ՆԱԽԱԳԱՀ ժոզեֆ Աուն նախանցեալ օր ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսան, որ եկած էր հրաժեշտ տալու, իր պաշտօնավարութեան աւարտին բերումով: Այս առիթով արծարծուեցան Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, շրջանային եւ լիբանանեան նորագոյն իրադարձութիւններն ու այս գծով Եգիպտոսի խաղաղարար միջնորդութեան քայլերը:
Նախագահ Աուն նաեւ ընդունեց քաղաքացիական օդանաւորդութեան խորհուրդի ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Ազիզը: Խօսակցութիւնները կեդրոնացան նշեալ խորհուրդի գործունէութեան ու անոր բարգաւաճման քայլերուն վրայ:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորած նախարարական պատուիրակութիւնը երկուշաբթի օր Ուաշինկթընի մէջ սկսաւ իր հանդիպումներուն` Միջազգային դրամական ֆոնտի եւ եւ յարակից մարզերու պատասխանատուներուն հետ: Օրակարգէն դուրս հանդիպում մը կայացաւ նաեւ վարչապետ Սալամի, լիբանանեան ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի եւ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքոթ Պեսենթի միջեւ:
ՓՈԽԱԴՐԱՎԱՐՁԵՐՈՒ հատուցման եւ 2027-ի պետական ամավարկի հարցերը պիտի քննարկուին վաղը` հինգշաբթի նախատեսուող կառավարութեան նիստի ընթացքին:
«ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ գերագոյն խորհուրդը» երէկ յայտարարեց, թէ Յորդանանի հաշեմական թագաւորութենէն ստացած է Լիբանանին մատուցուող օժանդակութեան 12-րդ բաժինը: Քսան փոխադրակառքեր ընդգրկող օժանդակութիւնը լիբանանեան պատկան մարմինին կողմէ ստանձնած է նշեալ խորհուրդի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Պասսամ Նապըլսիի ներկայացուցիչ գնդապետ Էտմոնտ Քաատօ: Փոխանցումը կատարուած է լիբանանեան Մասնաայի սահմանակէտին վրայ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպանատան մէջ նշեալ խորհուրդի փոխնախագահ Մոհամետ Մահատինի: Այս առիթով գնդապետ Քաատօ շնորհակալութիւն յայտնեց Յորդանանի պատկան մարմիններուն եւ յատկապէս թագաւորին` իր այս նախաձեռնութեան համար:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ երէկ Պէյրութի նաւահանգիստէն ստանձնած է բանակին տրամադրուող ամերիկեան զինուորական սարքերու նոր «փաթեթ», որ կ՛ընդգրկէ հինգ զինուորական փոխադրակառքեր ու «Համֆի» տիպի 47 սարքեր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ զգուշացումներ յղեց շահարկումի վեց կեդրոններու, որոնք ապօրինի գործունէութիւն կը տանին Լիբանանի մէջ:
ԿՆՈՋ եւ մանկան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան դոկտ. Ինայա Իզզէտտին երէկ շրջեցաւ հարաւային Լիբանանի Ժուայա շրջանը ու մօտէն հետեւեցաւ այդ շրջանի բնականոնացման նպաստող քայլերուն: Այս առիթով ան առաջարկեց թուայնացնել պետական հարցերու առնչուող թղթածրարները, ինչ որ կրնայ թեթեւցնել պետական հարցերու համար մայրաքաղաք Պէյրութ երթեւեկի հեւքը:


