Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներու գործը մակագրուած է նոր դատաւորի: Ըստ «Տաթալեքս»-ի, գործը պիտի քննէ Արմաւիրի մարզի դատաւոր Սերժ Ռուշանեան: 29-ամեայ դատաւորը նոր նիստի օր տակաւին չէ նշանակած:
Ռուշանեան դատաւոր նշանակուած է 2023 թուականին, մինչ այդ աշխատած է Արդարադատութեան նախարարութեան մէջ, անկէ առաջ ալ` 2017-2020 թուականներուն` «Արդարադատութիւն եւ իրաւունքի գերակայութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահը եղած է:


