան պատգամաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, սփիւռքի ազգային զօրաշարժի պատասխանատու Տարօն Տէր Խաչատուրեան, որ Միացեալ Նահանգներէն յատուկ այս առթիւ հրաւիրուած էր:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ժապաւէններու հատում: Աւարտին Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան օրհնեց նորահաստատ կեդրոնը, ապա անդրադարձաւ կեդրոնի առաքելութեան, որ պիտի ըլլայ դարբնոցը նորահաս սերունդի մտքերուն եւ հոգիներուն, որոնք պիտի թրծուին հայութեան շունչով եւ ոգիով ու, տարուէ տարի հասակ առնելով, պիտի ըլլան երաշխիքը հայ մշակոյթին, լեզուին եւ ինքնութեան պահպանման: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց կոմիտէութեանց եւ կամաւոր ծառայողներուն, ինչպէս նաեւ Հասըրճեան ընտանիքին եւ բոլոր նուիրատուներուն, որոնց նիւթական ներդրումին շնորհիւ թորոնթոհայութիւնը ունեցաւ «Նարեկ» կեդրոնը:

Աւարտին ժողովուրդը շրջագայեցաւ «Նարեկ» կեդրոնէն ներս` դիտելու արդիական միջոցներով օժտուած դասարաններն ու սրահները:

Քուէյթ

Այցելութիւն` Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Նոր Պաշտօնեաներու Ծանօթացման Ընդունելութեան

22 սեպտեմբերին, Քուէյթի եւ Շրջակայից թեմի առաջնորդական տեղապահ Օշին վրդ. Չուալերթանեան, ընկերակցութեամբ Արտակ Ա. քհնյ. Քէհեաեանի եւ Քուէյթի Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազարէթ Քէօշկէրեանի, ներկայ գտնուեցաւ Քուէյթի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կազմակերպած նոր պաշտօնեաներու ծանօթացման ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործակատար Սթիվըն Ռ. Պաթլըրի բնակարանին մէջ: Ընդունելութիւնը առիթ եղաւ ծանօթանալու դեսպանատան նոր պաշտօնեաներուն եւ փոխանակելու բարեկամական խօսքեր ու մտքեր:

Նոյն առիթով, ծանօթացան նաեւ սրբազան Տ. Քէվին Աբերնեթիի հետ եւ ունեցան զրոյց:

Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ` փոխադարձ ծանօթացման եւ նոր կապերու հաստատման առիթ մը ստեղծելով:

Պոլիս

Հրանդ Տինքի Անուան 2026-ի Մրցանակները Յանձնուեցան

15 սեպտեմբերին, «Ակօս»-ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի ծննդեան թուականն է: 18 տարիէ ի վեր անոր ծնունդը կը յիշուի իր անունին ձօնուած մրցանակներու տուչութեան յատուկ հանդէսով:

2009-էն ի վեր, «Հրանդ Տինք» հիմնարկը կը ներկայացնէ «Միջազգային Հրանդ Տինք մրցանակ»-ը` 15 սեպտեմբերին: Արդարեւ, այս տարի եւս, սոյն հանդէսը տեղի ունեցաւ «Մուհսին Էրթուղրուլ» թատերասրահին մէջ: Նոյն օրը հրապարակուեցան 2026-ի մրցանակին արժանացողներու անունները: Դատական կազմը 2026-ի մրցանակներուն արժանի գտած էր երկու գործիչներ` մէկը Թուրքիայէն եւ միւսն ալ արտասահմանէն:

Թուրքիայէն մրցանակին արժանացած էր Սիւհէյլա Տողան, որ իր կեանքի կարեւոր մէկ հատուածը նուիրած էր բնապահպանութեան պայքարին: Տողան մրցանակը ստանալէն ետք նկարագրեց այդ պայքարը, որուն պատճառով յաճախ հարկադրուած էր դատարան ներկայանալու` իր անմեղութիւնը պաշտպանելու համար: Միջազգային ընտրանիի մրցանակակիրն էր պաղեստինցի իրաւապաշտպան Ռաճի Սուրանի: 73-ամեայ Սուրանի շուրջ 50 տարիներ պայքարած է յատկապէս Կազայի մէջ իսրայէլեան ճնշումներու դէմ: Մրցանակ ստանալէն ետք, Սուրանի նշեց, թէ անկարելի է պատկերացնել ծանրութիւնը այդ ճնշումներու, որոնք շատ անգամ կը ներկայանան մարդասպանութեան դէպքերով: Ան ըսաւ, որ ներկայիս Կազայի մէջ գործող հիւանդանոց չկայ, գործող դպրոց չկայ, ամբողջովին բացակայ է ըմպելի մաքուր ջուրը եւ իրենք զիրենք քաղաքակիրթ նկատող երկիրները բոլորովին անփոյթ են այս իրողութեան դիմաց:

Ձեռնարկին ընթացքին խօսք արտասանեց «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախագահ Ռաքէլ Տինք, որ շեշտեց խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ապա Հրանդ Տինքի նուիրուած հատորին հեղինակ Թուպա Չանտարի ըսաւ, որ երկրին հասարակութիւնը հիւանդ է հարիւր տարիէ ի վեր, իսկ այս հիւանդութեան բուժման գաղտնիքը պիտի ընդօրինակենք Հրանդի վարքէն: Ան նշեց, որ պիտի խօսինք անկեղծօրէն, առանց ուրանալու եւ անցեալին հետ համարձակօրէն առերեսուելով:

Յայտնենք, որ այս տարուան մրցանակակիրները մաս պիտի կազմեն 2027-ի դատական կազմին:

Նախորդը

Փորձ Հարցարան. Ընտրեցէք Աթոռը Եւ Բացայայտեցէք Ձեր Անհատականութեան Թաքնուած Կողմերը

Յաջորդը

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ

RelatedPosts

Պոլսոյ Մէջ Մահացաւ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը
Գաղութէ Գաղութ

Պոլսոյ Մէջ Մահացաւ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը

September 28, 2026
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 24, 2026
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.