Միացեալ Նահանգներու նախագահը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը «ընտրութիւններուն մէջ տարած համոզիչ յաղթանակին առիթով»:
«Ես շատ հպարտ էի աջակցելու անոր վերընտրուելու հարցին մէջ եւ կասկած չունիմ, որ անոր առաջնորդութեամբ գեղեցիկ Հայաստանը պիտի հասնի մեծութեան ու յաջողութեան այնպիսի մակարդակներու, որոնք կը գերազանցեն բոլորի ամէնէն համարձակ սպասելիքները», գրած է Թրամփը «Թրութ սոշըլ» ցանցին վրայ:
Յայտնենք, որ երէկ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերահաշուարկը շարունակուեցաւ: Կիրակի, 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան բազմաթիւ կոպիտ ընտրախախտումներու պայմաններուն մէջ:


