Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Կարտիըն»-ի. Ուաշինկթըն Օմանի Մէջ Հուսիներու Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք Որոշած Է Սէուտական Արաբիոյ Չօգնել

September 18, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի դիւանագէտներ շաբաթավերջին Օմանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցած են հուսիներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ անոնց հետ քննարկած Կարմիր ծովուն մէջ լարուածութիւնը: Այս մասին «Աքսիոս»-ին յայտնած է շրջանային լաւատեղեակ աղբիւր մը:

Աղբիւրը յայտնած է, որ Մասքաթի մէջ գումարուած ժողովը կազմակերպուած էր Օմանի կառավարութեան օգնութեամբ եւ կեդրոնացած է Միացեալ Նահանգներու եւ հուսիներու միջեւ զինադադարի պահպանման եւ Պապ Մանտեպ նեղուցը նաւարկութեան դիմաց բաց պահելուն վրայ:

Ժողովի ընթացքին, որուն մասնակցած են ամերիկեան դեսպանատունէն դիւանագէտներ, սակայն ոչ դեսպանը, հուսիներու ներկայացուցիչները յստակացուցած են, որ մայիս 2025-ին Միացեալ Նահանգներուն հետ կնքուած զինադադարին շարունակութիւնը կ՛ուզեն:

Անոնք շեշտած են, թէ իրենց յարձակումները միայն սէուտական նաւերը կը թիրախաւորեն, եւ խոստացած են բոլոր մնացեալ նաւերուն Պապ Մանտեպ նեղուցին մէջ ազատ նաւարկումը արտօնել:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթին հաստատած են, թէ անցեալ շաբաթավերջին Օմանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան մէջ գումարուած է հուսի ղեկավարներու հետ ժողով մը, որուն հիմամբ Ուաշինկթըն Սէուտական Արաբիոյ Եմէնի մէջ հուսիները ետ մղելու չօգնելու որոշում մը տուած է:

Հուսիները ամերիկեան կողմին վստահեցուցած են, որ 2025-ին երկու կողմերուն միջեւ կնքուած զինադադարի համաձայնութիւնը տակաւին ուժի մէջ է, եւ իրենք Կարմիր ծովուն մէջ ամերիկեան նաւերու վրայ յարձակելու մտադրութիւն չունին:

Հուսիները շեշտած են, որ միայն Սէուտական Արաբիոյ առնչուած նաւերը թիրախ կը նկատուին` նկատի ունենալով, որ Ռիատ Եմէնի դէմ շրջափակում հաստատած է:

Միւս կողմէ, սէուտական ղեկավարութեամբ Արաբական դաշինքի բանբեր Թուրքի Մալիքի յայտնեց, որ երեքշաբթի ժամը 18:50-ին սէուտական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը վնասազերծած են հուսիներու կողմէ արձակուած անօդաչու թռչող սարք մը` նախքան Մեքքայի արգիլեալ օդային տարածք մուտք գործելը: Հուսիները լուրը «սուտ» որակեցին:

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան քարտուղարութիւնը դատապարտեց Մեքքայի թիրախաւորումը եւ նշեց. «Սրբազան վայրերու ոտնահարումը անընդունելի խախտում է»:

Հուսիներու կողմէ Մեքքայի վրայ ենթադրեալ յարձակումը արժանացաւ արաբական եւ իսլամական դատապարտումի: Այդ առիթով արաբական ու իսլամական երկիրները զօրակցութիւն յայտնեցին Սէուտական Արաբիոյ:

Նախորդը

Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է

RelatedPosts

Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու  Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է
Միջազգային

Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է

September 18, 2026
Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.