Չորեքշաբթի, 13 մայիսին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը այցելեց «Վանայ Ձայն» եւ տեսակցեցաւ ռատիոկայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեանին հետ:
Հանդիպումի ընթացքին Շրջանային վարչութիւնը իր ծրագիրը ներկայացնելով` անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի զանազան
աշխատանքները «Վանայ Ձայն»-ի միջոցով ներկայացնելու կարեւորութեան:
Իր կարգին, Վիգէն Աւագեան բարձր գնահատեց Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին գործունէութիւնը:
Հանդիպումի աւարտին շեշտուեցաւ քարոզչական աշխատանքներու համագործակցութեան կարեւորութիւնը` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի նորօրեայ գործունէութիւնը աւելի մօտէն ներկայացնելու հանրութեան:


