Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի հայրենի «Ալֆա Նիուզ» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի սփիւռքի վերաբերեալ յայտարարութեան, թէ Հայաստանը գործածուած հագուստներու կարիքը չունի, եւ սփիւռքը Հայաստանին խորհրդատուն չէ, եւ Հայաստանն ալ` սփիւռքին, նշեց. «Բնականաբար, ասիկա պարոն Փաշինեանի կողմէ կատարուած այս տեսակի առաջին յայտարարութիւնը չէ: Պատուիրատուները այդպէս կը պահանջեն, եւ ինք կը կատարէ, եւ կը վիրաւորէ ու կը վարկաբեկէ համայն հայութիւնը, եւ կը շեշտեմ` համայն հայութեան արժանապատուութիւնը, որովհետեւ մենք երբեք չենք ուզած մտածել եւ չենք մտածած, թէ հայութիւնը մասնատուած է իր հաւատքին, իր համոզումին եւ իր հայրենիքին նկատմամբ իր կապուածութեան մէջ:

«Սփիւռքը իր առաւելագոյն ճիգը կը թափէ, սակայն ոչ միայն այսօր, այլեւ ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Խորհրդային Հայաստանի օրերուն, ներգաղթի օրերուն, Համաշխարհային Բ. պատերազմին: «Սասունցի Դաւիթ» գումարտակը գործածուած հագուստներով չէր, որ պատրաստուած էր: Հայաստանի երկրաշարժէն ետք, սփիւռքի համոզումէ ծնունդ առած եւ ինքնաբուխ օժանդակութիւնները գործածուած հագուստներ չէին, շատ աւելին էին: Հայաստանի անկախութեան դժուարին օրերուն, Արցախի պատերազմին, Արցախի ազատագրութեան, սփիւռքը միայն գործածուած հագուստներ չէր, որ ղրկած էր, եւ պարոն Փաշինեան լաւ գիտէ:

«Երբ Թուրքիոյ պետական աւագանին տարբեր մակարդակներու վրայ շարունակ կը կրկնէ, թէ բուն խնդիրը սփիւռքն է, եւ այդ նոյն հաստատումը կը կատարէ Հայաստանի վարչախումբը, պարտաւոր ենք հարց տալ, թէ դէպի ո՛ւր կ՛ուղղուինք:

«Կրկնած ենք յաճախ եւ այսօր ալ պիտի կրկնենք, որ Հայաստանը մէկ է, հայութիւնը մէկ է, եւ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն զանոնք մասնատել, ըլլան անոնք օսմանցիները, արդի Թուրքիան, ազրպէյճանցիները կամ անցեալին ռուսական ցարական իշխանութիւնները կամ համայնավար իշխանութիւնները, փաստօրէն ձախողեցան:

«Փաշինեանի խօսքերը մերժելի են ամբողջութեամբ, վիրաւորական են, վարկաբեկիչ են կը ծառայեն սփիւռքը օտարացնելու Հայաստանէն, եւ Հայաստանը` սփիւռքէն: Ասիկա լեզուի սայթաքում չէ, այլ քաղաքականութիւն, որ կը վարուի Փաշինեանի վարչախումբին կողմէ, որպէսզի իր տուրքը վճարէ թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին, եւ երէկ տեսանք, թէ Շուշիի մէջ ի՛նչ խայտառակութիւն տեղի ունեցաւ, եւ վախ ունինք, որ նոյն տեսակի խայտառակութիւններ կրկնուին նաեւ Հայաստանի մէջ: Ասիկա լուրջ խնդիր է, որուն դէմ կը կանգնի իւրաքանչիւր հայ, ուր որ ալ գտնուի», ըսաւ ան:

«Հայութիւնը մէկ է, եւ Հայաստանը ամբողջ հայութեան հայրենիքն է: Մենք այդպէս սորված ենք, այդպէս ուսուցանած ենք եւ այդպէս ալ պիտի շարունակենք ուսուցանել», շեշտեց Բագրատունի` աւելցնելով. «Քանդել Հայաստանի մէջ ապրող մեր ժողովուրդի եւ Հայաստանէն դուրս ապրող մեր ժողովուրդի միջեւ կապերը կը նշանակէ քանդել Հայաստանը, կը նշանակէ հիմնականօրէն դէպի բնաջնջում տանիլ համայն հայութիւնը, եւ իրականացնել այն երազը, որ օսմանցի թուրքը չկրցաւ իրականացնել, եւ այսօրուան Թուրքիան ու Ազրպէյճանը պիտի չկարենան իրականացնել»:

Անդրադառնալով այն յայտարարութիւններուն, թէ ՀՅԴ-ն սփիւռքի անունով խօսելու իրաւունք չունի, եւ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ դարձեալ ՀՅԴ-ն կը թիրախաւորուի եւ իշխանութիւններու վախերը ինչի՞ մասին են, Բագրատունի նշեց. «Նախ նշեմ, թէ Դաշնակցութիւնը ինքզինքին իրաւունք չի տար սփիւռքի հայութեան անունով խօսիլ: Դաշնակցութիւնը կը խօսի սփիւռքի եւ Հայաստանի ժողովուրդի այն մասին անունով, որոնք Դաշնակցութեան կողմնակից են, համակիր են, կամ առնուազն հակադրուած չեն: Հետեւաբար այն պնդումը, թէ Դաշնակցութիւնը ինքը չէ, որ պիտի ներկայացնէ սփիւռքը, ճիշդ է: Մեզի նման կան այլ միաւորներ, այլ կառոյցներ, այլ կուսակցութիւններ ու միութիւններ, որոցմէ իւրաքանչիւրը իր չափով կրցած է մեր համայնական շահերուն իր ծառայութիւնը մատուցել:

«Իսկ թէ ինչո՞ւ կը թիրախաւորեն Դաշնակցութիւնը, վերադառնանք պատմութեան. ինչո՞ւ ցարական իշխանութիւնները թիրախաւորած են Դաշնակցութիւնը, ի՞նչու համայնավար վարչակարգը թիրախաւորած է Դաշնակցութիւնը, ինչո՞ւ օսմանցիները եւ Թուրքիան թիրախաւորած են եւ կը շարունակեն թիրախաւորել Դաշնակցութիւնը: Այս հարցումին պատասխանը ինքնին կը յստակացնէ, թէ պարոն Փաշինեանը ինչո՛ւ կ՛ուզէ թիրախաւորել Դաշնակցութիւնը:

«Եթէ Դաշնակցութիւնը արժէք, ուժ եւ մեր ժողովուրդի սրտին մէջ տեղ ունեցող կուսակցութիւն չըլլար, տեղ ունեցող մտածողութիւն ու գաղափարախօսութիւն չըլլար, պայքար ու կազմակերպութիւն չըլլար, արիւն չըլլար, նահատակութիւն չըլլար, բնականաբար ոչ ոք պիտի ուզէր զայն թիրախաւորել:

«Այո՛, Դաշնակցութիւնը է, ինչ որ է, իր ծառայութիւնը մատուցած է եւ պիտի շարունակէ մատուցել մեր ժողովուրդին: Թիրախաւորումները պարզապէս աւելիով կը զօրացնեն Դաշնակցութիւնը եւ աւելիով կ՛ընդհանրացնեն Դաշնակցութեան շուրջ եղած համակրանքը, որովհետեւ մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ դրոշմուած է մարտունակութիւնը, դրոշմուած է պայքարի ոգին, եւ միայն այդ ձեւով կրնանք հասնիլ մեր Արարատին ու մեր նպատակներու իրականացման», շեշտեց Բագրատունի:

 

Նախորդը

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.