«էն. Պի. Էյ.»-ի տարեշրջանը աւարտելէ ետք, արդէն իսկ խումբեր սկսած են աշխատանքի: Ամրան ամէնէն մեծ անակնկալը պատահեցաւ, երբ յոյն բարձրահասակ մարզիկ Եաննիս Անթեթոքումփօ համաձայնեցաւ միանալ Մայեմի Հիթին` ախոյեանութիւն շահելու յոյսով: «Կրիք Ֆրիք» ծածկանունով Անթեթոքումփոյի փոխանցումը այնքան ալ դիւրին չէր, եւ Մայեմի, որպէսզի իր կազմին մէջ ունենայ Եաննիսը եւ Պոպի Փորթիսը, Միլուոքի Պաքսին փոխանցեց Թայլըր Հերրոն, Քալելէ Ուիրը, Խայմէ Խաքեսը, Քասփարաս Եաքոշիոնիսը, ինչպէս նաեւ 2026-ի «Էն. Պի. Էյ.»-ի նորեկ մարզիկ մը (որ տակաւին անյայտ է), 2031-ի եւ 2033-ի նոր միանալիք մարզիկները եւ երկու այլ ապագայի մարզիկներ:
Աւելի՛ն, կրնայ պատահիլ, որ վեթերան Լըպրոն Ճէյմս իր կարգին միանայ Մայեմիին, երբ անոր որդին` Պրոնի Ճէյմս վերջերս յայտնած էր, թէ իր հայրը անգամ մը եւս կը փափաքի միանալ Մայեմիի, որուն հետ ան «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան դարձած էր:


