Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ քաթարեան, ֆրանսական եւ բրիտանական նախարարական պատուիրակութիւն մը ընդունելուն ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը կարեւոր են ոչ միայն շրջանին, այլ նաեւ Եւրոպայի համար, որովհետեւ շրջանին եւ Եւրոպայի մէջ կարելի չէ կայունութիւն ապահովել առանց Լիբանանի մէջ կայունութեան»:
«Մեր կողքին ձեր կանգնիլը չափազանց կարեւոր է ոչ միայն մարդասիրական ոլորտին մէջ, այլ նաեւ բանակին ու ապահովական ուժերուն աջակցութեան շարունակման մէջ, որովհետեւ անոնք անվտանգութեան ու կայունութեան երաշխիքներն են, որպէսզի Լիբանանը դարձեալ ոտքի կանգնի եւ զարթօնքի երթին մէջ յառաջ ընթանայ», ըսաւ ան:
«Տնտեսական, ելեւմտական, վարչական ու արդարադատական բարեկարգումները լիբանանեան հիմնական պահանջ են, նախքան Լիբանանին աջակից բարեկամական պետութիւններու պահանջը ըլլալը, սակայն պատերազմ տեղի ունեցաւ եւ որոշ ժամանակ խոչընդոտեց այն բարեկարգումները, որոնց ձեռնարկեցինք անմիջապէս, որ կառավարութիւնը կազմուեցաւ», նշեց հանրապետութեան նախագահը:
«Լիբանանը օժանդակութիւններու կարիք չունի, այլ ներդրումներու: Արտերկրի լիբանանցիները պիտի նպաստեն իրենց մայր հայրենիքի ոտքի կանգնելուն, եւ մենք պէտք է անոնց համար պատրաստենք անհրաժեշտ ենթահողը բարեկարգումներու, որոնք այդ երաշխիքը կը կազմեն եւ զանոնք կը մղեն վերադառնալու ու իրենց հայրենիքին մէջ տարբեր ոլորտներու մէջ ներդրում կատարելու», յայտնեց Աուն:
«Այն, ինչ որ կը կատարենք, Լիբանանի նկատմամբ արտաքին վստահութեան վերականգնումն է, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն իրենց պետութեան նկատմամբ վստահութեան վերականգնումը», նշեց հանրապետութեան նախագահը:


