Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ոչ միայն հետաքրքրական, այլ նաեւ արժէքաւոր  է մուսալեռցի Մովսէս Ա. քհնյ. Շրիգեանի յուշագրութիւնը, որ կը ներկայացնէ տէր հօր  անակնկալներով լեցուն կեանքի ճանապարհը, որ կը սկսի Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղէն, 1903 թուականին, հասնելով Ամերիկայի տարբեր քաղաքներ` 20-րդ դարու վերջերուն:

Նախքան անդրադառնալը այս հրատարակութեան` պէտք է արձանագրենք, որ այս հրատարակութիւնը կարելի դարձաւ շնորհիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանին, այժմ` վախճանած, որ մեր տրամադրութեան տակ դրած էր իր հօր ձեռագիր յուշերը:

Իմանալէ ետք, թէ տէր հօր յուշերու ձեռագիր առաջին օրինակը նուիրուած է Երեւանի Ազգագրութեան հիմնարկին (1979), կարելի եղաւ այդ ձեռագիրէն պատճէն մը ունենալ` շնորհիւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտոր Արսէն Բոբոխեանին, որուն կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը:

Զոյգ ձեռագիրներու համադրութեամբ կարելի եղաւ ամբողջական դարձնել այս հատորը:

Հրատարակութեան մէջ պահուած է ձեռագիրին հարազատութիւնը: Կատարուած են լեզուական փոքր ճշդումներ, եւ զանց առնուած են կարգ մը աննշան դէպքեր:

Եսայի Շրիգեանը (հետագային` Մովսէս քհնյ. Շրիգեան) Մուսա Լերան ժողովուրդի հարազատ զաւակ է, ծնած է Եօղուն Օլուք, ականատես վկան եղած է այս տարածաշրջանի ժողովուրդին ապրած առօրեայ կեանքին, որ դժուար եւ չարքաշ կեանք մըն է. կեանք մը, ուր տիրական են ժողովրդային աւանդութիւնները, հաւատալիքները եւ առօրեայ հացը ապահովելու դժուարութիւնները:

Այս յուշագրութիւնը սովորականէն տարբեր կը դառնայ, երբ նկատենք իր ընտանիքի աշխատանքն ու դերակատարութիւնը Մուսա Լերան մէջ: Արդարեւ, տէր հօր հայրը սիրուած թաղապետ եւ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ եղած է երկար տարիներ: Ինք` բացառիկ աշխատասէր, քաջ  եւ նախաձեռնող անձնաւորութիւն մը, որ երբեք չի յուսահատիր: Կը դիմագրաւէ կեանքի բոլոր դժուարութիւնները` հնարամտութեամբ, անվախ ոգիով եւ հաւատքով:

Մովսէս Ա. քհնյ. Շրիգեանի յուշերը բացառիկ արժէք կը ստանան մանաւանդ անոր համար, որ լեցուն են Մուսա Լերան ժողովուրդի կեանքին եւ պատմական տարբեր անցուդարձերուն մասին վկայող մանրամասն տեղեկութիւններով, որոնք պատմութեան համար խիստ կարեւոր են եւ արժէքաւոր:

Տէր հայրը արձանագրած է Մուսա Լերան ժողովուրդի պատմութեան հետաքրքրական ժամանակաշրջանի (1880-ականներէն մինչեւ 1939) պատմական բոլոր անցուդարձերը: Հնչակեաններու մուտքը Մուսա Լեռ, ՀՅ Դաշնակցութեան կազմութիւնը, Ատանայի ջարդերը 1909-ին, կազմակերպական եւ ինքնապաշտպանութեան պատրաստուելու տարիներու աշխատանքները, հերոսամարտը, Փոր Սայիտ փոխադրութիւնն ու կեանքը յաջորդ չորս տարիներուն, ապա` վերադարձ հայրենի գիւղեր, զարգացման տարիներ եւ տնտեսական դժուարութիւններ, իր քահանայ օծումը, Սանճաքի պարպումը, Պասիթի ժամանակաւոր գաղթակայանը, Այնճար հաստատուիլը եւ կազմակերպուիլը…

Անկախ հատորի պատմական-ազգագրական արժէքէն, այս յուշագրութիւնը կը ներկայացնէ նաեւ պայքարող մուսալեռցիի մը գեղեցիկ օրինակը, որ տպաւորիչ է, օրինակելի եւ ոգեշնչող: Մուսալեռցին, որ պատրաստ է դիմակայելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները` քաջութեամբ, հաւատքով եւ անկոտրում կամքով:

Այս հրատարակութեամբ կորուստէ կը փրկուի Մուսա Լերան պատմութեան եւ ժողովուրդին առնչուող կարեւոր աղբիւր մը, նոյն ատեն` մեր ժողովուրդին ներկայացնելով նաեւ Մովսէս Ա. քհնյ. Շրիգեանի լուսաւոր կերպարը:

Այս հատորը կարելի է յուշարձան նկատել տէր Մովսէս Շրիգեանի  ազգային-եկեղեցական աշխատանքներուն եւ նուիրումին:

Վերջապէս, այս իրագործումը կը պարտինք Վարուժան արք. Հերկելեանին, որ մեծ բծախնդրութեամբ խմբագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց այս յուշագրական հատորը,  որ լոյս տեսաւ որպէս «Գառնի» մատենաշարի  49-րդ հրատարակութիւնը:

Աչքը լոյս բոլոր հայորդիներուն եւ  յատկապէս բոլոր մուսալեռցիներուն,  որոնք կրնան  այս յուշագրութենէն մանրամասն տեղեկութիւններ քաղել իրենց անցեալ 100 տարիներու պատմութեան եւ աւանդութիւններուն մասին:

 

Նախորդը

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

Յաջորդը

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.