Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ անոր հետ քննարկեց ընդհանուր, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը` իսրայէլեան յարձակումներու եւ շարք մը գիւղերու ու գիւղաքաղաքներու մէջ տուներու եւ կալուածներու քանդման ու ականահարման շարունակման լոյսին տակ:
Քննարկումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի յատուկ զինուորական համակարգումի խումբի` «Էմ.Սի.Ճի.4Էլ»-ի պետ զօր. Ճոզըֆ Քլիրֆիլտի այցելութեան:
Նախագահն ու վարչապետը նաեւ քննարկեցին աւելի ուշ վարչապետարանին մէջ գումարուած նախարարաց խորհուրդի ժողովի օրակարգը:


