Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահովելու որեւէ հրապարակագրական փորձ բնականաբար կանգ կ՛առնէ եւ կը կեդրոնանայ հանրապետութեան անկախ կարգավիճակի գոյատեւման դիմաց երեւցող մարտահրաւէրներուն վրայ:
Անկախութիւնը գերիշխան կարգավիճակ կ՛ենթադրէ, ինքնուրոյն որոշում կայացնելու կարողութիւն, անխախտ սահմաններ եւ այդ բոլորի պահպանման համար արտաքին հաւասարակշիռ քաղաքականութեան կիրարկում:
Պաշտօնական Երեւանը այսօր անկախութիւնը կ՛ուզէ ընկալել բացառապէս Ռուսիոյ դաշնութեան ազդեցութենէն դուրս գալու գործընթացով: Խնդիրը սակայն միայն ռուսական ազդեցութիւնը չէ կամ տարբեր ռազմավարական ոլորտներու առումով Մոսկուայէն կախեալ ըլլալու երեւոյթը:
Հարցադրումի ճամբով քննարկումի նիւթ է Սիւնիքի նոր հաղորդուղիներու բանեցման պարագային, հայաստանեան տարածքներով անցնող ամէն տեսակի ապրանքաշրջանառութիւն թէ երկաթուղիով կամ խողովակաշարերու ճամբով արտահանում-ներածումի շահին ուղղորդումը դէպի ամերիկեան ընկերութիւններ:
Գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը ինքնիշխան տարածքներ կ՛ենթադրեն: Ազրպէյճան ներխուժած է հայաստանեան գերիշխան տարածք եւ չի պատրաստուիր հեռանալու այդ տարածքներէն:
Երեւանը կը նախապատրաստուի փոխել Սահմանադրութիւնը: Այս պահանջը վաղուց կ՛արծարծեն Անգարան եւ Պաքուն, պայմանականացնելով խաղաղութեան գործընթացի յաջողութիւնը կամ համաձայնագիրներու ստորագրումը Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ: Ինքնուրոյն որոշում տալու գերիշխան իրաւունքէն հեռու է յայտնապէս այս իրականութիւնը:
Վերանկախացումը կ՛ենթադրէ Անկախութեան հռչակագիր. անոր յղում կատարած է այն Սահմանադրութիւնը, որուն զանազան իրաւադրոյթներուն դէմ կ՛արտայայտուին իշխանութիւնները:
Անկախութեան հռչակագիրը ունի այնպիսի կէտեր, զորս սահմանադրազերծելու ծրագիր ունի իշխանութիւնը:
Անկախութեան օրը կը նշուի ներխուժուած տարածքներով, թուրքեւազրպէյճանական կողմի պահանջներու ընդառաջումներու յանձնառութիւններով եւ Մոսկուա-Արեւմուտք առճակատումներուն միջեւ ոչ անպայման հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելու տուեալներով:
Անկախ պետականութիւնը բացարձակ արժէք է, որմէ նահանջ կատարելու որեւէ տրամադրութիւն, առաւել եւս առնուող քայլ, ընդունելի չի կրնար ըլլալ անկախօրէն գոյատեւելու կամք արտայայտած ժողովուրդին կողմէ:
Գերիշխանութիւնը պահպանելը մեր պարագային պայմանաւորուած է նաեւ աշխարհաքաղաքական ճակատումներուն մէջ չներքաշուելու, հաւասարակշիռ արտաքին քաղաքականութիւն վարելու հմտութեան տիրացած պետութեամբ: Ներազգային առումով ազգը համախմբելու կարողականութիւնը ունենալու պայմանին կողքին:


