Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Մէջ Լոյս Տեսաւ «Հայ Գիրի Եւ Մշակոյթի Տարօնցի Սպասաւորներ» Երկասիրութեան Ա. Հատորը

June 16, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան Հալէպի վարչութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ արդէն իսկ տպագրուած ու հրապարակ հանուած է իր կողմէ հովանաւորուած նոր հատոր մը, որ կը կոչուի «Հայ գիրի եւ մշակոյթի ՏԱՐՕՆՑԻ սպասաւորներ»:

Պատմագիտական ու բանասիրական բնոյթի այս նորատիպ գիրքին հեղինակը հալէպաբնակ կրթական մշակ ու գրականագէտ Լեւոն Շառոյեանն է:

Հատորը 320 էջ է ու պատկերազարդ: Ինչպէս խորագրէն ալ կարելի է ենթադրել,  երկասիրութիւնը լուսարձակ կը բանայ պատմական Տուրուբերան նահանգի (Տարօն, Մուշ, Բաղէշ, Սասուն եւ շրջակայք) ծնունդ այն բոլոր մտաւորական դէմքերուն վրայ, որոնք ծառայած են հայ գիրին ու դպրութեան եւ առաւել կամ նուազ չափով ներդրում մը ունեցած են հայ ընդհանրական մշակոյթի ծաղկումին մէջ:

Այսպէս, սկսելով Հացեկաց գիւղի մեծ զաւկէն` Մեսրոպ Մաշտոցէն, գիրքին մէջ ժամանակագրական կարգով կը տողանցեն նախ հին դարերու տարօնցի երեւելի դէմքերը` Մովսէս Խորենացի, Մամբրէ Վերծանող, Դաւիթ Անյաղթ, Յովհան եպս. Մամիկոնեան եւ այլն, այնուհետեւ անոնց կը միանան յաջորդ դարերէն ծանօթ-անծանօթ բազմաթիւ դէմքեր: Առատ են մա՛նաւանդ միջին դարերու դէմքերը. հոս կը գտնենք պատմիչ Ստեփանոս Ասողիկ Տարօնացին, կրթական ու հոգեւոր գործիչ Պօղոս Տարօնացին, Յովհաննէս վրդ. Կոզեռնը,  երաժշտագէտ Խաչատուր Տարօնացին, Գլաձորի համալսարանի հիմնադիրները`  Ներսէս Մշեցին ու Եսայի Նչեցին, մանրանկարիչ Թորոս Տարօնացին, մատենագիր Գրիգոր Խլաթեցին, մինչեւ իսկ Ս. Գրիգոր Տաթեւացին, որուն համար կ՛ըսուի, թէ տարօնցի ծնողաց զաւակ է: Այս շարքը դեռ կ՛երկարի` ընդգրկելով  Առաքել Բաղիշեցին, տաղերգակ Մկրտիչ Նաղաշը, պատմիչ Թովմա Մեծոփեցին եւ տասնեակ մանրանկարիչներ, ծաղկարարներ ու հոգեւորականներ, ոմանք` նուիրապետական աթոռներու գահակալներ` ի Ս. Էջմիածին, ի Սիս, յԱղթամար, Երուսաղէմ եւ Կ. Պոլիս: Այս բոլորին կենսագրութիւնները զուգորդուած են տեղագրական, պատմագիտական եւ մատենագիտական հարուստ տուեալներով, որոնք մեծապէս դիւրամատչելի կը դարձնեն գործին ընթերցումն ու ընկալումը: Առաւել եւս` գործը կը վերածեն սկզբնաղբիւրի մը:

Ակնյայտ է, որ Լեւոն Շառոյեան երկար տարիներ աչքի լոյս թափած է այս աշխատասիրութեան վրայ` պրպտելով ու պեղելով ոչ միայն առկայ տպագիր հայ մատենագրութիւնն ու գրականութիւնը, այլեւ հայ մամուլի հին հաւաքածոներ` անոնց խորշերէն դուրս բերելով թանկագին ու յաճախ անստգիւտ տուեալներ:

Իր յառաջաբանին մէջ հեղինակը իր այս գործը կը նկատէ Տարօն աշխարհին ձօնուած սրտի պարտք մը: Բծախնդիր մօտեցումով, ճշգրտասիրութեամբ եւ մա՛նաւանդ արեւմտահայերէն մեր մայրենի լեզուին նկատմամբ ցուցաբերուած կատարեալ փարումով ու հոգածութեամբ, Լ. Շառոյեան ընթերցողին առջեւ կը փռէ անծանօթ տեղեկութիւններու եւ յորդահոս գիտելիքներու վիթխարի պաշար մը, որ վստահաբար պիտի գնահատուի ու արժեւորուի հայ բանասիրութեան կալուածէն ներս:

Հատորին սկիզբի էջերուն վրայ հեղինակը թռուցիկ ակնարկով մը տուած է ամփոփ պատմականը Տարօն-Տուրուբերանի հայր. միութեան, որ հիմնուած է 1917-ին, Ամերիկա: Այդ թուականէն ցայսօր միութիւնը ծաւալած է բազմադիմի գործունէութիւններ` պարբերաբար հրատարակելով նաեւ գիրք ու մամուլ:

Նորատիպ գիրքը երկարաշունչ ծրագրի մը Ա. հատորն է: Յաջորդ` Բ. հատորը պիտի ընդգրկէ Տարօնի զաւակ այն մտաւորականները, որոնք ապրած ու գործած են առաւելաբար սփիւռքի եւ Խորհ. Հայաստանի մէջ: Եւ այս դաշտը շա՛տ ընդարձակ է: Արդէն ներկայ հատորին Բ. գլուխը նախաճաշակ մը կու տայ յաջորդ հատորին մասին, որովհետեւ այստեղ ներկայացուած են որոշ չափով մեզի ժամանակակից տասը դէմքեր, ինչպէս` «Ազդարար»-ի խմբագիր Մանուկ Ասլանեան, ներհուն մտաւորական Հմայեակ Գրանեան, ֆրանսահայ արձակագիր Պետրոս Զարոյեան, գրագէտ Եդուարդ Տարօնեան, մատենագէտ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, բանաստեղծ Սասուն Գրիգորեան եւ այլն:

Տարօն-Տուրուբերանի հայր. միութիւնը կը յուսայ, որ տարբեր գաղութներու իր մասնաճիւղերն ու անհատ հայրենակիցները գործնապէս կը սատարեն այս արժէքաւոր հատորին տարածման ու ծանօթացման` ի պանծացումն կորուսեալ մեր բնօրրանին ու անոր արգանդէն ծնած հայ տաղանդներուն:

Նախորդը

Վեցերորդ Զգայարանը Գիտութեան Ընկալմամբ` Բնազանցութենէն Մինչեւ Գոյատեւման Բնազդ

Յաջորդը

«Տեսայ Լաւ Մարդիկ, Բարի Աշխատանք, Բարեւս Տուի, Անցայ Գնացի…»

RelatedPosts

Ամէն Տարի Այս Օրերուն
Անդրադարձ

Ամէն Տարի Այս Օրերուն

September 19, 2026
Վերաթարմացուող Պատգամ
Անդրադարձ

Վերաթարմացուող Պատգամ

September 19, 2026
Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ
Անդրադարձ

Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.