Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ Երեւանը կրկին ընդունեց իր վաղեմի բնակիչներէն մէկը: Տասնամեակներու թափառումներէ եւ տեղափոխութիւններէ ետք «Վահագն Վիշապաքաղ» յուշարձանը վերադարձաւ մայրաքաղաքի սիրտ` Ռուսաստանի հրապարակ, Երեւանի քաղաքապետարանի հարեւանութեամբ:
Հայոց դիցաբանութեան ամպրոպի եւ կայծակի, ռազմի եւ յաղթանակի աստուած Վահագնը ազգային կամքի, աննկուն ոգիի եւ պայքարի խորհրդանիշ է: Քանդակագործ Կառլէն Նուրիջանեանի ստեղծագործական հանճարը յաջողած է այդ կերպարը մարմնաւորել պղինձի մէջ` անոր հաղորդելով ուժ, շարժում եւ ոգի:
Նշենք, որ 1968-ին ստեղծուած, 3.5 մեթր բարձրութեամբ արձանը 1969-ին տեղադրուեր է Մաշտոցի պողոտայի վրայ, 1970-ին տեղափոխուեր է «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մօտ` Հայաստանի նկարիչներու միութեան շէնքին հարեւանութեամբ, իսկ 1980-ականներու սկիզբը` Էջմիածինի խճուղիի մօտ: Ապա վերականգնուած եւ ներսէն ամրացուած արձանը 2004-ին տեղադրուեր է Երեւան-Էջմիածին մայրուղիի կամուրջին մօտ:
Կարծես մնայուն հանգրուան որոնած «Վահագն Վիշապաքաղ»-ի յուշարձանը այսօր Երեւանի կեդրոնէն կու գայ յիշեցնելու ամբողջ ժողովուրդի մը պատմութիւնը, պայքարը եւ հաւատքը սեփական ուժերու վրայ:
Կառլէն Նուրիջանեան… Անոր անունով դպրոցներ, համալսարաններ կամ փողոցներ չկան, բայց անոր քանդակները` Վահագն Վիշապաքաղը, Տորք Անգեղը եւ Հայկ նահապետը արդէն անհերքելի խորհրդանիշեր են:
Ոմանք քանդակագործին անունը շուքի մէջ մնալուն երկու պատճառ գտած են: Մէկն այն է, որ շատ հաւանաբար Նուրիջանեանը խորհրդային տարիներուն չէ խոնարհած կուսակցական վերնախաւին առջեւ, իսկ` երկրորդը, որ քանդակագործը չափազանց ինքնամփոփ մարդ եղած է:
Քիչեր գիտեն, որ խորհրդային տարիներուն Նուրիջանեանը անձամբ կը հետեւէր իր իւրաքանչիւր քանդակի տեղադրման: Անոր համար կարեւոր էր, որ Հայկի նետը ուղղուած ըլլար դէպի Թուրքիա, իսկ Տորք Անգեղի ձեռքի ժայռը` դէպի արեւմուտք: Հաւանական է, որ արուեստագէտին դրսեւորումները պատճառ դարձած են, որ խորհրդային իշխանութիւնները զինք չընդունին:
«Ան կրնար ժամերով վիճիլ հօրը հետ` կուսակցութեան եւ Հայաստանի ապագային վերաբերեալ. այդ հարցով միշտ հօրը դէմ եղած է, քանի որ հայրը կուսակցութեան անդամ էր»,- պատմած է արուեստագէտին քոյրը:
Առողջապահական
Ոտնաթաթի Մարձում`
Փշոտ Գնդակով
Գիտէ՞ք, թէ ոտնաթաթի պարզ ինքնամարձումը կրնայ զգալի օգուտներ բերել թէ՛ մարմնին եւ թէ՛ մտքին: Քիչեր գիտեն, որ կերպընկալէ պատրաստուած փշոտ գնդակը ստեղծուած է Դանիոյ մէջ` հոգեկան խանգարումներէ տառապող հիւանդներուն օգնելու համար:
Սկզբունքը շատ պարզ է. գնդակը պէտք է դնել ոտնաթաթին տակ եւ զայն բոլոր ուղղութիւններով պտտցնել: Բացի հոգեկան լարուածութիւնը թօթափելէ եւ ամէնօրեայ բարեկեցութիւնը բարելաւելէ` տեսէք, թէ ուրիշ ի՛նչ բաներու կ՛օգնէ ոտնաթաթի մարձումը փշոտ գնդակով:
– Կը թուլացնէ ոտնաթաթի մկանները, կը նուազեցնէ յոգնածութիւնը եւ կը մեղմէ ոտքի ու սրունքի ցաւերը:
– Կը խթանէ արեան շրջագայութիւնը եւ կը նուազեցնէ այտուցը:
– Կը նուազեցնէ ընկճախտն ու մտային լարուածութիւնը` նպաստելով հանգստութեան եւ բարեկեցութեան վիճակին:
– Կը մեղմացնէ գլխու ցաւը:
– Կը կարգաւորէ արեան ճնշումը:
– Կ՛օգնէ թեթեւցնելու յղի կիներուն ոտքի եւ սրունքի ցաւերն ու այտուցները:
Ինչպէ՞ս Ինքնուրոյն
Մարձել Ոտնաթաթերը
Գտէք յարմարաւէտ ոտքի կամ նստած դիրք: Ոտնաթաթի տակ դրէք փշոտ փոքրիկ գնդակը (թենիսի գնդակը նոյնքան լաւ արդիւնք կ՛ապահովէ) եւ դանդաղ պտտցուցէք զայն` կիրարկելով չափաւոր ճնշում: Կեդրոնացէք լարուածութեան կամ ցաւի հատուածի վրայ եւ քանի մը վայրկեան մնացէք այդ դիրքով, ապա շարունակեցէք պտոյտները:
Իւրաքանչիւր ոտնաթաթի մարձումը կատարեցէք ոչ աւելի քան 3 վայրկեան:
Կ՛արժէ փորձել…
Փարէոն`
Անժամանցելի Աքսեսուար Մը
Արեւի ակնոցին լայնեզր գլխարկին, մուճակին եւ անձեռոցին նման` փարէոն անհրաժեշտ աքսեսուար մըն է լողազգեստը արժեւորելու համար:
Թեթեւ, շնչող եւ դիւրին հանգուցուող փարէոն փոլինեզիական ծագում ունի. զայն կը կրէին թէ՛ կիները եւ թէ՛ տղամարդիկ եւ յաճախ պատրաստուած կ՛ըլլար թթենիի կեղեւով:
Մեր օրերուն փարէոն ոչ միայն կանացի վայելչութիւն կը հաղորդէ, այլեւ կը ծածկէ մարմնի որոշ թերութիւններ: Փարէոն կարելի է կրել երկու ծովու լոգանքի միջեւ, մարմինը մասամբ պաշտպանելու համար արեւուն կիզիչ ճառագայթներէն, ինչպէս նաեւ ծովափին` «պար»-ը կամ ճաշարանը նստելու ատեն: Վերջապէս, երեկոյեան լողաւազանին շուրջ կազմակերպուող հաւաքոյթներուն փարէոն վայելչութիւն հաղորդող արագ եւ գործանական տարբերակ է:
Փարէոյի Ճիշդ Ընտրութիւն
Թելադրելի է, որ փարէոյին կտորը ըլլայ բամպակեայ եւ փափուկ, որպէսզի դիւրին հանգուցուի:
Գնելու ժամանակ փորձել ներդաշնակութիւն ստեղծել լողազգեստին հետ:
Հրաժարիլ սեւ գոյնէն` մտածելով, որ սեւը աւելի նիհար եւ բարեձեւ ցոյց կու տայ: Նախապատուութիւնը տալ բաց եւ վառ գոյներուն եւ նախշերուն:
Խուսափիլ թանձր տարբերակներէն, որոնք թէ՛ ուշ կը ցամքին, եւ թէ՛ դժուար կը հանգուցուին:
Ստորեւ` փարէոն հանգուցելու հետաքրքրական տարբերակներ:
Դեղին Գոյնի Մթերքներու
Օգտակար Յատկութիւնները
Սնունդին գոյնը կարեւոր դեր կը խաղայ մեր սննդակարգին մէջ: Դեղին սննդամթերքները, բացի տեսողական գրաւչութենէ, օժտուած են առողջական օգուտներով, որոնց կ՛արժէ ծանօթանալ:
Նախ կարեւոր է իմանալ, թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունի այս գոյնը սննդային տեսանկիւնէ: Ընդհանուր առմամբ, դեղին սննդամթերքները հարուստ են քարոթենոիտներով` բուսական գունանիւթերով, որոնք մթերքներուն կու տան դեղին երանգ: Քարոթենոիտները, ինչպիսին է պեթա-քարոթենը, կարեւոր դեր կը խաղան դիմադրողական համակարգի ամրապնդման, տեսողութեան բարելաւման եւ մորթի պաշտպանութեան գործունէութեան համար:
Դեղին Մթերքներու Օգուտները
1.- Դիմադրողական համակարգի աջակցութիւն եւ վարակներէ պաշտպանում,
2.- Աչքի առողջութիւն,
3.- Մարսողական համակարգի կարգաւորում,
4.- Հակաբորբոքային ազդեցութիւն,
5.- Կազդուրիչ յատկութիւն:
Դեղին մթերքներու օգտակար յատկութիւններէն օգտուելու համար ձեր սննդակարգին մէջ պէտք է ներառէք` կիտրոն, պանան, մանկա, եգիպտացորեն, պուլկարական դեղին պղպեղ, անանաս, քրքում, խաղող, դեղին գետնախնձոր եւ այլն…
Խոհագիր
Խորոված Ծաղկակաղամբ
Համեղ Թացանով
– 1 մեծ ծաղկակաղամբ
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ, սեւ եւ կարմիր պղպեղ
Թացանին համար`
– 3 ապուրի դգալ հալած կարագ
– 3 պճեղ սխտոր (մանրուած)
– 2-3 ապուրի դգալ թարմ կիտրոնի հիւթ
– 1 թէյի դգալ կիտրոնի կեղեւի տաշուք
– 1 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– Պտղունց մը աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 220 ջերմաստիճանով:
Ծաղկակաղամբը լուալ, ցամքցնել եւ 3 սմ հաստութեամբ շերտերու վերածել: Շերտերը շարել փուռի ափսէին վրայ, երկու կողմով ձիթապտուղի ձէթով ծեփել, աղել եւ համեմել: Եփել 25-30 վայրկեան, մինչեւ որ ծաղկակաղամբները փափկանան եւ ոսկեգոյն դառնան:
Թեթեւ կրակի վրայ 1-2 վայրկեան եփել թացանին բոլոր բաղադրիչները, ստացուած թացանը թափել խորոված ծաղկակաղամբներուն վրայ եւ մատուցման պահուն զարդարել կիտրոնի շերտերով եւ մանրուած ազատքեղով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ե՞րբ է գետը կոչւում ազատ,-
Երբ, լեռներից իջնելուց զատ,
Քարերն իրար տալուց յետոյ,
Դաշտ ու հովիտ գալուց յետոյ,
Փոխած իր վարքն ու իր ճամբան`
Պայազատի կեա՜նքն իր անբան,
Խոնարհ տրուած բահին մարդու,
Մէկ կարկաչում է նոր արտում,
Մէկ թաքնւում է,
ջրում ածուն,
Մէկ` աղմկում ջրաղացում.
Երբ չի՜ մնում իր հին խելքին,
Որ, չոր թողած արտն ու այգին,
Ազատ հոսի` ո՜ւր ուզենայ,
Զուր պղտորուի՜
ու լճանա՛յ,
Եւ, առանց գործ, առանց վաստակ,
Դառնայ ճահի՜ճ ու… մահաստա՛ն…
… Ես քո Քասա՜խն եմ, Հայաստա՛ն:
ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ




