ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
«ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿ»-Ի ՎԵՐԱՄՈՒՏ
(2026-2027)
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Արամ Ա. կաթողիկոս հայագիտական հիմնարկ»-ը 2026-2027 տարեշրջանին պիտի բոլորէ իր 14-րդ կրթական տարին` շարունակելով հայագիտական նիւթեր նոր սերունդներուն փոխանցելու իր առաքելութիւնը:
Հիմնարկը իր դռները կը բանայ բոլոր անոնց առջեւ, որոնք կը ձգտին խորացնել իրենց իմացութիւնը հայագիտութեան տարբեր բնագաւառներուն մէջ, աւելի մօտէն հաղորդ դառնալ մեր ազգային ու հոգեւոր ժառանգութեան եւ ձեռք բերած գիտելիքը ի սպաս դնել հայ կեանքին:
ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
- Դասաւանդութիւնները տեղի պիտի ունենան շաբաթը երեք օր` երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00-7:30, «Խորէն Ա.» կեդրոնին մէջ, Ֆանար:
- Լիբանանէն դուրս բնակող ուսանողներուն պիտի ընծայուի դասընթացքներուն առցանց հետեւելու կարելիութիւն, որպէսզի աշխարհագրական հեռաւորութիւնը արգելք չհանդիսանայ հայագիտական ուսման:
- Ուսումը` անվճար:
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Նոր ուսանողները արձանագրութեան համար կը ներկայանան կաթողիկոսարան` տնօրէնութեան, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00, բացի` շաբաթ եւ կիրակի օրերէն:
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Դասաւանդութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ`
- 1 լուսանկար
- Անձնաթուղթի պատճէն
- Բ. Պաքալորէայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէն
ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Կաթողիկոսարան` +961 (0) 4 410 001
Տնօրէնութիւն` +961 (0) 3 713 897
Ե-նամակ` [email protected]
Հայագիտական ուսումը` ազգային ինքնութեան պահպանման, հայ մշակոյթի ճանաչման
եւ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան կարեւորագոյն ուղիներէն մէկն է:
«ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿ»-Ի ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆՈՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 2026-2027 ուսումնակրթական տարեշրջանի նոր աշակերտներու արձանագրութիւնները սկսած են:
Դպրեվանք կ՛ընդունուին նախակրթարանի 6-րդ դասարանը աւարտած աշակերտներէն սկսեալ մինչեւ վերի կարգերու աշակերտներ:
Դպրեվանք յաճախել փափաքողները տեսչութեան հետ կրնան կապ հաստատել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն` +961 71 752259 կամ +961 71 912832:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
————————————–
Ասեղնագործութեան Անվճար Դասընթացք
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մեր նախնիներուն սուրբ եւ տոհմիկ աւանդութիւնները պահելու համար եւ զանոնք նորահաս սերունդին փոխանցելու մտադրութեամբ, հայկական ասեղնագործութեան իւրայատուկ դրսեւորումներէն` Մարաշի ասեղնագործութեան անվճար դասընթացք մը պիտի կայանայ միութեան տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպութեամբ: Ձեռագործը ուսուցանողն է տիկին Տիգրանուհի Ճինպաշեանը:
Դասընթացքը պիտի սկսի 6 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ, միութեանս «Գերմանիկ» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 6:00-էն 7:00` մէկ ամսուան տեւողութեամբ:
Փափաքող կիները կրնան կապ հաստատել միութեան գրասենեակին հետ, ամէն օր բացի շաբաթ օրերէն, հեռաձայնելով կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն 5:00, հետեւեալ թիւին` 01-269937, կամ տիկնանց միութեան անդամուհիներուն` 70-165973, 70-493270:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ



