«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ-օֆի մրցումները շարունակուեցան երէկ: Անցեալ տարուան ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր մէկ յաղթանակի պէտք ունի` հասնելու Արեւմտեան շրջանի աւարտականին, որովհետեւ 3-րդ ճակատումին ալ հանգիստ յաղթանակ տարաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի վրայ:
Առաջին մասին 31-25 արդիւնքով ետ մնալէ ետք, Լէյքըրզ կրցաւ մինչեւ կիսախաղ 59-57 արդիւնքով առաջ երթալ: Բայց Թանտըր շնորհիւ Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտրի (23 կէտ) եւ Էյճէյ Միչելի (24 կէտ եւ 10 էսիսթ) կրցաւ յաղթել մրցումին 131-108 արդիւնքով:
Ռոսի Հաշիմուրա 21 կէտով աւարտեց մրցումը, մինչ Լըպրոն Ճէյմս միայն 19 կէտ կրցաւ նշանակել 8 էսիսթի կողքին, ուր Լէյքըրզ ըստ երեւոյթին տարեշրջանը կրնայ աւարտել չորեքշաբթի առաւօտեան ժամերուն:
Արեւելեան շրջանի լաւագոյն խումբը` Տիթրոյիթ Փիսթընզ, 2 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելէ ետք 116-109 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Քլիվլենտ Քեվելիրզի «Ռոքեթ արենա»-ին մէջ:
Տոնավըն Միչել 35 կէտ նշանակեց 10 ռիպաունտներու կողքին, մինչ Ճէյմս Հարտըն 19 կէտով աւարտեց մրցումը: Էվըն Մոպլի (13 կէտ) եւ Ճերըթ Էլըն (18 կէտ) բաւական լաւ ելոյթ ունեցան ի նպաստ Քլիվլենտի, որ չորեքշաբթի առաւօտ պիտի փորձէ կրկնել յաղթանակը իր դաշտին վրայ:
Քէյտ Քանինկհեմ 27 կէտ, 10 էսիսթ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, բայց իր խմբակիցներէն միայն Թոպիաս Հերիս (21 կէտ) կրցաւ լաւ ելոյթ ունենալ, եւ Տիթրոյիթ պարտութիւն կրեց:
Աւելի կանուխ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ Մինիափոլիսի մէջ` 115-108 արդիւնքով յաղթելով Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզին:
Հակառակ Անթոնի Էտուըրտծի 32 կէտերուն եւ 14 ռիպաունտներուն, Մինեսոթա չկրցաւ օգտուիլ իր դաշտին վրայ խաղալու առաւելութենէն, մինչ մրցակից խումբի երիտասարդ ֆրանսացի «հսկայ» Վիքթոր Ուեմպանեամա 39 կէտեր եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց (5 պլոքներու կողքին), եւ Սփըրզ մանաւանդ 3-րդ մասին իր տարած առաւելութիւնը (35-28) պահեց մինչեւ մրցումի աւարտը:


