. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Փարիզի մէջ բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովի նախապատրաստական ժողովի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպանները, ինչպէս նաեւ Քանատայի եւ շարք մը արեւմտեան պետութիւններու եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները բաւարարուեցան դիտարկումներ կատարելով` խոստանալով իրենց պետութիւններուն զեկուցումներ ներկայացնել, առանց խորհրդաժողովի որեւէ թուական ճշդելու»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահը դիտաւորեալ կերպով յստակ ուղերձ յղեց այն երկիրներուն, որոնք կը կասկածին լիբանանեան պետութեան մտադրութիւններուն, ինչ որ օգնութիւնները ետ կը պահէ, եւ զանոնք պատասխանատու նկատեց բանակի զինման ու աջակցութեան հոլովոյթը խանգարելով պետութեան ջանքերու յառաջընթացի ձգձգման համար»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլ Իտալիոյ տեղեկացուց, թէ ինք եւ Միացեալ Նահանգները վերջնականապէս համաձայնած են ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մնալը չարտօնելու, եւ թէ առաջարկուող ուժերը պէտք չէ ներառեն ֆրանսացիները եւ պէտք է ըլլան «ՖԻՆԻՒԼ+», այսինքն` առաքելութիւններով, որոնք հսկողութենէն անդին պիտի անցնին»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Միջազգային ուժերու լիազօրութեան աւարտին յաջորդող փուլին վերաբերեալ ֆրանս-իտալական նախաձեռնութիւնը տակաւին չի յաջողիր, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլ կը մերժեն եւրոպական քաղաքային-զինուորական առաքելութիւն մը ուղարկել Լիբանան եւ ֆրանսացիները չներառելու վրայ կը պնդեն»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Այլեւս յստակ դարձաւ, թէ Իսրայէլ կը ջանայ «Դեղին գիծ»-ի ծիրը դէպի նոր շրջաններ ընդլայնել` կիրարկելով աստիճանական յառաջխաղացքի եւ ռազմավարական դիրքերու քանդման գործելաձեւը` սկսելով Մանսուրիէն եւ հասնելով Ալի Թահեր բարձունքներու մերձակայքին մէջ ընդլայնուելուն, եւ կը ծրագրէ 20 ռազմակայաններ ստեղծել»:
. ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Նիւ Եորք` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի 81-րդ Ընդհանուր ժողովին:
-95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 92000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.810.000 լ.ո.-ի եւ 2.828.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 127000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.768.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.221.000 լ.ո.:


