ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Թուրքիոյ աճող հետաքրքրութիւնը` օսմանեան դարաշրջանի պատմական Հիժազի երկաթուղին (Կոստանդնուպոլիսը կապելու Հիժազին) վերականգնելու հանդէպ, պայմանաւորուած է աշխարհաքաղաքական, աշխարհատնտեսական եւ ռազմավարական հաշուարկներու հետ: Պատմականօրէն երկաթուղին կը ներկայացնէր կապակցութիւնը Օսմանեան կայսրութեան արեւմտեան նահանգներէն մինչեւ Արաբական թերակղզի` Դամասկոսը, Ամմանը եւ Մատինան միացնելով միասնական փոխադրական եւ քաղաքական տարածքի մը ներքեւ: Այսօր Անգարան այս միջանցքով կը հետապնդէ երկու հիմնական նպատակ. նախ եւ առաջ ան այս ծրագիրը կը դիտէ իբրեւ առիթ մը` պատերազմէն ետք Սուրիան վերածելու համար Թուրքիան Յորդանանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի շուկաներուն կապող տարանցիկ միջանցքի մը. երկրորդ` ան կը նպատակադրէ մօտենալ Սէուտական Արաբիոյ` սկսելու համար այլընտրանքային միջանցք մը, որ կրնայ փոխարինել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ նախաձեռնուած եւ Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ աջակցութիւն վայելող Հնդկաստան-Միջին Արեւելք-Եւրոպա միջանցքը (IMEC/ՀՄԱԵՄ), որ կը շրջանցէ Թուրքիոյ տարածքը:
Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Յորդանանի միջեւ վերջին համաձայնութիւնները` երկաթուղիի ենթակառուցուածքը արդիականացնելու նպատակով, կ’արտացոլացնեն Անգարայի փափաքը` հաստատելու հիւսիս-հարաւ առեւտրական առանցք մը, որ Եւրոպան կը կապէ Ծոցին: Տնտեսականէն անդին` երկաթուղիին վերածնունդը կը ծառայէ նաեւ Թուրքիոյ շրջանային տեսլականին. վերահաստատել ազդեցութիւնը նախկին օսմանեան տարածքին վրայ (մասնաւորապէս` արեւելեան Միջերկրականի, յատկապէս` Սուրիոյ մէջ)` ենթակառուցուածքային դիւանագիտութեան, վերակառուցումի եւ տնտեսական կախուածութեան միջոցով: Այս իմաստով, երկաթուղին ոչ միայն փոխադրութեան ծրագիր մըն է, այլեւ մաս կը կազմէ Թուրքիոյ ռազմավարութեան` ինքզինք վեդադիրքաւորելու իբրեւ անհրաժեշտ աշխարհատնտեսական կամուրջ Եւրոպայի եւ Պարսից ծոցին միջեւ:
Հաւասարակշռել Հնդկաստան-Միջին Արեւելք-Եւրոպա Միջանցքը (ՀՄԱԵՄ)
Հիժազի երկաթուղիի վերածնունդը կ՛առաջարկէ այլընտրանքային աշխարհագրութիւն մը. փոխանակ Իսրայէլէն եւ արեւելեան Միջերկրականէն անցնելու` առեւտրական ապրանքները կրնային շարժիլ Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ հաւանաբար Սէուտական Արաբիոյ ընդմէջէն: Անգարայի տեսանկիւնէն, ասիկա կը ստեղծէ մրցակից մայրցամաքային միջանցք մը, որ կը նուազեցնէ Իսրայէլի կեդրոնական դերը շրջանին մէջ` միաժամանակ ուժեղացնելով թրքական ազդեցութիւնը Ծոց-Եւրոպա առեւտուրին վրայ: Ըստ թուրք փորձագէտ Մուրաթ Սոֆուօղլուի, Միացեալ Նահանգներ-Իրան տագնապը եւ Հորմուզի նեղուցի խոցելիութիւնը աւելի պիտի արագացնեն այս նախաձեռնութեան իրագործումը: Գաղափարը նաեւ թափ ստացաւ Ծոցի երկիրներուն վերանորոգուած հետաքրքրութենէն` ցամաքային կապակցութեան նկատմամբ:
Այս ծրագիրը կը հակասէ ՀՄԱԵՄ-ի տրամաբանութեան, որ սկզբնապէս մշակուած էր Հնդկաստան-Ծոց-Իսրայէլ-Եւրոպա ծովային եւ ցամաքային ուղիի առանցքին շուրջ, որ կը շրջանցէ Թուրքիան ու Սուրիան: ՀՄԱԵՄ-ի ռազմավարական հիմնաւորումը կը յենի Ծոցի` Միջերկրականին հետ Իսրայէլի միջոցով տնտեսական կախուածութիւն ստեղծելու, շրջանին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դիրքը ամրապնդելու, «Աբրահամի համաձայնագիրներ»-ուն ներքեւ բնականոնացման ալիքը ընդարձակելու եւ Միջին Արեւելքի մէջ Չինաստանի «Մէկ գօտի եւ մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան առնչուող ծրագիրները զսպելու վրայ:
Սակայն շրջանի կարեւոր դերակատարներ կ՛ընդդիմանան այս նախաձեռնութեան: Թուրքիան բացայայտօրէն կ՛ընդդիմանայ ՀՄԱԵՄ-ին, եւ նախագահ Էրտողան առիթով մը յայտարարեց. «Առանց Թուրքիոյ` միջանցք չկայ»: Սէուտական Արաբիան ալ վարանումի մէջ է միանալու առումով, քանի որ պատրաստ չէ Իսրայէլի հետ դիւանագիտական բնականոնացման` առանց պաղեստինեան հարցի լուծման: Այս երեւոյթը կ՛արտացոլացնէ Անգարայի ու Ռիատի մերձեցումը, Սուրիոյ մէջ իրենց շահերու համընկնումը եւ Իսրայէլ-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ առանցքին հանդէպ իրենց աճող մտահոգութիւնը: Այս մարտավարական համագործակցութիւնը հետագային ամրապնդուեցաւ եւ յանգեցուց Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի միջեւ եռակողմ անվտանգային համագործակցութեան մը զարգացման: Շրջանէն տնտեսապէս մեկուսացուելու մտավախութեամբ, Իսրայէլ պիտի ձգտի խափանելու այս ծրագիրը եւ աւելի անկայունացնելու հարաւային Լիբանանն ու Սուրիան:
Ո՞ւր է Լիբանանը աշխարհատնտեսական այս ճակատումին մէջ
Սուրիոյ համար թրքական ծրագիրը կը նշանակէ վերստանալ իր պատմական դերը` իբրեւ ցամաքային կամուրջ: Սուրիոյ փոխադրութեան նախարարը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ 2011-էն առաջ բեռնափոխադրական երկաթուղի մը կը կապէր Թարթուսի նաւահանգիստը Իրաքի Ում Քասր նաւահանգիստին հետ, Պաղտատի ընդմէջէն: Դամասկոս աշխուժօրէն կը փնտռէ Համաշխարհային դրամատան օգնութիւնը` ֆինանսաւորելու համար ենթակառուցուածքային եւ կապակցութեան նախագիծներ, որոնց նպատակն է նպաստել վերակառուցելու իր երկաթուղիները, որոնք ժամանակին կապուած էին իր նաւահանգիստներուն հետ: Քաղաքականօրէն թրքական-սէուտական համաձայնութիւնը կրնայ նուազեցնել էմիրաթական ազդեցութիւնը Դամասկոսի վրայ:
Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ ծովային համաձայնագիրին ստորագրութիւնը դիւանագիտական լարուածութիւն յառաջացուց Պէյրութի եւ Անգարայի միջեւ: Այս մտահոգութիւնը վերջերս փոխանցուեցաւ լիբանանցի պաշտօնեաներուն` թրքական պաշտօնեաներու հետ բարձր մակարդակի հանդիպումներու ընթացքին: Հետաքրքրական է, որ Լիբանան, ՀՄԱԵՄ-ին միանալու հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը յայտնելէ ետք, անակնկալօրէն մաս դարձած է թրքական-սէուտական ծրագիրին` Թրիփոլիի նաւահանգիստին հետ կապուած ծրագիրներով եւ Թրիփոլին Սուրիոյ սահմանին կապող երկաթուղիի վերականգնումի նախագիծին միջոցով: Լիբանանեան իշխանութիւնները վերջերս սկսան երկաթուղիի վերականգնման նախաձեռնութեան առաջին փուլին, որուն նպատակն է Թրիփոլին կապել աւելի լայն շրջանային փոխադրական ցանցերու հետ, որոնք կ՛երկարին դէպի Սուրիա, Թուրքիա, Յորդանան եւ Սէուտական Արաբիա (որ հաւանաբար նախագիծին գլխաւոր ֆինանսաւորողը պիտի ըլլայ): Ասիկա նշանակալիօրէն կ՛աւելցնէ Թուրքիոյ հետաքրքրութիւնը հիւսիսային Լիբանանի նկատմամբ, քանի որ Թրիփոլին կրնայ վերածուիլ Միջերկրականի գումակային կեդրոնի մը: Անգարան երկար ժամանակէ ի վեր կը մշակէ տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական ազդեցութեան ծրագիրներ հիւսիսային Լիբանանի, մասնաւորաբար Թրիփոլիի մէջ, եւ երկաթուղիի կապակցութեան վերականգնումը կրնայ քաղաքը ներառել աւելի լայն, թրքական աջակցութեամբ շրջանային տնտեսական նախագիծի մը մէջ: Լիբանանի համար ասիկա կրնայ տնտեսական առիթներ ստեղծել` տարանցիկ առեւտուրի, նաւահանգիստի գործունէութեան, վերաշինութեան հոսքերու եւ շրջանային համարկումի միջոցով:
Սակայն ասիկա նաեւ վտանգ կը ներկայացնէ` Լիբանանը աւելի խոր կերպով ներքաշելով շրջանային աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան մէջ, մասնաւորաբար երբ Ծոցի մրցակից դերակատարները ազդեցութիւն կ՛ուզեն ունենալ նաւահանգիստներուն, ենթակառուցուածքին եւ պատերազմէն ետք Սուրիոյ վերաշինութեան վրայ: Այստեղ կրնանք հարց տալ, թէ արդեօք շրջանը ականատես կը դառնա՞յ սէուտական-թրքական դասաւորումի մը ի յայտ գալուն` ընդդէմ Էմիրաթակեդրոն առանցքի մը: Թէեւ Սէուտական Արաբիա-Թուրքիա-Փաքիստան դաշինքը տակաւին գետնի վրայ մեծ քննութեան մը չենթարկուեցաւ, սակայն այս մերձեցումին ընդմէջէն շրջանային կապակցութեան, տնտեսական համագործակցութեան շուրջ դրական ազդանշաններ կան: Ի հակադրութիւն` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները աւելի կեդրոնացած են ծովային ցանցերու, ռազմավարական նաւահանգիստներու եւ ՀՄԱԵՄ-ի հետ առնչուող ենթակառուցուածքներուն վրայ, որոնք կ՛ամրապնդեն Ծոց-Իսրայէլ-Միջերկրական կապակցութիւնը: Այս տարբերութիւնը կրնայ ձեւաւորել արեւելեան Միջերկրականի ուժերու աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը:
Եզրափակիչ մտածումներ
Լիբանանի համար շրջանային մրցակից առանցքները կրնան խորացնել ներքին քաղաքական բեւեռացումը, որովհետեւ գաղտնիք մը չէ, որ ներքին խմբաւորումները կը դասուին օտար հովանաւորներու կողքին` շրջանային հարցերուն մէջ: Այս բեւեռացումը Լիբանանը պիտի մեկուսացնէ շրջանային տնտեսական ծրագիրներէն եւ լարուածութիւն պիտի ստեղծէ Սուրիոյ հետ: Իսրայէլի համար թրքական-սուրիական-յորդանանեան-սէուտական ցամաքային միջանցքի հաւանական ի յայտ գալը ռազմավարական մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէ` քանդելով անոր դիրքը իբրեւ Եւրոպան Ծոցի երկիրներուն կապող տնտեսական կամուրջ եւ արգիլելով, որ ան իր ռազմական հզօրութիւնը տնտեսական լծակի վերածէ: Այս մրցակցութիւնը ենթակառուցուածքային մրցակցութիւն մը չէ, այլ` մրցում մը, թէ ո՛վ պիտի հեղինակէ Մերձաւոր Արեւելքի յաջորդ աշխարհաքաղաքական քարտէսը:
Այս մրցակցութիւնը նաեւ Ուաշինկթընը դժուար կացութեան մը մէջ կը դնէ: Միացեալ Նահանգները դիւրութեամբ չեն կրնար իրենց ամբողջ ծանրութիւնը մէկ միջանցքային նախաձեռնութեան ետեւ դնել` միւսին դէմ, իրենց աւանդական շրջանային դաշնակիցները մէկդի ձգելով: Ամերիկացի քաղաքականութիւն մշակողներուն համար աւելի հաւանական ուղին միասնական ռազմավարութիւններ հետապնդելն է` փորձելով, որ անոնք զիրար ամբողջացնեն: Այս մօտեցումին յաջողութեան համար պիտի պահանջուի, որ Միացեալ Նահանգները քաղաքականապէս ներդրում կատարեն Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ բնականոնացումը յառաջ մղելու համար, ինչպէս նաեւ ճնշում բանեցնեն Իսրայէլի վրայ` պաղեստինեան պետութեան ստեղծման հետ առնչուող զիջումներու դիմելու համար, քանի որ երկուքն ալ կը մնան որեւէ երկարատեւ շրջանային կապակցութեան ծրագիրի նախապայմաններ:
Այս պատկերին վրայ աւելցնելով Միացեալ Նահանգներ-Իրան շարունակուող լարուածութիւնը` կրնանք ըսել, որ Թուրքիոյ համար խուսանաւման տարածքը ընդլայնած է` թոյլ տալով Անգարային, որ յառաջ մղէ իր սեփական աշխարհատնտեսական շահերը` արեւելեան Միջերկրականի քաղաքական ու տնտեսական քարտէսը ձեւաւորելու հարցին մէջ: Սակայն ասիկա հետեւեալ հարցը կը ձգէ չլուծուած. կրնա՞յ Թուրքիոյ կողմէ Հիժազի երկաթուղիին վերածնունդը վերածուիլ ներառական կապակցութեան ծրագիրի մը, որ իր մէջ պիտի ներառէ մրցակից նախաձեռնութիւնները, թէ՞ ան դատապարտուած է ձախողութեան եւ պիտի խորացնէ շրջանի մէջ բեկումը` այդտեղ լրացուցիչ լարուածութիւններ ստեղծելով:
Ծանօթ.- Նշուած յօդուածը հրատարակուեցաւ անգլերէնով, յուլիս 30-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Իսամ Ֆարեսի անուան Հանրային քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւնների կեդրոնի կայքին մէջ:


