Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոս Եւ Մոսկուա Թարթուսի Եւ Հմէյմիմի Ռազմակայաններու Ապագային Շուրջ Փոխըմբռնման Յուշագիր Կնքած Են

August 11, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ շուրջ մէկուկէս տարի տեւած բանակցութիւններէ եւ աշխուժ քննարկումներէ ետք, վերջապէս վճռուած է Հմէյմիմի եւ Թարթուսի մէջ ռուսական ռազմակայաններու ճակատագիրը: Գոյացած է փոխըմբռնման յուշագիր մը, որ կ՛ուրուագծէ երկու կողմերուն միջեւ յառաջիկայ յարաբերութիւնները:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ փոխըմբռնման յուշագիրին հիմամբ ընթացք առած է Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ ռուսական ներկայութեան վերադասաւորման հոլովոյթը: Սուրիոյ պետութիւնը պիտի ստանձնէ քաղաքային բնոյթի կառոյցներուն, նախ եւ առաջ Հմէյմիմի օդակայանի եւ Թարթուսի նաւահանգիստի չորրորդ մայթի կառավարումը, ինչ որ կ՛արտօնէ զանոնք աստիճանաբար համարկել քաղաքային կառավարման համակարգին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի ռազմակայաններուն ու զինուորական բնոյթի կառոյցներուն, երկու կողմերը համաձայնած են անոնց պարտականութիւնը վերաբանաձեւելու: Անոնք, փոխադարձ շահերը պահպանող նոր դասաւորումներու ծիրին մէջ, ռազմակայաններէ կը վերածուին մարզումի եւ վերապատրաստման հասարակաց կեդրոններու:

Փոխըմբռնման յուշագիրը փոխակերպման հոլովոյթի ամբողջացման համար առաւելագոյնը երեք ամսուան պայմանաժամ կը ճշդէ, որմէ ետք նոր դասաւորումները ուժի մէջ կը մտնեն:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ այս քայլը շուրջ մէկուկէս տարի առաջ սկսած բանակցութիւններէն ի վեր ամէնէն նշանակալիցն է եւ ռուս-սուրիական յարաբերութիւններու նոր դուռ կը բանայ:

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Ժողովուրդները Միշտ Ալ Դժուար Օրերուն Կողք-Կողքի Կանգնած Են»

Յաջորդը

Թրամփ Իրանի Վրայ Տնտեսական Ճնշումներուն Կը Վստահի, Եւ Ոչ Թէ Հրթիռներուն

RelatedPosts

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ  Ամբողջութեամբ Վերահսկել  Հորմուզի Նեղուցին»
Գլխաւոր լուրեր

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ Ամբողջութեամբ Վերահսկել Հորմուզի Նեղուցին»

September 25, 2026
Փեսքով. «Թրամփի Ռուսիա Այցելելու  Փութինի Հրաւէրը Ուժի Մէջ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլին Տակաւին Կանուխ Կը Նկատէ «Քսաններու Խմբակ»-ի Վեհաժողովի Ծիրին Մէջ Փութին-Թրամփ Հանդիպման Մասին Խօսիլը

September 25, 2026
Չինաստան Եւ Միացեալ Նահանգներ  Պէտք Է Գործեն Հակամարտութիւնները Բացառելով
Միջազգային

Չինաստան Եւ Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Գործեն Հակամարտութիւնները Բացառելով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.