Կան անուններ, որոնք միայն գրականութեան պատմութեան էջերուն չեն պատկանիր։ Անոնք կը խախտեն ժամանակի սահմանները, կը բնակին սերունդներու հոգիներուն մէջ եւ իրենց ստեղծագործութեան լոյսով կը շարունակեն առաջնորդել ազգային կեանքի ճանապարհը։
Այդ անմահ անուններէն մէկը, անկասկած, Դանիէլ Վարուժանն է՝ հայ բանաստեղծութեան հսկան, բառի անզուգական արուեստագէտը, հայ հողի, հայ գիւղացիի, աշխատանքի, գեղեցկութեան եւ ազգային ոգիի մեծագոյն երգիչներէն մէկը։
Իմ գրական սէրիս առաջին ու ամենախոր արմատներէն մէկը Վարուժանի աշխարհն էր, մանաւանդ՝ «Հացին երգը»։
Այնճարի գիւղացիի կեանքը ապրած, հողին հոտը շնչած եւ աշխատանքի քրտինքին արժէքը զգացած պատանի ու երիտասարդ տարիներուս, Վարուժանի բանաստեղծական պատկերները ինծի համար միայն գեղեցիկ գրականութիւն չէին։ Անոնք հարազատ կեանք էին, տեսարաններ, որոնք կը ծագէին Այնճարի մեր դաշտերէն, մեր արտերէն եւ մեր աշխատասէր ժողովուրդի առօրեայէն։
Կ՚ուզեմ առանձնացնել, սակայն, Վարուժանի գլուխգործոցներէն մէկը՝ «Հացին երգը»։
Վարուժանի «Հացին երգը»-ին մէջ ես կը գտնէի այն հողը, զոր կը մշակէր մեր գիւղացին, այն պարարտ ցորենը, որ կը խոնարհէր արեւին տակ, եւ այն հացը, որուն մէջ կային աշխատանքի քրտինքը, ընտանիքի գոյատեւումը եւ հայ ժողովուրդի տոկունութեան խորհուրդը։
Որովհետեւ ես ալ Այնճարի գիւղացի էի։ Հայրս՝ Պօղոսը, Այնճարի տափաստաններուն ու ցորենի արտերուն մէջ տքնաջան աշխատող հողագործն էր, իսկ մայրս՝ Ագնէսը, կիզիչ փուռին առջեւ՝ ամբողջ գիւղին համար կենսատու հաց պատրաստողը։
Հողին բոյրը, ցորենի ոսկեգոյն հասկերն ու մօրս թխած հացին անուշ բոյրը եղան մանկութեանս անբաժանելի յուշերն ու հոգիիս մշտատեւ ներշնչարանը։ Եւ թերեւս այդ պատճառով Վարուժանի պատկերները այդքան խոր կերպով կը հմայէին հոգիս ու ամբողջ էութիւնս։
Անոր բառերուն մէջ կը տեսնէի մեր գիւղին արտերը, մեր բազմաչարչար ժողովուրդի աշխատաւոր մարդուն ճաքճքած ձեռքերը, հողին հանդէպ ունեցած սէրն ու պաշտամունքը։
Վարուժանի բանաստեղծութիւնը ինծի համար հեռաւոր գրական աշխարհի մը ստեղծագործութիւն չէր. ան իմ ապրած կեանքիս, մանկութեանս եւ մեր ժողովուրդի գոյապայքարի բանաստեղծական արտայայտութիւնն էր։
Այդ հմայքն ու ակնածանքը տարիներ շարունակ հետս մնացին ու հարստացուցին ամբողջ ներաշխարհս։
Եւ ճակատագրի անսպասելի դասաւորումով մը, օր մը առիթը ունեցայ հանդիպելու Հայկ Վարուժանին՝ Դանիէլ Վարուժանի որդիին։ Հանդիպում մը, որուն մասին մինչեւ այսօր մտածելուս՝ հոգիս կը լեցուի անբացատրելի յուզումով։
Հրաւիրուած էի Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքը՝ Մուսա լեռան հերոսամարտի 87-ամեակի տօնակատարութեան առիթով։ Բանախօսութեանս ընթացքին արտասանեցի Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւններէն քառեակ մը։ Թերեւս այդ պահուն իսկ ճակատագիրը իր անտեսանելի նախախնամութիւնը սկսած էր հիւսել։
Խօսքիս աւարտէն ետք անակնկալօրէն իմացայ, որ Ֆրեզնոյի մէջ երկար տարիներէ ի վեր կը բնակէր նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի որդին՝ Հայկ Վարուժանը։
Այդ լուրը պարզ տեղեկութիւն մը չէր ինծի համար։ Անմիջապէս հոգիս լեցուեցաւ հետաքրքրութեամբ, յուզումով եւ խոր ակնածանքով։ Ինչպիսի՞ մարդ էր Հայկը, որ իր կեանքով կը շարունակէր կրել հայոց մեծ բանաստեղծին անունն ու ժառանգութիւնը։ Ի՞նչ յիշատակներ, ի՞նչ պատմութիւններ եւ ի՞նչ մասունքներ կը պահէր իր հոգիին ու տունին մէջ՝ հօրմէն իրեն մնացած։
Եւ այսպէս, նախապէս պայմանաւորուելով, տիկնոջս՝ Ժիւլիէթին հետ ուղղուեցանք Սելեստ փողոցին վրայ գտնուող Հայկ Վարուժանի տունը։
Դռան առջեւ մեզ կը սպասէր ալեհեր Հայկը։
Այդ պահուն հոգիիս մէջ ժամանակը կարծէք կանգ առաւ։
Հայկ Վարուժանի դիմաց կանգնած՝ ակամայ մտովի վերադարձայ դէպի 1915 թուականը, դէպի այն սեւ ու քստմնելի օրերը, երբ հայ ժողովուրդի մտաւորական ընտրանին բռնութեամբ արմատախիլ կ՚ըլլար իր ժողովուրդէն։
Եւ ահա իմ դիմաց կանգնած էր մարդ մը, որ ծնած էր այդ մեծ ողբերգութեան անմիջական շարունակութեան մէջ։
Մարդ մը, որ լոյս աշխարհ եկած էր հօր նահատակութենէն ամիսներ ետք։
Մարդ մը, որ երբեք չէր ճանչցած իր հայրը, բայց ամբողջ կեանքին ընթացքին կրած էր անոր անունին ու յիշատակին լոյսն ու ծանրութիւնը։
Այդ պահուն Հայկ Վարուժանի դէմքին ընդմէջէն կարծէք կը նշմարէի զինք՝ Դանիէլ Վարուժանը։
Կը մտածէի. եթէ Վարուժանը ապրած ըլլար, ի՞նչ նոր գանձերով պիտի հարստանար հայ գրականութիւնը, ի՞նչ նոր հանճարեղ պատկերներով պիտի ազնուանային հայ սերունդներու հոգիները, ի՞նչ հզօր ազգային երգեր պիտի ծնէին անոր քնարին տակ։
Բայց պատմութիւնը, դժբախտաբար, հայ ժողովուրդէն խլեց ոչ միայն մարդ մը, այլեւ հանճար մը, որ տակաւին իր ստեղծագործական գագաթնակէտերուն պիտի հասնէր։
Հայկ Վարուժանի տունը ինքնին արուեստի աշխարհ մըն էր։ Պատերը զարդարուած էին իր գեղանկարներով, իսկ բնակարանը կարծէք փոքրիկ ցուցասրահի մը վերածուած էր։
Համեստ ժպիտով մը ան պատմեց, թէ հօր նման բանաստեղծական մեծ տաղանդ չէ ունեցած, սակայն արուեստի հանդէպ ունեցած սէրը ուրիշ կերպով արտայայտած է՝ գեղանկարչութեան ճամբով։
Եւ այդտեղ դարձեալ զգացի, թէ արուեստը երբեմն սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի ոչ միայն բառով, այլեւ հոգեկան ապրումով ու զգայունութեամբ։
Բանաստեղծ հօր արուեստի սէրը որդւոյն մէջ վերածուած էր գոյնի, խօսքը՝ պատկերի, երգը՝ գեղանկարի։
Մեր երկար ու մտերմիկ զրոյցին ընթացքին Հայկ Վարուժան պատմեց իր մօրմէն լսած յիշատակներուն, որբանոցային տարիներուն եւ իր հօր ողբերգական ճակատագրին մասին։
Ամէնէն յուզիչ պահերէն մէկը այն եղաւ, երբ ան ցոյց տուաւ հօրմէն իրեն մնացած մասունքը՝ ծխամորճը։
Պատին վրայ, շրջանակի մը մէջ պահուած այդ փոքրիկ առարկան սովորական ծխամորճ մը չէր։ Ան Դանիէլ Վարուժանի շրթներուն դպած մասունք մըն էր։
Այդ ծխամորճին դիմաց կանգնած՝ ակամայ մտածեցի, թէ երբեմն պատմութեան ամենամեծ ողբերգութիւնները կը խտանան ամենափոքրիկ առարկայի մը մէջ, ինչպէս հօրս չորցած նարինջը։
Այդ ծխամորճին մէջ ես կը տեսնէի ամբողջ կեանք մը։
Կը տեսնէի Պոլիսը։
Կը տեսնէի հայ մտաւորականութեան ոսկեդարը։
Կը տեսնէի բռնագաղթը, չարչարանքը եւ մեր ժողովուրդի նահատակութիւնը։
Եւ միաժամանակ կը տեսնէի հայ ժողովուրդի աննկուն ոգին, որովհետեւ Վարուժանը սպաննուեցաւ, բայց իր խօսքն ու ոգին մնացին կենդանի։
Իր մարմինը սպաննեցին, բայց իր բանաստեղծութիւնը մնաց յաւերժ զնգացող ղօղանջ մը, եւ այդ բանաստեղծութիւնը շարունակեց ապրիլ հայոց հոգիին ու ապրումներուն մէջ։
Դանիէլ Վարուժանը մեր գրականութեան մէջ միայն մեծ բանաստեղծ մը չէ։ Ան հայութեան կենսական, զօրեղ գիւղին երգիչն է։
Ան երգեց հողը, արեւը, աշխատանքը, սէրը, գեղեցկութիւնը, մարմինն ու հոգին, հայ մարդու ստեղծագործ ուժը։
Ան հայ գիւղացին տեսաւ ոչ իբրեւ խեղճացած ու ճնշուած մարդ, այլ իբրեւ խաչբուռ հիւսող եւ ստեղծագործ կամքի տէր ուժ։
Այդ է «Հացին երգը»-ի մեծ խորհուրդը։
«Հացին երգը» Վարուժանի ստեղծագործութեան մէջ սնունդի մասին միայն չէ։
Հացը աշխատանք է։
Հացը քրտինք է։
Հացը հողին հետ մարդու դարաւոր կապն է։
Հացը ապրելու իրաւունքն է։
Ե հացը, վերջապէս, ժողովուրդի գոյատեւման խորհուրդն է։
Թերեւս այդ պատճառով էր, որ Այնճարի գիւղացի պատանիի հոգիս այդքան խոր կապուեցաւ Վարուժանի աշխարհին։
Ես կը հասկնայի այդ լեզուն։
Ան իմ գիւղիս լեզուն էր։
Ան մեր արտերու լեզուն էր։
Ան այն մարդոց լեզուն էր, որոնց ճաքճքած ձեռքերը հողին մէջ էին, իսկ աչքերը՝ դէպի երկինք։
Եւ այդ հողասէր ու կենսապաշտ բանաստեղծին մէջ ես կը գտնէի նաեւ հայ մարդու ազգային հպարտութիւնը եւ նոր հայրենիք կերտելու անսպառ կամքը։
Հայկ Վարուժանի հետ հանդիպումս, սակայն, միայն անցեալի մասին զրոյց մը չէր։ Ան ինծի համար հանդիպում էր պատմութեան շարունակութեան հետ։
Ան կը հաստատէր, որ Ցեղասպանութեան նպատակը ոչ միայն հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան ոչնչացումն էր, այլեւ անոր ստեղծագործ միտքը, մշակոյթն ու հոգեւոր ուժը լռեցնելը։
Սակայն Վարուժանի անունը այսօր կը շարունակէ ապրիլ։
Ապրիլ՝ իր գրականութեամբ։
Ապրիլ՝ իր ստեղծած պատկերներով։
Ապրիլ՝ հայ դպրոցներուն մէջ։
Ապրիլ՝ հայ երիտասարդութեան հոգիներուն մէջ։
Եւ ապրիլ՝ բոլոր անոնց մէջ, որոնք երբ կը կարդան «Հացին երգը», հողին բոյրը կը զգան, արեւին ջերմութիւնը կը տեսնեն եւ հայ գիւղացիին ստեղծագործ ձեռքերը կը պատկերացնեն։
Յուզիչ էր նաեւ Հայկ Վարուժանի պատրաստակամութիւնը՝ իր գեղանկարչական գործերէն մէկը նուիրելու հեռաւոր Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժարանի աշակերտութեան։
Այդ պատրաստակամութիւնը միայն գեղանկար մը նուիրելու ժեստ չէր։ Ան սերունդներուն փոխանցուող պատգամ մըն էր։
Պատգամ մը, որ արուեստը եւ ազգային ժառանգութիւնը պէտք է շարունակուին։ Որ նորահաս սերունդը պէտք է ճանչնայ իր մեծերը։ Որ Վարուժանի անունը պէտք է մնայ ոչ միայն դասագիրքերու մէջ, այլեւ ապրող ներկայութիւն՝ ազգի գիտակցութեան մէջ։
Այդ յիշատակելի հանդիպումէն ժամանակ մը ետք, Ֆրեզնոյէն եկած հեռաձայն մը խռովեց հոգիս. ընկերս կը գուժէր Հայկ Վարուժանի մահուան տխուր լուրը։
Այդ պահուն դարձեալ մտքէս անցաւ մեր հանդիպումը։
Դռան առջեւ սպասող ալեհեր մարդը։
Արուեստով լեցուն տունը։
Հօր ծխամորճը։
Մօր պատմած ողբերգական յուշերը։
Եւ, ամէնէն աւելի, այն աներեւակայելի ճակատագիրը, որ Հայկ Վարուժանը կը կապէր Հայոց ցեղասպանութեան ամենասեւ օրերուն։
Հայկ Վարուժանը մեկնեցաւ։ Բայց այդ հանդիպումը մնաց իմ յիշողութեան մէջ՝ որպէս բացառիկ հոգեկան ապրում մը։
Մնաց նաեւ աւելի խորացած ակնածանքս Դանիէլ Վարուժանի հանդէպ։ Որովհետեւ Վարուժանը միայն անցեալի մեծութիւն մը չէ. ան մեր ներկան է, մեր ազգային հոգիին կենդանի ձայներէն մէկը։
Եւ քանի դեռ հայ գիւղացին հողը կը սիրէ, քանի դեռ հայ մարդը իր քրտինքով հաց կը ստեղծէ, քանի դեռ հայ երիտասարդ մը կը կարդայ Վարուժանի տողերը եւ հմայուած կը մնայ անոր պատկերներով, Դանիէլ Վարուժանը պիտի շարունակէ ապրիլ։
Իսկ ինծի համար՝ Այնճարի գիւղացիի հոգիով մեծցած հայուս համար, Վարուժանի աշխարհին դուռը բացող կախարդական բանալին միշտ պիտի մնայ «Հացին երգը»։
Այդ երգին մէջ ես գտայ ոչ միայն բանաստեղծը, այլեւ հողը, աշխատանքը, հայ գիւղացին, հայրենիքի կարօտը եւ հայ ժողովուրդի անսպառ ապրելու կամքը։
Եւ այդ պատճառով ալ՝
Փա՜ռք Դանիէլ Վարուժանի անմար հանճարին։
Փա՜ռք հայ գրականութեան այդ հսկային, որուն մարմինը նահատակուեցաւ,
բայց խօսքը դարձաւ անմահութիւն։



