Կը մեկնարկենք «Զարցանց»-ը` արեւմտահայերէնով նոր առցանց ծրագիր մը, որուն դռները բաց են աշխարհի չորս ծագերէն մանուկներու, պատանիներու եւ չափահասներու դիմաց: Հաճելի, ապահով եւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, զանազան աշխատանոցներու ընդմէջէն արեւմտահայերէնը բոլորին առօրեային մաս պիտի կազմէ: Ծրագիրը պիտի սկսի 20 սեպտեմբեր 2026-ին:
«Զարցանց»-էն ներս 3 տարեկանէն սկսեալ բոլոր մանուկները, պատանիները եւ չափահասները առիթ պիտի ունենան` արեւմտահայերէնով արտայայտուելու, միտքեր փոխանակելու, ստեղծելու, յայտնաբերելու, կարդալու, գծելու, գրելու, երգելու, խաղալու եւ այսպէսով բնականօրէն զարգացնելու իրենց լեզուական կարողութիւններն ու փորձառութիւնները: Խմբային աշխատանոցներու մասնակցելով` անոնք շաբաթը 3-5 ժամ պիտի կարենան սուզուիլ արեւմտահայերէնին մէջ:
«Զարմանազան» ամառնային ծրագիրի առցանց փորձառութենէն ծնունդ առած «Զարցանց»-ը առցանց վայր մըն է, ուր լեզուն բնականօրէն կ՛ապրի` հիմնուած նորարարական մանկավարժական ու ընկերային սկզբունքներու վրայ:
Ծրագիրը բաց է թէ՛ սկսնակներուն, թէ՛ արդէն հայերէն խօսողներուն, թէ՛ կարդալ-գրել փափաքողներուն, թէ՛ ալ պարզապէս լեզուն աւելի կիրարկելու առիթներ փնտռողներուն:
«Զարցանց»-ը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախաձեռնութիւնն է եւ կը կազմակերպուի Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան կողմէ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար կարելի է այցելել zartsants.com կայքէջը:


