Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 24, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը կը մերժեն ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը ներկայ տեսքով նոյնիսկ կարճ ժամանակով երկարաձգելը, եթէ մտադրութիւնը նոյն ուժերն ու նոյն լիազօրութիւնները պահելն է: Կը պահանջուի փոփոխութեան ենթարկել առաքելութեան բնոյթը, անոր գործունէութեան մեթոտները եւ լիազօրութեան սահմանները»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «փորձնական շրջաններու քննարկումը գործնականին մէջ վերջ գտաւ, եւ փորձին մահը գուժուեցաւ, երբ ան բախեցաւ այն իրողութիւններուն, զորս պէտք էր փորձարկէր»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ասաս Միտիա»-ին. «Լիբանանեան կողմը հիմա շահ չի տեսներ յաջորդ հոկտեմբերին` Քնեսեթի ընտրութիւններէն շաբաթներ կամ օրեր ետք, բանակցութիւններու փուլ կատարելու մէջ, եւ կը նախընտրէ, որ անիկա տեղի ունենայ այս ժամկէտի աւարտէն ետք, նոյնիսկ եթէ ատիկա ժամանակ պահանջէ, որովհետեւ իսրայէլացիները պատրաստ չեն որեւէ բան տալու»:

. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ» կը հաղորդէ, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն կը զօրակցի Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան եւ կը սպասէ կուսակցութեան կողմէ իր զէնքը յանձնելու վերաբերեալ հրապարակային յայտարարութեան մը կամ դիրքորոշման մը, սակայն կը մերժէ զէնքին վերաբերեալ կառավարութեան որոշումներէն ետդարձ կատարելու կամ բանակցութիւնները դադրեցնելու Հըզպալլայի նախապայմանները, որոնք, նախագահին խօսքով, տեղի պիտի չունենան:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին յայտնած են, որ իրենց վերլուծութեան համաձայն, աշխատաւորական միութիւններու ձեռնարկած մագլցումն ու վատթարացող տնտեսական ու ապրուստի պայմաններու դէմ բողոքի ցոյցերու սպառնալիքները կը համընկնին նախագահութեան եւ շիի երկեակին միջեւ քաղաքական լուրջ վէճին: Աղբիւրները նշած են, թէ աշխատաւորական միութիւններու շարժումները ղեկավարող քանի մը հիմնական դէմքեր կապուած է շիի երկեակի քաղաքական ուժերուն, մասնաւորաբար խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան քուլիսներուն մէջ  նախարար Ճօ Ստիի «հրաժարական» բառը տակաւին չէ արտաբերուած, եւ կուսակցութիւնը ունի բազմաթիւ տարբերակներ, որոնց կրնայ ձեռնարկել, եթէ կառավարութիւնը չարձագանգէ նախարար Ստիի ուժանիւթի թղթածրարին վերաբերեալ պահանջներուն, մասնաւորաբար` պետութեան Լիբանանի Ելեկտրականութեան ընկերութեան ունեցած պարտքերուն վերաբերեալ:

 

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի

Յաջորդը

Ռաատ. «Հըզպալլան Կ՛ուզէ, Որ Նախագահը Կառավարէ Սահմանադրութեան Բնագիրին Եւ Ազգային Համաձայնութեան Փաստաթուղթին Համապատասխան Ու Պահպանէ Ազգային Միասնականութիւնը»

RelatedPosts

Շարհ. «Աշխատանք Կը Տանինք Կարելի Եղածին Չափ Լիբանանեան Կառավարութեան Օգնելու»
Լիբանանեան

Շարհ. «Աշխատանք Կը Տանինք Կարելի Եղածին Չափ Լիբանանեան Կառավարութեան Օգնելու»

September 24, 2026
Միւֆթի Տրիան. «Լիբանանի Մէջ Կայունութիւն  Պիտի Չըլլայ, Եթէ Նախագահ Չընտրուի  Եւ Արդիւնաւէտ Կառավարութիւն Չկազմուի»
Լիբանանեան

Ըստ «Ախպար»-ի. Տար Ֆաթուան Մերժած Է Թրքական Դիւանագիտական Պատուիրակութեան Մը Միւֆթի Տրիանի Հետ Հանդիպումի Ժամադրութիւն Տալ

September 24, 2026
Դեսպան Պաղտասարեան Այցելեց Նախարար Զէյնի
Լիբանանեան

Դեսպան Պաղտասարեան Այցելեց Նախարար Զէյնի

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.