Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինքնիշխան Գոյավիճակ Քեսապի Մէջ Եւ Թրքական Սպառնացող Վտանգը

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները

July 15, 2026
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապի մէջ զինուորական դրութեան հաստատումէն եւ Ազգային միութեան կազմաւորումէն ետք, ամբողջ ժողովուրդը միասնական ոգիով համախմբուեցաւ գաւառի նոր կազմաւորուած իշխանութեան շուրջ:

Զինուորական իշխանութիւնը անմիջապէս ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան զօրագունդ մը կազմեց, բաղկացած` ներքին եւ թռուցիկ երկու խումբերէ:

Ներքին խումբը  կազմուեցաւ գիւղերու երիտասարդներէն: Անոնք պարտականութիւն ունէին հսկելու գիւղերու ապահովութեան: Ներքին խումբի զինեալ տղաքը դիրքեր հաստատեցին գիւղերուն շուրջ եւ բարձունքներուն վրայ:

Քեսապի ինքնապաշտպանութեան Թռուցիկ խումբը

Թռուցիկ խումբը փոքրաթիւ էր, քանի մը տասնեակ հոգի, որոնք  կամաւորներ եղած էին եւ  լաւ կռուողներ էին: Անոնք յատուկ շրջաններու մէջ պարտականութիւն չունէին, այլ պիտի հասնէին հոն, ուր կարիքը կը զգացուէր:

Ընդհանուր ապահովութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեցին Տայի, Միսաքօ, Վահրամ Յովսէփեան, Ծերոն Կարպուշեան եւ Նշան Յովսէփեան (Հայր Սուրբ): Անոնք պարտականութիւն ստանձնեցին գիշեր ցերեկ շրջելու բոլոր դիրքերը եւ հարկ եղած կարգադրութիւնները ընելու:

Ներքին անդորրութիւնը եւ կարգ ու կանոնը պահելու համար կազմուեցաւ յատուկ ոստիկանութիւն` Յակոբ Փանոսեանի (Օնպաշի) ոստիկանապետութեամբ:

Նշանակուեցան երկու անդապահներ` Համըզէ եւ Հաճի Կիւրեղեաններ, որոնք պարտականութիւն ստանձնեցին շրջելու արտերն ու պարտէզները, որպէսզի գողութիւններ չկատարուէին:

Զինուորական իշխանութեան անմիջական տրամադրութեան տակ գաղտնի սպասարկութիւն մը կազմուեցաւ, առաջքը առնելու համար արտաքին ամէն անակնկալներու:

Ազգային միութիւնը կարգ ու կանոն հաստատելու համար օրէնքներ սահմանեց եւ դատաստանական խորհուրդ մը կազմեց: Օրինազանցները խստիւ պիտի պատժուէին:

* * *

Քեսապի զինուորական իշխանութեան հրամանատար Մովսէս Շահպազեան (նստած` աջէն երկրորդը) իր զինակիցներուն հետ

Զինուորական իշխանութեան եւ Ազգային միութեան համար  առաջնահերթ մտահոգութիւն էր զէնք, զինամթերք եւ պարէն ապահովել:

Զինուորական իշխանութիւնը պատուիրակութիւն ուղարկեց Ատանա եւ զէնք ու զինամթերք խնդրեց:

Տեղակալ Վահան Փորթուգալեան (Մկրտիչ Փորթուգալեանի զաւակը) Հայկական լեգէոնին հրամանատարն էր եւ միաժամանակ լեգէոնին սպայակոյտի քարտուղարութիւնը կը վարէր: Հայկական լեգէոնի կամաւորներէն զինուորական ոստիկանութիւն կազմուած էր եւ Կիլիկիոյ ապահովութեան հսկողութեան պարտականութիւնը ստանձնած էր:

Ատանա հասած պատուիրակութիւնը պարզեց Քեսապի վիճակը եւ օժանդակութիւն խնդրեց: Ատանայի ազգային իշխանութիւնը նաւակ մը լեցուն զէնք եւ զինամթերք ուղարկեց Քեսապ: Այնուհետեւ մեծաքանակ ցորեն ուղարկուեցաւ Քեսապ:

* * *

Քեսապի մէջ կեանքը բնականոն հունի մէջ մտած էր: Տուները վերանորոգուած էին: Արտերը ցանուած եւ ցորենի հասկերը կանաչցած էին: Այգիները, պարտէզները մաքրուած եւ փորուած էին: Դպրոցները վերաբացուած էին: Ամէն կողմ կարգ ու կանոն կը տիրէր: Գողութեան դէպքեր  չէին պատահեր: Լքուած մէկ երկու տուն բանտի վերածուեցաւ, բայց այդ բանտը անդուռ էր:

Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին մնայուն քահանայ չունէր: Տէր Պօղոս քահանան տարագութեան վախճանած էր: Հալէպէն այցելու քահանաներ կու գային: Յետոյ եկաւ Տէր Գրիգոր քահանան, որ քանի մը տարի մնաց: Գալատուրանի Տէր Պետրոս քահանային ջանքերով գիւղին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին տարագրութենէն վերադարձէն ետք բարեկարգուեցաւ:

Բողոքական համայնքի հովիւ վերապատուելի Տիգրան Գունտաքճեան տարագրութեան վախճանած էր եւ համայնքը մնայուն հովիւ չունէր: Յետոյ եկաւ պատուելի Յակոբ Շնորհօքեան: Իսկ Քեսապ հաստատուած ամերիկացի բողոքական միսիոնար Էտկար օժանդակութիւն կը բաժնէր ժողովուրդին եւ իւրաքանչիւր ամուսնացող զոյգի երեք օսմանեան ոսկի ու մէկ վերմակ կը նուիրէր:

Լատին համայնքի հովիւ փատրէ Սապաթինօ տարագրութենէն վերադարձին որբանոց բացաւ: Իսկ կաթոլիկ համայնքը մնայուն հովիւ չունէր. յետոյ Զմմառէն ուղարկուեցաւ հայր Յովհաննէս վարդապետ:

Ժոզէֆ Հեքիմեան

Քեսապի Ուսումնասիրաց միութիւնը վերակազմուեցաւ եւ վերապրողներուն միացան նոր երիտասարդներ` Ժոզէֆ Հեքիմեան (գիւղատնտես), Աւետիս Կարպուշեան (երկրաչափ), Ժան Քիլաղպեան, Փոլ Պօղոսեան, Ժոզէֆ Ինճեճիկեան, Փօլ Չիւրիքեան, Խաչիկ Սարգիսեան, Կարապետ Մանճիկեան եւ Աւետիս Գաթապեան:

Ուսումնասիրացի նոր վարչութիւն ընտրուեցաւ, որուն անդամները Ազգային միութեան կազմին մէջ մտան, մասնակցելով ինքնապաշտպանութեան, կրթական եւ հասարակական աշխատանքներուն:

Ուսումնասիրացը կանոնաւոր կապ հաստատեց Ամերիկայի մասնաճիւղերուն հետ: Կազմուեցաւ հանգանակիչ յանձնախումբ մը: Ամերիկայէն դրամական օժանդակութիւններ հասան Քեսապ: Դրամական նպաստները յատկացուեցան դպրոցներուն, կարիքաւորներուն եւ զէնքի ու զինամթերքի գնումներուն: Սերմնացու գնուեցաւ եւ բաժնուեցաւ ժողովուրդին:

 

Քեսապ

Ուսումնասիրացին ջանքերով Քեսապ աւանին մէջ Ազգային Միացեալ երկու վարժարաններ բացուեցան, տղոց եւ աղջկանց անջատ բաժիններով: Զոյգ վարժարաններուն տնօրէն նշանակուեցաւ Ժոզէֆ Հեքիմեան: Գիւղերուն մէջ ալ նախակրթարաններ բացուեցան:

Գաղթականութենէն տասնեակներով որբեր վերադարձած էին: Որբերէն ոմանք քեսապցի էին, ոմանք ալ այլ շրջաններէ հաւաքուած էին: Անոնք անօթեւան եւ անօգնական էին եւ ոմանք ալ կիսամեռ վիճակի հասած էին: Ազգային միութիւնը որբանոց  բացաւ անոնց համար: Որբանոցին հայրիկ նշանակուեցաւ Տային: Տայի հոսկէ հոնկէ սկսաւ սննդեղէն եւ հագուստ ապահովել որբերուն: Ան, տոպրակ մը ուսին, գիւղէ գիւղ կը շրջէր եւ ուտելիք ու հագուստեղէն կը հաւաքէր եւ անսահման սիրով ու նուիրումով կը խնամէր որբերը: Հետագային Տայի որբերը հայ ընտանիքներու մէջ տեղաւորեց եւ զանոնք ամուսնացուց քեսապցի երիտասարդ-երիտասարդուհիներու հետ:

* * *

Քեմալական շարժումը հետզհետէ աւելի ու աւելի կը զօրանար ու կը տարածուէր: 1919-ի աշնան անգլիական զօրքերը ամբողջութեամբ հեռացած էին Կիլիկիայէն եւ ֆրանսական զօրքեր փոխարինած էին զանոնք: Կիլիկիոյ գլխաւոր կառավարիչը ֆրանսացի գնդապետ Էտուարտ Պրեմոնն էր: Յետոյ զօրավար Ժիւլիէն Տիւֆիէօ Ատանա հասնելով, իբրեւ զինուորական եւ քաղաքական հրամանատար ամբողջ իշխանութիւնը իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուց: Իսկ զօրավար Քերէթ Այնթապի մէջ հաստատուելով Կիլիկիոյ արեւելեան շրջաններու հրամանատարութիւնը ստանձնեց:

Քեմալականներ Կիլիկիոյ մէջ մեծ քանակութեամբ գնդացիրներ ձեռք ձգեցին եւ զէնքի ու զինամթերքի թաքստոցներ հաստատեցին: Ֆրանսական զինուորական իշխանութիւններու բարեացակամ վերաբերմունքէն քաջալերուելով, տեղացի թուրքերը աւելի ինքնավստահ սկսան կազմակերպուիլ եւ զինուիլ: Միաժամանակ բանտերէն արձակուեցան հայկական ջարդերու կազմակերպիչներ:

Քեմալական չեթէներ եւ զօրքեր 1920 յունուար 21-ին յարձակման անցան Մարաշի վրայ, կրակի տուին հայկական թաղամասերը եւ հայերու ինքնապաշտպանութեան դիմադրութիւնները խորտակելով`  փետրուար 11-ին գրաւեցին քաղաքը. մարաշցիներէն շատեր սուրի քաշուեցան, իսկ մնացեալները ձիւնին ու սառնամանիքին փախուստի դիմեցին: Հաճըն պաշարուեցաւ եւ դիմադրութիւնը սկսաւ: Ապրիլ 1-ին սկսաւ Այնթապի հայերու դիմադրութիւնը: Սիսի հայութիւնը, քաղաքէն ֆրանսական ուժերու հեռացման գիշերն իսկ, յունիս 1-ին, հայ կամաւորներու պաշտպանութեան տակ Ատանա փոխադրուեցաւ: Հարունիէի, Պահչէի, Էյպէզի, Հասան Պէյլիի, Լափաճի, Ֆնտըճագի եւ Տէօրթ Եոլի հայերը դիմադրութիւն ցոյց տուին, բայց պարտուեցան: Տեղահան եղած հայերէն շատեր Ատանա ապաստան գտան: Տարսոն քանի մը ամիս կանոնաւոր պաշարումի ենթարկուեցաւ, բայց մնաց անընկճելի: Մերսին քանի մը անգամ բուռն յարձակումներու ենթարկուեցաւ, բայց դիմադրութեան շնորհիւ փրկուեցաւ:

Այսպիսով, մինչեւ 1920-ի ամառը Կիլիկիոյ հայաբնակ շրջանները մեծ մասամբ հայաթափ եղած կամ պաշարուած էին թրքական զօրքերուն կողմէ: Հաճըն կը շարունակէր կենաց մահու կռիւները: Զէյթուն պաշարուած եւ արտաքին աշխարհէն կտրուած էր: իսկ Այնթապի մէջ կռիւները սաստկացած էին:

* * *

Թուրքեր վճռած էին նուաճել նաեւ Քեսապը, որուն կարգը հասած կը նկատէին:

Թուրքեր Քեսապը նուաճելու համար հազարաւոր զինեալներ` չեթէներ, կանոնաւոր ուժեր ու պաշիպոզուքներ հաւաքեցին: Այդ ուժերը Քեշիշէն եւ Կեաւուրգրանէն հարաւ գօտիին մէջ կեդրոնացուեցան: Յարձակումը պիտի սկսէր Վարի Պաղճաղազի կողմէն:

 

 

Նախորդը

Գրախօսական. «Հայ Եկեղեցին Ժամանակի Մարտահրաւէրների Դիմաց». Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը
Պատմական

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը

October 21, 2026
Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր
Պատմական

Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր

October 7, 2026
Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.