Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Եւ Փեզեշքիան Առցանց Ստորագրեցին Փոխըմբռնման Յուշագիրը

June 19, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի վրայ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմի 111-րդ օրը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Վերսայի մէջ, իսկ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան Թեհրանի մէջ առցանց ստորագրեցին իրենց երկիրներուն միջեւ գոյացած խաղաղութեան փոխըմբռնման յուշագիրը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Փարիզի մէջ Վերսայի պալատէն հեռանալու ընթացքին յայտնեց. «Իրանի հետ փոխըմբռնման յուշագիրը ստորագրեցի»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն, որ Վերսայի պալատին մէջ ընթրիքի ընթացքին Թրամփի կողմէ յուշագիրի ստորագրման տեսագրութիւնը հրապարակեց, յայտնեց. «Նախագահ Թրամփ այսօր երեկոյեան (չորեքշաբթի) Վերսայի մէջ ստորագրեց Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համաձայնութիւնը»:

«Այս համաձայնութիւնը տեւական խաղաղութեան ճամբայ կը հարթէ եւ Հորմուզի նեղուցին վերաբացումը կ՛արտօնէ», ըսաւ ան:

«Համաձայնութիւնը մեր քաղաքացիներուն համար ճիշդ ուղղութեամբ կարեւոր քայլ է, եւ մօտ օրէն ուժանիւթի գիներու նուազման պիտի առաջնորդէ», յայտնեց Մաքրոն:

Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ յայտարարեց. «Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրը անմիջապէս ուժի մէջ պիտի մտնէ: Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի նախագահները ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիրը, ինչպէս նաեւ ես զայն իբրեւ միջնորդ վաւերացուցի»:

«Իբրեւ առաջին քայլ Իրան անմիջապէս Հորմուզի նեղուցը պիտի բանայ, իսկ Միացեալ Նահանգներ անմիջապէս պիտի վերցնեն ծովային շրջափակումը», ըսաւ ան:

«Նախագահ Թրամփ անգամ մը եւս օգնեց վերջ տալու հակամարտութեան մը, որ կրնայ շրջանին մէջ եւ անկէ դուրս ծանր հետեւանքներու յանգեցնել», յայտնեց Շարիֆ:

«Բարձր կը գնահատեմ ժրաջան աշխատանքը ամերիկեան բանակցային խումբին, ներառեալ Ճէյ. Տի. Վանսը (Թրամփի տեղակալ), Սթիւ Ուիթքոֆը եւ Ճարետ Քուշները», ըսաւ Փաքիստանի վարչապետը` աւելցնելով. «Մեծ գնահատանքս կը յայտնեմ գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Խամենէիին եւ նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանին` խաղաղութեան դատը որդեգրելու անոնց իմաստութեան համար»:

«Կը գնահատեմ Քաթարի ղեկավարութեան անկեղծ ջանքերն ու շինիչ մասնակցութիւնը` այս փուլին հասնելու օգնութեան մէջ», ըսաւ Շարիֆ:

«Բարձր կը գնահատեմ Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի ղեկավարութիւնները` այս հարցին մէջ անոնց անփոխարինելի դերին եւ արժէքաւոր ներդրումին համար», յայտնեց ան:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան, անդրադառնալով իր երկրի Միացեալ Նահանգներուն հետ ստորագրած խաղաղութեան յուշագիրին, «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Ասիկա պատմական փաստաթուղթ է եւ հաղորդագրութիւն հզօր Իրանէն. խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի փոխադարձ յարգանքի հովանիին տակ:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը միշտ հաւատարիմ է համաշխարհային խաղաղութեան` պահպանելով արժանապատուութիւնն ու անկախութիւնը, յառաջընթացը եւ շրջանային համագործակցութիւնը»:

Զուիցերիոյ Մէջ Այսօրուան Ժողովը

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Իրանի նախագահը եւս ստորագրեց յուշագիրը, որ ուժի մէջ մտաւ»` աւելցնելով. «Ժընեւի մէջ նախատեսուած պաշտօնական ստորագրութիւնը Վերսայի մէջ ստորագրումէն ետք ջնջուեցաւ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի իր կարգին հինգշաբթի կանուխ առաւօտուն յայտնեց, որ երկու երկիրներու նախագահներուն կողմէ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրումէն ետք, որոշուած է ժամանակաւորապէս առկախել Զուիցերիոյ մէջ այսօր նախատեսուած ժողովի քննարկումը:

Զուիցերիոյ կառավարութիւնը, սակայն, յայտարարեց, թէ այսօր լեռնային Պիւրկենսթոք հանգստավայրին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ նախնական բանակցութիւններ նախատեսուած են` նշելով. «Մինչեւ հիմա, ծրագիրը Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ, միջնորդներ Փաքիստանի, Քաթարի եւ այլ շահագրգիռ պետութիւններու կողքին վաղը Պիւրկենսթոքի մէջ գումարելն է ժողով մը` համաձայնութեան գործադրութեան շուրջ նախնական բանակցութիւններ կատարելու համար»:

Սպիտակ տան անձնակազմի պետ Սուզի Ուայլզ յայտնեց. «Յառաջիկայ 60 օրերը կրնան կարեւոր մանրամասնութիւններու բանաձեւման ընթացքին մարտահրաւէրներ պարունակել, սակայն փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութիւնը Ամերիկայի եւ ամբողջ աշխարհին համար դէպի յառաջ մեծ քայլ կը նկատուի»:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէ ըսաւ, որ Իրանի հետ համաձայնութիւնը կը նուազեցնէ անոր հիւլէական եւ հրթիռային կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկման ազատութիւնը կը վերականգնէ:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ համաձայնութեան ստորագրութիւնը` յայտնելով. «Կը յուսանք, որ բոլոր կողմերը յարգեն Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ նշուած իրենց յանձնառութիւնները»:

«Կ՛ողջունենք ստորագրութիւնը Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրին, որ կացութեան հանդարտեցման մէջ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ», նշեց նախարարութիւնը:

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փեսթորիուս ըսաւ. «Երկու նաւեր Կարմիր ծով կ՛ուղղուին` առ ի պատրաստութիւն Հորմուզի նեղուցին մէջ զինուորական հաւանական առաքելութեան մը»:

Պելճիքա եւս պատրաստակամութիւն յայտնեց ականազերծման աշխատանքին մասնակցելու:

Զայրոյթի Ալիք

«Ժազիրա» հաղորդեց, որ յուշագիրի ստորագրութենէն ետք, Ուաշինկթընի միջանցքներուն մէջ քաղաքական զայրոյթ յառաջացած է, եւ այդ քայլը հաւասարապէս դեմոկրատական եւ հանրապետական օրէնսդիրներու կողմէ բուռն քննադատութիւններու արժանացած է:

Ամերիկացի քաղաքագէտներ յուշագիրին ստորագրութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մէջ «պատմական սխալ» նկատած են` նշելով, որ համաձայնութիւնը Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական սկզբունքներէն անընդունելի նահանջ կը ներկայացնէ:

«Աքսիոս» հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին զօրակցող իսրայէլեան լրատուամիջոցներ, որոնք նախապէս կտրուկ կերպով կը զօրակցէին Թրամփին, անոր եւ վարչակազմին դէմ քննադատութեան արշաւ սկսած են:

Նեթանիահուի մօտիկ եղող իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանի խօսնակներէն մէկը Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանսին գռեհիկ որակումներ տուած է եւ Թրամփի պատուիրակներ` Սթիւ Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները «հակասեմականներ» կոչած` պնդելով, որ անոնք անձնական նիւթական շահերու համար «Իսրայէլը ծախեցին»:

«Աքսիոս» նշեց, որ ծերակուտական Լինտսի Կրահամ չորեքշաբթի առտու Ուիթքոֆի հետ մէկ ժամ տեւած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին զօրակցութիւն յայտնած է համաձայնութեան:

Նախորդը

Թրամփ. «Նեթանիահու Պատերազմի Կարգ Մը Երեսներուն Մէջ Տարբեր Նպատակներ Ունէր»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին Միջեւ Հանդիպում` Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)

September 19, 2026
Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.