Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 14, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աունի դիրքորոշման ծանօթ լիբանանեան նախարարական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Լիբանանը կը պահանջէ զինադադարի եւ փորձնական շրջաններու ընդլայնման խնդիրները լուծել»:

«Լիբանանի կարծիքով` աւելի լաւ է Իսրայէլի հետ բանակցութիւններու 8-րդ փուլէն առաջ այս խնդիրը լուծել, որովհետեւ այս պահանջները երկարատեւ են, եւ տակաւին չեն լուծուած», շեշտած են աղբիւրները:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանին փոխանցուած իսրայէլեան պատգամը յստակ է, թէ լիբանանեան հողերէն հեռացում եւ վերջնական կարգաւորում պիտի չըլլայ, նախքան զէնքը լիբանանեան կառավարութեան մենաշնորհը դարձնելը եւ «ապօրինի զէնքի փուլին հանգրուանին» վերջ տալը:

. ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթին յայտնած է, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններուն յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերի սկիզբը` նշելով, որ Հռոմի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած բանակցութիւնները հեզասահ չեն ընթացած` երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն պատճառով, որովհետեւ Լիբանան կը պնդէ երկրի հարաւէն իսրայէլեան յաւելեալ հեռացումներ կատարելուն վրայ, իսկ Իսրայէլ որեւէ նոր քայլի համար նախապայման կը նկատէ Հըզպալլայի զինաթափման ստուգման շարունակութիւնը:

. ԱՐԵՒՄՈՒՏՔՑԻ բարձրաստիճան դիւանագէտ մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլացի պաշտօնատարներուն հարաւային Լիբանանէն հեռանալը մերժելու վերաբերեալ յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն իսրայէլեան բանակին Լիբանանի մէջ մնալուն մասին հրապարակումները միաժամանակ մտահոգիչ են եւ տագնապալի»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Կացութիւնը մտահոգիչ է: Իսրայէլի հետ ստորագրուած շրջագծային բանաձեւի նպատակը պատերազմին վերջ տալն ու փորձնական շրջանները իրերայաջորդ կերպով ճշդելն էր, սակայն Իսրայէլ սկիզբէն ի վեր ատոր հակառակ կ՛ընթանայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլեան ուժերուն Ալի Թահեր բարձունքին վրայ յարձակում շղթայազերծելը բացառուած չէ, որովհետեւ Նեթանիահու թերեւս յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին ուզէ այդ յարձակումն ու շրջանի բռնագրաւումը օգտագործել իր ընտրապայքարին մէջ»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու 8-րդ փուլի թուականը վերջնականապէս չճշդուեցաւ, սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները յայտարարած էին, թէ անոր սկզբունքային թուականը 1 սեպտեմբերին է»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահը զօր. Քլիրֆիլտի եւ դեսպան Իսայի հետ քննարկեց ապահովական ու դաշտային բնոյթի հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջագծային համաձայնութեան կէտերու գործադրութեան վերաբերող հարցեր: Գնահատում կատարուեցաւ բանակցային վերջին փուլի արդիւնքներուն եւ այն քայլերուն, զորս պէտք է գործադրել»:

. ԹԱՈՒՀԻՏ Արապի կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ. «Լիբանան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սուրիոյ նախագահին Լիբանան մուտք գործելու կոչ ուղղող դիրքորոշման փոփոխութեան մասին ամերիկեան հաւաստիացումներ ստացաւ»:

 

Նախորդը

Ալեն Սիմոնեան Նշանակուեցաւ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար

Յաջորդը

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Պաշտօնատարի Մը. Իսրայէլի Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տեւական Ներկայութիւնը Շրջագծային Համաձայնութեան Յանձնառութիւններուն Կը Հակասէ

RelatedPosts

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը

September 29, 2026
Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»
Լիբանանեան

Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.