Փարիզի կեդրոնին մէջ երէկ Հռոմի պապ Լեւոն ԺԴ. պապին մասնակցութեամբ մեծ բացօթեայ պատարագ տեղի ունեցաւ: Քոնքորտի հրապարակին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան աւելի քան 600 հազար մարդ մասնակցեցաւ:
Մարդիկ արդէն ժամեր առաջ սկսան հաւաքուիլ Էլիսէի դաշտերու յարակից հատուածներուն:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պատարագին չմասնակցեցաւ: Ներկաներու շարքին եղան նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, Մարին Լը Փեն եւ նախկին վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ:
Լեւոն ԺԴ. պապը Ֆրանսայի մէջ կը գտնուէր քառօրեայ այցելութեամբ:


