Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկրկնելի Հալէպը. Անծանօթ Զինուորները

September 15, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Սուրիահայ գաղութի ծաղկումը մնայուն նպատակը եղած է այդ երկրի ջուրը խմած եւ օդը շնչած բոլոր հայորդիներուն:

Նորահաս սերունդները, որոնք կը վայելեն մեր ակումբներն ու  բանակավայրերը, ընդհանրապէս ծանօթ չեն, թէ ի՜նչ ի՛նչ զոհողութիւններով  մեր միութիւնները սեփականատէր եղած են այդ անշարժ գոյքերուն:

Դիմատետրի վրայ տեղադրուած էր Սուրիոյ երիտասարդական միութեան բանակումէն համայնապատկեր մը` Քեսապ, Էքիզօլուքի բարձունքին, Աճամի  շրջանը,  ՀՄԸՄ-ի  բանակավայրէն ներս:

Յիշողութիւնս ետդարձ մը կատարեց ուղիղ յիսունվեց տարիներ, աշնանային կիրակիի մը երեկոյեան:

Քեսապի մեր տան դուռը միշտ բաց էր փաստաբան հօրս  խորհուրդին դիմողներուն, յատկապէս` ազգային եւ միութենական հարցերու շուրջ:

ՀՄԸՄ-ական երկու վաստակաշատ երէց խմբապետներ` Խորէն Նազարեանը եւ Ալեքսան Իսկենտերեանը, Էքիզօլուքի ամարանոցի բնակիչներ,  շրջանին մէջ  բանակավայրի հողաշերտ մը գնելու հարցով դիմեցին հօրս խորհուրդին:

Թուականը 1970 էր, այդ օրերու  իշխանութիւնը ձախակողմեան հակումներով ունէր երկրի տնտեսութիւնը` քայքայուած, անշարժ գոյքերու սակերը` անկումի մէջ:

Հողաշերտին սեփականատէրը  արտասահմանէն եկած էր ու նպաստաւոր գին մը կ՛առաջարկէր:

Գնող կողմի երկու ՀՄԸՄ-ական  եղբայրները  օրինական միջոցներու մասին լուսաբանուելէ ետք, կը մտածէին ժողովի տանիլ այս հարցը, ապա յաջորդ շաբաթավերջին ներկայանալ համաձայնագիրը ստորագրելու եւ գումարը վճարելու համար:

Հայրս` փաստաբանի եւ ազգային կեանքի փորձառութենէն մեկնած, թելադրեց «Երկաթը տաք տաք ծեծել», տեղւոյն վրայ կանխավճար մը տալ եւ համաձայնագիրը ստորագրել` դիտել տալով, թէ մինչեւ յաջորդ շաբաթ կրնան ախորժակներ բացուիլ, յատկապէս` ժողովի օրակարգի նիւթ ըլլալէն ետք:

Եղբ. Խորէն եւ եղբ. Ալեքսան  իրենք ալ այս խորհուրդին համաձայնելով` գործնական գտնուեցան, կանխավճար գումարը ապահովեցին, հողատիրոջ հետ վերադարձան եւ համաձայնագիրը ստորագրեցին:

Կը յիշեմ հողաշերտին գինը, այդ օրերուն մէկ քիլոկրամ ոսկիի համարժէք էր:

Բանակավայրի գնման այս ընթացքը յաջողեցաւ` երկու երէց սկաուտ եղբայրներու խոհեմութեամբ եւ գործնական քայլով:

Էքիզօլուքցի ընկեր Աբոն ստանձնած էր նոր բանակավայրը կարգաւորելու պարտականութիւնը:

Յաջորդ ամրան արդէն տարածքը մացառներէ եւ թուփերէ մաքրուած, հողը հարթուած  դաշտ մըն էր: Արեւմտեան կողմը հրաշքի համազօր` ցամքած աղբիւր մը բխած էր: Այդ տարի ջուր կրելու պարտականութիւն չունեցանք, տակաւին ենթակառոյց չկար, ելեկտրական շարժակ մը միայն, որուն լամբերը աւանդական լապտերներու փոխան` կը լուսաւորէին մեր վրանները:

Տարիներու ընթացքին բանակավայրը ցանկապատկուեցաւ, օժտուեցաւ սրահով, խոհանոցով, լուացարաններով եւ սենեակներով:

Անցնող կէս դարուն ամրան եղանակին բազմաթիւ սերունդներ` Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խումբերը, մարզիկները, պատանեկան ու երիտասարդական միութիւնները, մինչեւ արեւածագ արթուն պահակներով, խարուկահանդէսներու կրակին շուրջ հաւաքուած ծնողներով եւ համակիրներով  այստեղ  հայաշունչ դաստիարակութիւն ստացան` բանակավայրի հողաշերտը վերածելով պատառ մը հայրենի հողի, ուր միշտ  կը ծածանէր տարագիր, ապա հայոց պետականութեան խորհրդանիշ եռագոյնը:

Սփիւռքի իւրաքանչիւր կառոյց` եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, բարեսիրական միութիւն, դարմանատուն, բանակավայր կամ խաղավայր, ունի իր պատմութիւնը, անոնք հայապահպանման ամրոցներ են, որոնք կը ծառայեն  գաղութահայ կեանքի բարգաւաճման:

ՀՄԸՄ-ի բանակավայրի պատմութիւնը  կը սկսի երկու երէց միութենականներ Խորէնի եւ Ալեքսանի տեսիլքէն ծնունդ առած նախաձեռնութիւնով, ապա` իրերայաջորդ վարչութիւններու եւ խորհուրդներու հետեւողական աշխատանքով, ներկայանալի բանակավայր մը պահելու մնայուն օրակարգով:

Գաղութահայ կեանքը կանգուն պահելու ազդակները բազմաթիւ են, ուր միշտ ներկայ են «Անծանօթ զինուոր»-ները ու իրենց օրինակը կը փոխանցեն սերունդէ սերունդ:

Ժընեւ

Նախորդը

Արցախից Յետոյ, Թէկուզ Ջրհեղե՞ղ…

Յաջորդը

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.