Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Նախարարը Բանակի Նահատակներու Հարազատներէն Ներում Հայցեց

August 14, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսա բանակի նահատակներու հարազատներէն ներում հայցեց, որ չէ կրցած բանակին ձայնը լսելի դարձնել, «երբ բանակին ձայնը պէտք էր լսուէր: Խորհրդարանին մէջ խօսքը լռեց, եւ մէջս միայն նահատակներուն ձայնը բարձր մնաց»:

«Երէկ բանակին արգիլուեցաւ խօսիլ, սակայն նահատակներուն արիւնը խղճիս մէջ խօսելէ չարգիլուեցաւ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թող իմանան անոնք, որոնք բանակին նկատմամբ աչք փակեցին, թէ բանակը որեւէ վէճի մէջ կողմ չէ, ո՛չ ալ խաղաքարտերու, որոնք կարելի է օգտագործել ու մէկդի նետել: Բանակը այս հայրենիքին համար  վստահութեան վերջին աղբիւրն է, եւ անոր նահատակուած որդիները այդ օր Լիբանանին չհարցուցին, թէ «որո՞ւ կը պատկանինք»: Փոխարէն անոնք հարցուցին. «Ինչպէ՞ս զայն պաշտպանենք»:

«Ներողութիւն կը խնդրեմ նահատակներէն` անոնց ընտանիքներէն առաջ, որովհետեւ չկրցայ անոնց ձայնը լսելի դարձնել, ինչպէս անոնց արիւնը արժանի է: Սակայն անոնց կը խոստանամ. լռութիւնը ճակատագիր պիտի չըլլայ, եւ երէկուան դաւաճանութիւնը պատմութեան աւարտը պիտի չըլլայ», եզրափակեց Մնասսա:

Աւելի ուշ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ բարձրաստիճան սպաներու հետ այցելեց Եարզէի մէջ պաշտպանութեան նախարարի գրասենեակ եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնեց «զինուորական հաստատութեան աջակցող դիրքորոշումներուն համար եւ բարձր գնահատեց բանակի նահատակներուն ու անոնց ընտանիքներուն նկատմամբ իր կեցուածքները»:

Բանակի հրամանատարը այս առիթով խօսքը նախարար Մնասսային ուղղելով անդրադարձաւ առաւօտեան պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան եւ ըսաւ. «Նահատակներուն ընտանիքները չհիասթափեցուցիր եւ երբեք պիտի չհիասթափեցնես: Մեր գլուխները բարձրացուցիր, բանակին գլուխը բարձրացուցիր»:

«Զինուորական հաստատութեան նպատակները հայրենասիրական են, եւ անիկա Լիբանանը կը պաշտպանէ եւ անոր անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կը պահպանէ: Բանակի տարազը կրողներուն մէջ համայնք գոյութիւն չունի», շեշտեց զօր. Հայքալ:

Նախորդը

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Յորդանանեան Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Հետ

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Նախարարի Բացակայութեան. Վարչապետարանին Մէջ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստ

RelatedPosts

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը

September 29, 2026
Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»
Լիբանանեան

Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.