Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն, որոնց դէմ դատ բացուած է Հայաստանի մէջ:
10 օգոստոսին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի.
«Ծանօթ իրողութիւն է, թէ վերջին շրջանին Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ նկատմամբ որդեգրուած ժխտական դիրքաւորումը խոր ցաւ եւ վիրաւորանք յառաջացուցած է Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր հաւատացեալ ժողովուրդին մէջ:
«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը դարեր շարունակ եղած է մեր ժողովուրդի հաւատքի լուսաբեւեռը եւ ազգային ու հոգեւոր միութեան ամուր սիւնը: Հայաստանեայց եկեղեցին իր ամբողջ նուիրապետութեամբ, ի գլուխ ունենալով Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց սրբազնագոյն եւ վեհափառ հայրապետը, կը շարունակէ իր քրիստոսաւանդ, ազգանուէր եւ ազգաշէն առաքելութիւնը:
«Այս առումով Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին եւ եկեղեցւոյ սրբազան եպիսկոպոսներուն նկատմամբ դատական գործընթացներու դիմելը եւ զանոնք քրէական յանցագործութեան ամբաստանութիւններով աշխարհիկ ատեաններու առջեւ կանչելը խորապէս կը վիրաւորէ հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական արժանապատուութիւնը: Այս ցաւը աւելի կը խորանայ, երբ անտեսուած կը թուին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ եկեղեցւոյ առաքելութեան տրուած երաշխիքներն ու մարդկային իրաւանց հիմնական սկզբունքները:
«Սփիւռքի մէջ եւս հայ եկեղեցին կը շարունակէ առանցքային դեր ունենալ մեր ժողովուրդի հոգեւոր, ազգային եւ համայնքային կեանքին մէջ: Հետեւաբար Մայր աթոռի հեղինակութիւնը տկարացնելու կամ անոր անձեռնմխելիութիւնը վիրաւորելու միտող որեւէ քայլ կը վնասէ եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին միջեւ դարերով ամրացած կապերուն:
«Պատմութիւնը կը վկայէ, որ պետականութենէ զրկուած ժամանակներուն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին եղած է մեր ժողովուրդի անխորտակելի սիւներէն մէկը: Ան իր ներքին նուիրապետութեամբ կանոնաւորած է եւ կը շարունակէ կանոնաւորել Սուրբ Աւետարանի քարոզութիւնը, հոգեւոր ծառայութիւնը, մխիթարական, բարեգործական եւ ազգային առաքելութիւնները: Ուստի եկեղեցւոյ վերաբերող հարցերու մասին Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին եւ եկեղեցական նուիրապետութեան բարձրացուցած ձայնին մէջ յանցագործութիւն որոնելը անտեղի եւ վիրաւորական կը նկատենք:
«Այս գործընթացները կը վիրաւորեն ոչ միայն Մայր աթոռի միաբանութիւնը, այլեւ հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռները, հոգեւորականութիւնը եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւնները, որոնք մեր օրերուն պէտք է մնան զօրաւոր` վկայելու համար Քրիստոսի սիրոյ եւ եղբայրութեան մասին:
«Այսու, իբրեւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական աթոռ, կը յայտնենք մեր զօրակցութիւնը Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին եւ սրբազան եպիսկոպոսներուն: Կը յորդորենք բոլոր պատասխանատուները անխոցելի պահելու հայ եկեղեցին եւ եկեղեցական պաշտօնական մարմիններու որոշումները չվերածելու աշխարհիկ դատական հակամարտութիւններու:
«Մենք կը հաւատանք Սուրբ Գիրքի խօսքին. «Ես Տիրոջ պիտի յուսամ… նոյնիսկ եթէ խաւարի մէջ մնամ` Տէրն է իմ լոյսս» (Միքիա 7.7-8): Այս հաւատքով կը վստահինք, որ Աստուած պիտի հպի սրտերուն եւ Իր զօրութեամբ եկեղեցւոյ նաւը պիտի առաջնորդէ խաղաղութեան նաւահանգիստը:
«Մեր սրտագին աղօթքն է Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, նուիրապետական աթոռներու գահակալներուն, ողջ հոգեւոր դասին, հաւատացեալ ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնատարներուն համար: Թող Տէրը բոլորին իմաստութիւն պարգեւէ, զօրացնէ Իր սուրբ եկեղեցին եւ խաղաղութիւն շնորհէ մերազն ժողովուրդին»:


