Ֆրանսայի Էվիան քաղաքին մէջ գումարուած «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ «Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ համաձայնութիւնը պատմական առիթ մըն է Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք ձգելը արգիլելու»` շեշտելով «Թեհրանի շրջանային եւ հրթիռային սպառնալիքներու դիմակայումը»: Այս մասին հաղորդեց «Սքայ Նիուզ»:
«Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ ղեկավարութեամբ պաշտպանութեան բազմազգեան եւ անկախ նախաձեռնութիւնը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումի վերականգնման մէջ», նշեց վեհաժողովը` ընդգծելով. «Առանց սահմանափակումի կամ տուրքերու Հորմուզի նեղուցէն անցնելու իրաւունքը միջազգային առեւտուրի անկիւնաքարն է»:
«Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովը աջակցութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ անմիջական զինադադարին եւ «լիբանանեան կառավարութեան Հըզպալլան զինաթափելու ջանքերուն»:
«Եօթներու խմբակ»-ը նաեւ ըսաւ, որ պիտի ամրապնդէ Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, ներառեալ որդեգրելով քարիւղի եւ կազի ոլորտները թիրախաւորող քայլեր, որոնց զուգահեռ աւելցնելով Ուքրանիոյ օդային պաշտպանութեան կարողութիւնները, յաւելեալ համակարգերն ու ցամաք-օդ հրթիռները, ինչպէս նաեւ հեռահաս զէնքերը:


