Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարութիւն Քիւրքճեան Կամ Վարժեցում Ազատութեան

(Սփիւռքեան Մտածողութիւն Մը)

August 1, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ.

Մշակոյթ Պատուանդանը Եւ Մշակութային Գոյաձեւին Անհրաժեշտութիւնը

Մշակոյթը հաւաքականութեան մը «էական միջավայր»-ն է, որովհետեւ է ինքնութեան, արմատներու եւ յիշողութեան տարածքը: Քիւրքճեան խորհած է, թէ անոնցմով կը սահմանուի «մարդկային երեւոյթ»-ը: Այսպէս խորհած է` նոյն ատեն յիշելով, թէ «այսօրինակ մշակութապաշտ տեսիլք մը» (կ՛իմանամ` պատմական եւ գոյութենական հասկացողութիւն մը) ժամանակակից ու արդի աշխարհին կողմէ մերժուած է, որովհետեւ «նախամեծար» համարուած են աւելի «իրապաշտ» գործօններ, ինչպէս` ընկերա-քաղաքականը կամ տնտեսականը: Անոնք զեղչելի չեն, բայց, ըստ իրեն, այն մերժումը մոռացումի ախտանիշ մըն է, որուն «դէմ կ՛ելլեն յիշողութեան եւ ինքնութեան պաշտպան այլ ուժեր» (պաշտպան «ուժեր»-ը իրողութիւններ են): Անոնցմէ են օրինակ, արեւմուտքի փոքրամասնական շարժումները, կամ անդրպետական (Խաչիկ Թէօլէօլեանի եզրով` «անդրազգային», որուն համաձայն չէ եղած Քիւրքճեան)  մշակութային բազմութիւնները` սփիւռքները: Սոյն «ուժեր»-ու ծիրի մը մէջ տեղադրած է արեւմտահայ սփիւռքը, որ յառաջացած է Ցեղասպանութենէն ետք: Թէ ինչո՞ւ արեւմտահայ սփիւռքը միայն, եւ ոչ նաեւ` արեւելահայը: Որովհետեւ արեւմտահայ սփիւռքը «իր պատմական ծնունդով եւ իր կրած մշակոյթի (լեզուի տարբերակով) կը զանազանուի արեւելահայ սփիւռքէն, որ նոր է եւ «էապէս տնտեսական ծագում ունի»: Աճապարեմ ըսելու, որ այս տեսակէտին համար անհրաժեշտ տեսած է աւելցնել, թէ այս զանազանումը «ճշդելի է որոշ պայմաններու տակ»: Սակայն յաւելումէն ետք չէ պարզած, թէ որո՞նք են այն «որոշ պայմաններ»-ը, զորս ի մտի ունեցած է: Ենթադրելի է, թէ Հայաստանէն արտագաղթողներէն ոմանց արեւմտահայ ծագումը նկատի ունեցած է, գուցէ նաեւ` անոնց ու այլոց դառն փորձառութիւններն ու բռնութեան կայսրութենէն ճողոպրումը:

Ինք հայ մշակոյթը «իր ակունքներէն իսկ» ճանչցած է իբրեւ բաց մշակոյթ մը, որ ի սկզբանէ ունեցած է «օտարին հետ հաղորդուելու, համարկուելու» կարողութիւնը: 1915-ի աղէտն է, որ զայն ենթարկած է «հայապահպանում» տարազով «սնանկ» գաղափարաբանութեան: Գաղափարաբանութիւն մը, որ կը կոտորակէ, կը հիւծեցնէ եւ կը բնաջնջէ… Սփիւռքը տակաւին կը շարունակէ ենթարկուիլ այն գաղափարաբանութեան ժխտական ազդեցութիւններուն: Մշակոյթին բացութիւնը որեւէ «փոքր ածու» (ծանօթ է, որ Խորենացի այս պատկերը գործածած է հայութեան համար, Քիւրքճեան ասիկա օգտագործած է` նկատի ունենալով որեւէ ցիրուցան ժողովուրդ) ներքնապէս կը զօդէ, կը զօրացնէ… Մանաւանդ` սփիւռքեան հաւաքականութեան մը պարագային:

Հայ մշակոյթը դարեր շարունակ «պայմանաւորած է հայութեան հաւաքական գոյութիւնը` իր պատմական ծագումէն` արդէն»: Անիկա հայութեան «երկրորդ բնաւորութիւն» մը եղած է: Հակառակ ամէն տեսակի աղէտներուն` անիկա այնքան ներգործօն ազդեցութիւն ունեցած է, որ «պետական կռուանէ շատ կանուխ զրկուած» հայութիւնը կանգուն պահած է իր «կրանիթեայ պատուանդան»-ին վրայ: Մարդկային կորուստները, մշակութային հարստութիւններու աւերումները եւ «անսրբագրելի բնակչագրական դիմագիծին աղաւաղումը» Հայաստանին, չեն կրցած վերջակէտ մը դնել մշակոյթի ընթացքին ու մերթ ընդ մերթ` թափին: Մշակոյթը օգնած է, որ հայութիւնը փրկուի, նոյնիսկ կիսասփիւռքեան պայմաններուն մէջ, այսինքն` նախաեղեռնեան ցրուածութեան պայմաններուն:

Մշակոյթով ապրիլը հայութեան «ազգային գոյատեւման բանալին» է: Ցեղասպանութենէն ետք արեւմտահայ սփիւռքին համար մշակութային գոյաձեւ իւրացնելը «թանկագին աւանդ» մըն է: Իւրացմամբ հայութիւնը կը վերածուի ազգ-ժողովուրդի: Պետականազուրկ ժողովուրդ մը պէտք է որ «առաւել ուժգնօրէն» կառչի իր մշակոյթին, որ կրնայ փոխարինել պետութեան դերը: Ափսոսանքով գրած է. «Մեր սփիւռքը` պառակտուած այս միաւորը, չէ փութացած ըմբռնելու այսպիսի ճշմարտութիւն մը, որ սակայն էական է իր վերապրումին համար»:

Սփիւռքը մշակոյթին փրկարար դերը «շատ անորոշ կերպով մը կը զգայ միայն»` հակառակ այն ստիպողական կացութեան, որ իրմէ կը սպասէ լուրջ ըմբռնումը անոր: Այս հաստատումին համար Քիւրքճեան ակնարկած է սփիւռքի «աղէտալիօրէն մերժողական կեցուածքին»` հանդէպ համաշխարհային մշակութային արժէքներուն: Այս կեցուածքով սփիւռքը անելի մը մէջ կը պահէ ինքզինք: Անիկա ուշացած է, կարելի է աւելցնել, որ դեռ կ՛ուշանայ «տեսնելու իր ուղին», որ չէ այլ ինչ, քան` «կենսական զանցում»-ը արեւելեան «գաղափարաբանական կեթոյին» եւ արեւմտեան քաղքենի ապամշակութայնացման: Ինք սփիւռքի արեւելեան թեւը տեսած է երկչոտ փորձի մը եւ «ձախաւեր բացուածք»-ի մը մէջ, իսկ արեւմտեան թեւը` մանկավարժական «անդամալուծութեան ու քաոսի», որ հայկական ապրող մշակոյթի մը տեղ` թիւրիմաց «հայութեան գիտակցութիւն» մը պահպանելու ապաւինած է: Պատկերը մռայլ է:

Ի՞նչ ընել:

«Պատմական դասեր»-ուն Քիւրքճեանի ընթերցումը` չէ ուզած այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ անոնք ինքնաբերաբար դեղագիրներ կամ երաշխիքներ կը հայթայթեն: Այն դասերը «օգտակար» կ՛ըլլան, երբ իրենց «էական նշանակութեան» կը վերածուին: Պայման է, որ  այդ վերածումը «օգտակար» ըլլայ: «Դասեր»-ը կը պահանջեն հաւատարմութիւն եւ ստեղծականութիւն: Հաւատարմութիւն սեփական հաւաքական ինքնութեան, եւ ստեղծականութիւն, որ «մնայուն ճիգ» է համարկուելու ներկայ համաշխարհային մշակութային արժէքներուն: Սփիւռքը այս կրկնակ պահանջին կարեւորութիւնը պէտք է ընդունի, եթէ «չի կամենար արագացնել իր նահանջը»` ձգելով, որ անիկա դառնայ «գահավէժ անկում» մը:

Իրեն համար սփիւռքահայ ըլլալը երկմշակութայնօրէն ըլլալ է (վստահ եմ, որ տարակարծիք պիտի չըլլար, եթէ ըսուէր, թէ սփիւռքահայ ըլլալը առաւել քան երկմշակութայնօրէն ըլլալ է. կը կարծեմ, որ ասիկա բացատրելու պէտքը չկայ):

Մշակոյթի իր տեսութիւնը սերտօրէն առնչած է լեզուի իր տեսութեան: Լեզուն, որեւէ հաւաքականութեան պարագային, «ագուցման տեղ»-ն է ինքնութեան գիտակցութեան, ու մշակութային «այլազան իրագործումներու», նաեւ` բարքերու ամբողջութեան: Ըստ իրեն, առանց «ագուցման տեղ»-ին իւրացման, ինչ որ կը ժառանգուի, պակասաւոր կ՛ըլլայ: Ուրեմն ինքնութեան գիտակցութիւնն ալ պակասաւոր կ՛ըլլայ… եւ պակասաւորութիւնը դրական խոստումներ չի կրնար տալ: Միայն ու միայն կը տանի բացարձակ այլութեան…

(Շար. 9)

Նախորդը

Արժանապատիւ Խաղաղութեան Գինը…

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Օղակը Կը Սեղմուի Լիբանանեան Բանակին Շուրջ (81-Ամեակ)

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.