Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 2, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւնները կը նշեն, որ «նախագահ Աուն սկսաւ Ուաշինկթըն իր այցելութեան եւ Թրամփի հետ իր հանդիպումին պատրաստուիլ. հակառակ այն իրողութեան, որ այցելութեան պաշտօնական թուականը տակաւին չէ ճշդուած, սակայն հաստատօրէն ի զօրու է, եւ նախագահական պալատի շրջանակները սկսան անոր պատրաստուիլ»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պետական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ. «Լիբանանի մէջ փորձառական երկու շրջաններու ստեղծման ժամանակացոյց չճշդուեցաւ»` աւելցնելով. «Պիտի կազմուի համակարգումի խմբակ մը, որ անդադար պիտի աշխատի Լիբանանի հետ ապահովական մեքանիզմի գործադրութեան համար»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իր կարգին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ փորձառական փուլի գործադրութիւնը միայն յստակ արժեչափերու մշակումէն ետք տեղի պիտի ունենայ»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Լիբանանի հետ համաձայնութեան իսկական քննութիւնը անոր գործադրութիւնն է, սակայն գոյութիւն ունեցող ներկայ պայմանները բաւարար լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր»:

. ՊԵՏԱԿԱՆ լրատու գործակալութիւն. «Իսրայէլեան ուժերը «Դեղին շրջան»-ին, սահմանային ու Լիթանիէն հարաւ շրջանին միջեւ անցքի դարպասներ հաստատեցին»:

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիին մօտիկ աղբիւր մը «Ասաս Միտիա»-ին. «Անհրաժեշտ չէ զուգահեռ ապահովական յաւելուածին հետեւիլ, երբ ինքնին համաձայնութիւնը Լիբանանը կը յանձնէ Իսրայէլին, ինչպէս նաեւ բռնագրաւումին հարաւային Լիբանանի մէջ մնալուն երկարատեւ օրինականութիւն կը պարգեւէ»:

. «ԹԱՅԱՐ». «Մեծ հեղինակութիւն մը Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայէն խնդրեց աշխատանք տանիլ այս տարուան աւարտին լիազօրութիւնը աւարտող ՖԻՆԻՒԼ-ին այլընտրանքային միջազգային ուժեր ստեղծելու: Իսա խոստացաւ ամերիկեան վարչակազմին մէջ լրջօրէն աշխատիլ այս թղթածրարին վրայ:

«Ըստ արեւմտեան աղբիւրներու, ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայ ուժերը սկսած են Լիբանանէն հեռանալու գումակային ու ապահովական պատրաստութիւնները տեսնել, եւ աշխատանք կը տարուի ստեղծելու նոր ձեւաչափով, նոր առաքելութեան լիազօրութեամբ եւ նուազ թիւով միջազգային ուժ մը»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Ասաս Միտիա»-ին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ շրջագծային համաձայնութենէն սուրիական դժգոհութիւնը միայն տեսական ոլորտին մէջ չէր. Սուրիոյ նախագահական պալատի մթնոլորտէն յստակ դարձաւ, թէ նախագահ Ահմետ Շարհի շրջապատը գոհ չէ տեղի ունեցածէն: Մտահոգութիւնը միայն լիբանանեան հաւասարակշռութեան մէջ Հըզպալլայի դիրքին առնչուած չէ, այլեւ` աւելի լայն մտավախութեան»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակը դէմ կը կանգնի ոեւէ անձի, որ աշխատանք կը տանի սադրանք յառաջացնելու եւ ապահովութիւնը խաթարելու: Որոշում տրուած է ներկայ զգայուն ու վտանգաւոր փուլի ընթացքին որեւէ սայթաքում արգիլելու»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ապահովական մարմինները բարձրացուցին իրենց միջեւ համակարգումի մակարդակը եւ որդեգրեցին կանխարգիլման քայլեր` հետեւելու համար յառաջիկայ փուլին: Նպատակը ոեւէ մէկու հետ ճակատ բանալը չէ, այլ փակել բոլոր ճամբաները ներքին անվտանգութեան սպառնացող որեւէ քայլի դիմաց, որ կրնայ Հըզպալլան ղեկավարել»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Համաձայնութիւնը կարիքը ունի կառավարութեան մէջ նախարարներու երկու երրորդի հաւանութեան եւ խորհրդարան փոխանցուելով երեսփոխաններու դարձեալ երկու երրորդի վաւերացման: Շիի երկեակը իրենց գրաւը դրած են Ժոմպլաթի եւ Պասիլի դիրքորոշումներուն վրայ»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սելիմ Աուն «Սաութ Քուլ Լուպնան»-ին. «Որեւէ համաձայնութեան կամ բանակցային շրջագիծի վերաբերեալ որեւէ դիրքորոշում կը հիմնուի մէկ արժեչափի վրայ` իսրայէլեան յարձակումներու դադրեցումն ու բռնագրաւուած հողերու եւ գերիներու վերադարձը երաշխաւորելու ճամբով որքանո՛վ կ՛իրագործէ լիբանանեան շահը»:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Այ24նիուզ»-ի. Քնեսեթը Յառաջիկայ Շաբաթ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւին Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ

Յաջորդը

Սթրիտա Ժահժահ. «Լիբանանը Պատմական Առիթի Առջեւ Է Եւ Չի Կրնար Պատանդը Մնալ Հոլովոյթներու, Որոնց Որոշումին Տէրը Չէ»

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.