Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Իրանեան Առաւելներ Եւ Միացեալ Շահոյթներ

June 18, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ-Իրան հակամարտութեան լուծման առաջնորդող փոխըմբռնման յուշագիրի հրապարակուած կէտերը մեկնաբանութիւններու հիմնական ուղղուածութիւն մը կը նախանշեն: Նախաստորագրուած բնագիրի հրապարակումը պաշտօնական չէ, բայց համաշխարհային լրատուամիջոցներու կողմէ անոր հրատարակութիւնը եւ համաձայնուած կէտերու շուրջ շրջանառուող մեկնաբանութիւնները մտածել կու տան անոր վաւերականութեան մասին: 14  կէտերէ բաղկացած այս յուշագիրին մէջ Թեհրանը ստացած է կարեւոր երաշխիքներ եւ արձանագրած առաւելներ:

Բացի դէպի Իրան յայտարարուած պատերազմի դադրեցումէն, կը կասեցուին իրանեան արտաքին յենակէտերու վրայ կատարուող յարձակումներ: Յատուկ կը շեշտուի Լիբանանը, ուր Իսրայէլ կը փորձէր իրականացնել մեծ ծրագիրը, կազմաքանդելու Հըզպալլան եւ իրականացնելու իր անվտանգութեան գօտիի ձեւաւորումը: Նշենք, որ Իսրայէլ կը փորձէր անջատել Լիբանանը ընդհանուր համաձայնութենէն, իսկ Իրան նախապայման  կը նկատէր Լիբանանի ներառումը ընդհանուր համաձայնութեան: Իսրայէլ աւելի ուշ կը շեշտէր Լիբանանէն իր ուժերը չհեռացնելու իր որոշումը, ինչ որ լռելեայն կ՛ենթադրէր ռազմական գործողութիւններու դադրեցում, առանց հեռանալու: Չի բացառուիր, որ կայանալիք բանակցութիւններուն այդ պահանջը եւս իբրեւ նախապայման Իրան պահանջէ Ուաշինկթընէն:

Առաջին կէտին մէջ կան նաեւ յանձնառութեան կէտեր` ռազմական գործողութիւններ չվերսկսելու:

Երկրորդ. կը թուի, որ կայ երկու կողմերուն վերաբերող ընդհանուր սկզբունք` յարգել ինքնիշխան որոշումներն ու չմիջամտել ներքին գործերուն: Սակայն նկատի ունենալով մինչեւ յուշագիրի որդեգրումը տիրող իրավիճակը, ապա պարզ է, որ պահանջը Ուաշինկթընին ուղղուած է: Միացեալ Նահանգներն էին, որոնք Իրանի ինքնիշխան իրաւունքներու շրջանցումներ կը կատարէին յատկապէս բնական պաշարները օգտագործելու դէմ դնող արգելքներով: Իսկ ներքին գործերուն չմիջամտելը պարզապէս այստեղ կ՛ընկալուի գործող վարչակարգին գոյութիւնը ճանչնալ եւ տապալումի ուղղութեամբ ներիրանեան հատուածներուն ուղղութեամբ չաշխատիլ Իրանի տարանջատումը առաջադրելով կամ  համապատասխան կոչեր ընելով:

Ճշդուած է 60-օրեայ ժամանակահատուած բանակցելու: Ժամկէտը ի պահանջել հարկին երկարաձգելի է: Այս կ՛ենթադրէ, որ բանակցային նոր շրջափուլ կը թեւակոխուի այս ձեւով:

Միացեալ Նահանգներ կը վերցնեն ծովային շրջափակումը: Իրան չի խոչընդոտեր  նաւարկումները: Այստեղ կայ այլ ժամկէտ. 30 օրուան ընթացքին նաւարկումներուն մակարդակը կը բարձրանայ  պատերազմէն առաջուան մակարդակին:

Իրան կը ստանձնէ յանձնառութիւն նաւարկումներուն համար թեքնիք խնդիրներ լուծելու եւ մանաւանդ  ծովային տարածքները ականազերծելու:

Իրանի կողմէ Միացեալ Նահանգներէն պահանջուած վնասուց հատուցումը կ՛ամրագրուի: Ասոր առընթեր Իրանի կողմէ վաղուց առաջադրուած տասնամեակներու վրայ կուտակուած ամէն տեսակի պատժամիջոցներու վերացումը կ՛ընդունուի: Կ՛ըսուի նաեւ, որ նոր պատժամիջոցներու որդեգրումի պիտի չձեռնարկուի:

Թեհրան շատոնց յայտարարած էր, որ նպատակ չունի հիւլէական զէնք ունենալու: Հետեւողականօրէն կ՛ընդգծէր, որ իւրանիոմի հարստացումը խաղաղ նպատակներու օգտագործման համար է: Այս յուշագիրով կը վերահաստատուի հիւլէական զէնք չստեղծելու հրամայականը:

Կարեւոր կէտ ձեռք կը ձգէ այս բոլորին մէջ Իրանը` վերականգնելով իր ուժանիւթային աղբիւրներու վերարտահանման իրաւունքը եւ ապահովելով պետական պիւտճէին մաս կազմող իր գումարներու ապասառեցումը:

Առաջին հայեացքով Իրան կը շարունակէ վերահսկել Հորմուզը, կը ստանայ վնասուց հատուցում, կ՛ապասառեցնէ իր գումարները եւ դուրս կու գայ պատժամիջոցային մեկուսացումէ: Պարզեցնելով յուշագիրը, հիմնական յանձնառութիւնը իր վերահսկողութեան տակ եղող ծովային տարածքներու վրայ նաւարկումները չխոչընդոտելն է եւ հիւլէական զէնքի գոյառումը բացառելն է (որ արդէն վաղուց հաստատած էր):

Պէտք չէ մոռնալ սակայն, որ այս յուշագրային կէտերը ընդհանուր համաձայնութիւն չեն: Այս կէտերուն շուրջ կայացած համաձայնութեան վրայ կը սկսին բանակցութիւններ, որոնք 60 օրով պիտի չսահմանափակուին փաստօրէն:

Նախաստորագրուած փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի կէտերու իրականացման համար միացեալ գործիքակազմի մասին: Ահա՛ այստեղ է հիմնական նորութիւնը: Միացեալ ձեւաչափով կարգաւորելի խնդիրները կ՛ենթադրեն հսկայածաւալ նոր գործառնութիւններու նոր համակարգ, տնտեսական նոր յարաբերութիւններ, համաշխարհային տնտեսական շուկայի մէջ նոր դրոյթներ: Իսկ նաեւ միացեալ գործիքակազմը միայն համակարգումի աշխատելաձեւին չի վերաբերիր անշուշտ, այլ նաեւ միացեալ շահոյթներու: Իսկ գերշահոյթներ ապահովելը Թրամփի ղեկավարած վարչակարգի առաջնային օրակարգն է: Կը թուի, որ 60-օրեայ բանակցութիւնները ֆինանսական շահոյթներու բաշխման շուրջ են նաեւ:

«Ա.»

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին. Լիբանանահայ Վարժարաններու Ուսուցիչներուն Նուիրուած Ընթրիքի Երեկոյ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( Յունիս 18 2026)

RelatedPosts

Խմբագրական.  Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)

September 19, 2026
Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.