Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսհաքտար. «Մեքքայի Միացեալ Պաշտպանութեան» Համաձայնագիրը Տակաւին Շրջանի Որեւէ Պետութեան Առջեւ Բաց Է»

August 11, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Իսհաքտար յայտնեց, որ «Մեքքայի միացեալ պաշտպանութեան» համաձայնագիրը տակաւին բաց է շրջանի որեւէ պետութեան առջեւ, որ կը փափաքի կառչիլ անոր հիմնական սկզբունքներուն, եւ տարակարծութիւնները  փոխադարձ յարգանքի, գործակցութեամբ եւ խաղաղ միջոցներով լուծել:

Իսհաքտար հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ, Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ ստորագրած համաձայնութիւնը կ՛արտացոլէ նշեալ երեք պետութիւններու ղեկավարութիւններն ու ժողովուրդները զիրար կապող եղբայրական յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ անիկա արդիւնք է տարիներու վրայ երկարող բանակցութիւններու եւ համակարգումի` մեկնելով  խաղաղութեան ու անվտանգութեան տարբեր մարտահրաւէրները դիմակայելու եւ շրջանային խաղաղութիւնը, կայունութիւնն ու բարգաւաճումը խթանելու ռազմավարական համագործակցութիւնը բարելաւելու միացեալ ցանկութենէն` համաձայնագիրը «չի ջնջեր կամ փոխարիներ այս երկիրներուն միջեւ կամ անոնց ու այլ երկիրներու կամ կազմակերպութիւններու միջեւ գործող որեւէ երկկողմ կամ բազմակողմ համաձայնագիր»:

Ան յիշեցուց, որ համաձայնագիրին մաս կազմող երեք երկիրներէն որեւէ մէկուն վրայ յարձակում մը բոլորին վրայ յարձակում պիտի նկատուի` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածի անհատական եւ հաւաքական ինքնապաշտպանութեան հիմնարար իրաւունքին հիմամբ:

Փաքիստանեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Մեքքայի համաձայնագիրը «բացառապէս պաշտպանական բնոյթ ունի եւ որեւէ պետութեան դէմ չէ ուղղուած»:

Անոր համաձայն, համաձայնագիրը «համահունչ է մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքներուն»` աւելցնելով, որ Փաքիստան անհամբեր կը սպասէ շրջանի բոլոր պետութիւններուն հետ սերտ աշխատանքին` տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար:

Ան նաեւ յանձնառութիւն յայտնեց «բոլոր հակամարտութիւններուն խաղաղ լուծման ուղղութեամբ աշխատանք տանելու, եւ մեր ժողովուրդներուն համար աւելի ապահով, կայուն ու բարգաւաճ ապագայ կառուցելու»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի միջեւ կնքուած «Մեքքայի համաձայնագիր»-ը կ՛ապացուցէ, որ շրջանի երկիրները հիասթափուած են Միացեալ Նահանգներէն եւ որոշած անվտանգութեան հարցերուն մէջ յոյսը դնել սեփական ուժերու վրայ:

«Ոչ մէկ հիմք կայ անհանգստանալու Թուրքիայէն, Փաքիստանէն եւ Սէուտական Արաբիայէն, որոնց հետ մենք կրօնական, պատմական եւ մշակութային խոր կապեր ունինք, այն առումով, թէ այս «Մեքքայի համաձայնագիր»-ը ուղղուած է Իրանի դէմ», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է ան:

Անոր համաձայն, այս համաձայնագիրը կարեւոր նշան է այն բանի, թէ շրջանի երկիրները յանգած են այն եզրակացութեան, որ անվտանգութեան ապահովման հարցերուն մէջ կարելի չէ յոյսը Միացեալ Նահանգներու խոստումներուն վրայ դնել, եւ այդ պատճառով որոշած են յենիլ սեփական կարելիութիւններու վրայ:

Նախորդը

Թրամփ Իրանի Վրայ Տնտեսական Ճնշումներուն Կը Վստահի, Եւ Ոչ Թէ Հրթիռներուն

Յաջորդը

Իսրայէլ Կազայէն Պիտի Հեռանայ, Եթէ Համաս Իսկական Կերպով Զինաթափուի

RelatedPosts

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ  Ամբողջութեամբ Վերահսկել  Հորմուզի Նեղուցին»
Գլխաւոր լուրեր

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ Ամբողջութեամբ Վերահսկել Հորմուզի Նեղուցին»

September 25, 2026
Փեսքով. «Թրամփի Ռուսիա Այցելելու  Փութինի Հրաւէրը Ուժի Մէջ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլին Տակաւին Կանուխ Կը Նկատէ «Քսաններու Խմբակ»-ի Վեհաժողովի Ծիրին Մէջ Փութին-Թրամփ Հանդիպման Մասին Խօսիլը

September 25, 2026
Չինաստան Եւ Միացեալ Նահանգներ  Պէտք Է Գործեն Հակամարտութիւնները Բացառելով
Միջազգային

Չինաստան Եւ Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Գործեն Հակամարտութիւնները Բացառելով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.