Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
1.- Սխտոր
Սխտորին տեսքը հիմնական չափանիշ է: Գնելու ժամանակ գլուխ մը սխտորը առէք ձեր ափին մէջ, ան պէտք է ըլլայ բաւականին ծանր եւ ամուր: Կեղեւը պէտք է ըլլայ փայլուն, առանց բիծերու, իսկ պճեղները, առանց կանաչ ծիլերու: Նախապատուութիւնը տուէք մանիշակագոյն կեղեւով տարբերակներուն:
2.- Անանաս
Անանասին արտաքին տեսքէն մի՛ խաբուիք: Անիկա դուրսէն կրնայ կանաչի զարնել, բայց հիւթեղ եւ քաղցր ըլլալ: Գնելու ատեն ուշադիր ըլլալ անոր բոյրին: Ինչ կը վերաբերի տերեւներուն, եթէ զանոնք քաշելու ատեն անջատուին պտուղէն, կը նշանակէ, որ պտուղը հասած է:
3.- Կանկառը
Գնելու ատեն ընտրեցէք միագոյն (կանաչ կամ մանիշակագոյն), առանց բիծերու տեսակը: Ձեռքին մէջ կանկառը պէտք է ըլլայ ծանր, ամուր իսկ տերեւները` կոտրտող, երբեք` փափուկ: Փափուկ եւ բծաւոր տերեւներով կանկառը չի կրնար թարմ ըլլալ:
4.- Ձմերուկ
Ձմերուկ ընտրելու ժամանակ, առաջին բանը, որուն պէտք է ուշադրութիւն դարձնել, այդ տարօրինակ դեղնաւուն բիծն է: Այս գունատ հատուածը այն մասն է, ուր ձմերուկը շփուեր է հողին հետ: Իւրաքանչիւր ձմերուկ ունի նման բիծ: Բայց լաւագոյնը այն է, որուն բիծը դեղնաւուն կամ նոյնիսկ նարնջագոյն է. այդ պարագային կարելի է վստահ ըլլալ, որ ան քաղցր ու հիւթեղ է:
5.- Խաղողը
Խաղող գնելու ատեն ընտրեցէք առողջ ողկոյզներ: Խաղողին հատիկները պէտք է ըլլան ամուր, իսկ կեղեւները փայլուն ու ողորկ: Հրաժարիլ փափուկ եւ կնճռոտ հատիկներով ողկոյզներէն: Ինչ կը վերաբերի ցօղունին, ան պէտք է ըլլայ ճկուն, կանաչ եւ կոտորուող: Սրճագոյն ցօղունով ողկոյզը երբեք չի կրնար թարմ ըլլալ:
6.- Թուզ
Ինչ գոյնի ալ ըլլայ, հասուն եւ համեղ թուզը պէտք է, որոշ փափկութիւն ունենալով հանդերձ, ճզմուած չըլլայ: Իսկ անոր փոքրիկ կոթը պէտք է ըլլայ առողջ ու ամուր:
7.- Կանաչ Լուբիա
Գնելու ժամանակ ուշադիր եղէք լուբիային գոյնին. ան պէտք է կանաչ ըլլայ, երբեք դեղնաւուն: Կանաչ լուբիային թարմութիւնը ստուգելու համար զայն երկու ձեռքով պէտք է կոտրել. եթէ դիւրին եւ ձայնով կոտրի, կը նշանակէ թարմ է. այլապէս ան երկուքի կը ծալուի` թաց լաթի նման:
6 Բաներ, Զորս Կրնաք Ընել Ձեր
Տրամադրութիւնը Բարելաւելու Համար
Թէեւ ֆիզիքական վարժութիւնները եւ առողջ սննդակարգի պահպանումը ծանօթ ռազմավարութիւններ են, որոնք կը նպաստեն տրամադրութեան բարելաւման, սակայն կան այլ գործօններ, որոնք նոյնպէս իրենց դերը ունին ձեր տրամադրութեան բարձրացման մէջ:
«Պի.Պի.Սի.»-ի լրագրող եւ բժիշկ Մայքըլ Մոսլին իր «Պի.Պի.Սի.4»-ի «Միայն մէկ բան» հաղորդման ժամանակ թելադրած է 6 բաներ, զորս մենք կրնանք ընել աւելի երջանիկ կեանք ապրելու համար:
– 1 –
Գրեցէ՛ք. Եթէ ձեր մտքին մէջ խառնաշփոթութիւն կը տիրէ, գրեցէ՛ք, այդ վիճակին վերջ տալու համար: Պարզապէս 15 վայրկեան յատկացնելով «արտայայտչական գրութեան», դուք կրնաք նուազեցնել բացասական միտքերն ու ընկճախտը, բարելաւել ձեր տրամադրութիւնը, քունը, դիմադրողական համակարգը եւ նոյնիսկ յիշողութիւնը:
Ընկերային հոգեկան փրոֆեսէօր Ճէյմս Փեննեպէյքըրի կարծիքով, միտքերը թուղթին տալով դուք կը մաքրէք ձեր ուղեղը անհանգստացնող եւ տրամադրութիւնը փճացնող միտքերէն:
– 2 –
Հեռացէ՛ք Ձեր Հեռախօսէն. Դուք հաւանաբար գիտէք, որ բջիջային հեռախօսի չարաշահումը կրնայ վնասել ձեր հոգեկան առողջութեան, քունին եւ արտադրողականութեան:
Անշուշտ դժուար է դադրեցնել այս կախուածութիւնը, սակայն պարտաւոր չէք մէկ անգամէն դադրեցնել անոր օգտագործումը: Գերմանիոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ մարդիկ, որոնք օրական ընդամէնը մէկ ժամով կրճատեր են հեռախօսի օգտագործումը, նուազ անհանգստացած են եւ աւելի ուրախ զգացած են յաջորդող ժամերուն:
– 3 –
Դուք Ձեզ Բոյսերո՛վ Շրջապատեցէք. Սենեկային բոյսերը ոչ միայն կը գեղեցկացնեն սենեակը, յատկապէս, եթէ ան տեսարան չունի, այլ նաեւ կը բարելաւեն օդին որակը, բարեկեցութիւնը, յիշողութիւնը եւ արտադրողականութիւնը:
Ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ երբ գրասենեակէն հանած են առկայ բոյսերը, աշխատակիցները դարձած են աւելի դիւրագրգիռ, նուազ արդիւնաւէտ ու անուշադիր:
– 4 –
Երգեցէ՛ք. Դուք կրնաք երգել լոգանքի ցնցուղին տակ կամ ինքնաշարժին մէջ` ձայնասփիւռին ընկերակցութեամբ, իսկ գիտէ՞ք, թէ երգելը կրնայ օգնել բարձրացնելու ինքնավստահութիւնը, նուազեցնելու մինակութեան եւ մելամաղձոտութեան զգացողութիւնները:
– 5 –
Սորվեցէք Նո՛ր Հմտութիւններ. Ապացուցուած է, որ նոր բան մը սորվիլը ընկճախտը նուազեցնելու եւ մարմինը հանգստացնելու ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցներէ մէկը կրնայ ըլլալ:
Նոր բան սորվիլը ձեզ կը շեղէ ձեր անհանգստութիւններէն: Հիւսք, ծաղկայարդարում, կաւագործութիւն, նկարչութիւն, եոկա, կամաւոր աշխատանք, ձկնորսութիւն, խոհարարութիւն… Ցանկը երկար է, ընտրեցէք մէկն ու մէկը եւ պիտի նկատէք, որ շուտով պիտի բարձրանայ ձեր ինքնագնահատականը եւ պիտի բարելաւուի ձեր մտաւոր ու հոգեկան բարեկեցութիւնը:
– 6 –
Շնորհակա՛լ Եղէք. Օրուան աւարտին ընտրեցէք երեք բան, որոնց համար շնորհակալ էք: Ասիկա որքան ալ հնամաշ թուի, կան հիմնաւոր գիտական ապացոյցներ, որոնց համաձայն, երախտագիտութիւն յայտնելու սովորութիւնը ոչ միայն ձեզ հոգեպէս կը հանգստացնէ, այլ նաեւ կը վերածրագրաւորէ ձեր ուղեղը:
Որպէսզի զգաք շնորհակալ ըլլալու օգուտները եւ սկսիք ձեր մտածողութիւնը բացասականէն դրականի փոխել, պարզապէս փորձեցէք մտածել երեք բանի մասին, որոնց համար շնորհակալ էք տուեալ օրուան ընթացքին:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Լուացքի Ատեն Խուսափեցէք
Այս 7 Սխալներէն
1.- Սխալ խմբաւորումը: Բացի գոյներու զտումէն, պէտք է հաշուի առնել նաեւ հագուստներու կտորներու հիւսուածքը: Կարելի չէ սենթեթիք հագուստը լուալ բրդեայ, բամպակեայ կամ մետաքսեայ տեսակին հետ:
2.- Լուացքի դեղին չափազանցութիւնը: Սխալ է այն կարծիքը, որ շատ դեղ գործածելը աւելի լաւ կը մաքրէ լուացքը: Շատ դեղ գործածելու պարագային (յատկապէս փոշի տեսակը) մեքենային մէջ փրփուրին քանակը կը կրկնապատկուի, եւ լուացքի աւարտին հագուստներուն վրայ ճերմակ արատներ կը յայտնուին: Լուացքի մեքենան ալ իր կարգին կը վնասուի աւելորդ դեղի մնացորդացէն:
3.- Հագուստները կոճկուած լուալը: Լուացքի ժամանակ շապիկներն ու հագուստները պէտք չէ կոճկուած դնել մեքենային մէջ, քանի որ լուացքի աւարտին անոնք ձեւափոխուած դուրս կու գան:
4.- Փականները բաց ձգելը: Պէտք է մինչեւ ծայր փակուած ըլլան տաբատներուն եւ բաճկոններուն փականները, քանի որ անոնց ակռաները կրնան վնասել մնացեալ հագուստները:
5.- Նախօրօք չկարդալ պիտակները: Լողազգեստները, մետաքսեայ շալերը, կարգ մը նուրբ հիւսուածքներ եւ ձեռագործներ պէտք է լուացուին ձեռքով, պաղ կամ գաղջ ջուրով: Հագուստին (յատկապէս երբ նոր է եւ առաջին անգամ պիտի լուացուի) փոքրիկ պիտակը շատ կարեւոր է տհաճ անակնկալներու չհանդիպելու համար:
6.- Լուացքի մեքենան ծանրաբեռնելը: Ժամանակի կամ դեղի խնայողութեան մտահոգութեամբ կարելի չէ ծանրաբեռնել լուացքի մեքենան: Նոյնպէս ալ կարելի չէ միայն զոյգ մը մարզական կօշիկ նետել մէջը… Ժամանակի ընթացքին մեքենան կը յոգնի ու խանգարուի:
7.- Լուացքի մեքենան չմաքրելը: Շատ կարեւոր է իւրաքանչիւր լուացքէ ետք լուացքի մեքենան մաքրելը եւ դռնակն ու դեղատուփի փոքրիկ գզրոցը բաց ձգելը, այլապէս խոնաւութիւնը, լուացքի դեղի մնացորդներն ու ժանգը կը փճացնեն մեքենան:
Խոհագիր
Թուզով Եւ Հալլում Պանիրով
Աղցան
– 2 կաղապար (փոքր չափի) հալլում պանիր
– 10 հատ թուզ, գոյնը` ըստ ճաշակի
– Ափ մը կտրատուած ընկոյզ
– 1 միջակ կարմիր սոխ
– 1 ապուրի դգալ տապկուած կամ խորոված շուշմայ
– 3 կապոց ռոքա խոտ
– Ափ մը լոռամիրգ (քրանպըրի), պարտադիր չէ
– 2-3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ, սեւ համեմ
Հալլում պանիրը շերտել եւ տապակի մէջ երկու երեսով խորովել, մինչեւ ոսկեգոյն դառնան:
Կարմիր սոխը բարակ շերտել:
Թուզերը կտրել չորս մասի:
Աղցանի խոշոր, բաց ամանի մը յատակը տարածել լուացուած եւ ցամքեցուած ռոքան, վրան խնամքով շարել խորոված պանիրի շերտերը, թուզի կտորները, սոխի շերտերը, ապա ցանել ընկոյզն ու շուշման. աղել եւ համեմել ըստ ճաշակի:
Նախքան մատուցելը ցօղել ձիթապտուղի ձէթով:
Թուզ Ուտելու Համոզիչ Պատճառներ
Թուզը հանքանիւթերու բնական աղբիւր է, ինչպիսիք են` փոթասիոմը, կիրը, մակնեզիոմը, պղինձը, մանկանեզը…
– Այս հրաշք պտուղը` կը բարելաւէ մարսողութիւնը եւ կը դարմանէ պնդութիւնը:
– Կը պաշտպանէ բջիջները կանխահաս ծերացումէ:
– Կը կարգաւորէ արեան բարձր ճնշումը եւ կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլի մակարդակը:
– Կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը:
– Կը նպաստէ ոսկորներու զօրացման:
– Կը բարելաւէ մորթին առաձգականութիւնը:
Կարելի է օրական 3-էն 5 թարմ թուզ ուտել` անոր սննդական բարիքներէն օգտուելու համար: Այնուամենայնիւ անոր չարաշահումը կրնայ գրգռել աղիքները եւ ունենալ լուծողական ազդեցութիւն: Թուզէն պէտք է զգուշանան շաքարախտաւորները եւ գերզգայնութիւն ունեցող անձիք:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Կոմիտաս
Արեւ կայ
Իր երգերուն մէջ հողն եփող արեւ կայ
Արեւ կայ սիրտ տաքցնող
Ու կարօտով սիրտերն այրող արեւ կայ
Տերեւ կայ
Իր երգերուն մէջ բողբոջուն տերեւ կայ
Տերեւ կայ շոգ ամառներէն վերապրող
Ու աշնան հետ ոսկի դարձած տերեւ կայ
Անձրեւ կայ
Իր երգերուն մէջ գարնան շաղ անձրեւ կայ
Անձրեւ կայ սիրտը թրջող
Ու կարօտովն ի սպառ մարող անձրեւ կայ
Բարեւ կայ
Իր երգերուն մէջ համասփիւռ բարեւ կայ
Բարեւ կայ մեր գութաներգէն հարսներգէն
Խաղաղութիւն սիրող մարդոց բարեւ կայ
ԶԱՀՐԱՏ



