Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեհաժողով, Գագաթնաժողով Եւ Պետական Այց Ընտրութեան Նախօրէին

May 6, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Եւրոպական քաղաքական համայնքը միջազգային կազմակերպութիւն մը չէ. ան Եւրոպայի եւ մերձակայ երկիրներու խորհրդակցական համախմբում մըն է: 47 երկիրներու ղեկավարներ կը հաւաքուին տարեկան երկու անգամ տարբեր երկիրներու մէջ, խորհրդակցելու համար համաշխարհային քաղաքական հարցերու շուրջ: Երեւանի մէջ գումարուեցաւ 8-րդ վեհաժողովը: Բացի համայնքին անդամակցող երկիրներու ղեկավարներէն, վեհաժողովին կը մասնակցին նաեւ Եւրոպական խորհուրդի, Եւրոպական միութեան, Ատլանտեան ուխտի պատասխանատուներ: Յաջորդ վեհաժողովը պիտի գումարուի Իսլանտայի մէջ, 2028-ին` Պաքուի մէջ: Այս վեհաժողովին հիւրաբար կը մասնակցէր նաեւ Քանատայի վարչապետը:

Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովը կը հանդիսանայ առիթ մը համախմբելու կարեւոր թիւով քաղաքական ղեկավարներ նոյն վայրին մէջ: Քանի մը ժամ տեւող հանդիսաւոր նիստէն աւելի կարեւոր են երկկողմանի մասնակի հանդիպումները, որոնք կը կայանան երկու, երբեմն ալ աւելի թիւով երկիրներու ղեկավարներու միջեւ: Այս վեհաժողովը հարուստ էր նման հանդիպումներով:

Վեհաժողովին հրաւիրուած էր նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Իլհամ Ալիեւ վեհաժողովին մասնակցեցաւ Պաքուէն տեսակապի միջոցով: Ան բնականաբար խօսեցաւ Հայաստանի հետ հաստատուած խաղաղութեան մասին, արցախահայերը խռովարարներ որակեց ու Ազրպէյճանի կողմէ կատարուածը ներկայացուց իբրեւ գործադրութիւն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն: Ան քննադատեց նաեւ քանի մը օր առաջ Եւրոպական խորհրդարանի որոշումը, որ կը պարունակէր Ազրպէյճանը քննադատող պարբերութիւններ:

Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին իսկական հերոսը Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին էր, որ առիթը օգտագործեց բազմաթիւ հանդիպումներ կայացնելու համար: Հանդիպում ունեցաւ նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Այս վեհաժողովը փաստօրէն վերածուեցաւ հակառուսական ճակատի մը համախմբումին: Եւրոպական երկիրները խճճուած են ռուս-ուքրանական պատերազմին Ուքրանիոյ նեցուկ կանգնելու իրենց յանձնառութեան եւ ատիկա իրականացնելու անկարողութեամբ: Հայաստանը պէտք է հեռու մնայ մէկ կամ միւս ճակատին գործնապէս սատարելու փորձութենէն: Խորհրդարանական ընտրութիւններէն ամիս մը առաջ, հակառուսական խօսոյթի բազմացումը նպատակ ունի անգամ մը եւս հանրային կարծիքի ուղղութիւնը շեղելու հիմնական անհրաժեշտութենէն, որ սպառած իշխանութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնն է:

Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովէն աւելի կարեւոր էր Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի գագաթնաժողովը: Եւրոպական Միութիւնը կը քաջալերէ Հայաստանի Ազրպէյճանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու քաղաքականութիւնը: Կը քաջալերէ նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններու հակառուսական կեցուածքները: Ստորագրուեցան բազմաթիւ համաձայնագիրներ, որոնք գործադրութեան պարագային կրնան նպաստել Հայաստանի տնտեսական եւ ընկերային յառաջընթացին:

Վերջապէս վեհաժողովէն օր մը ետք, Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովին յաջորդեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուել Մաքրոնի պաշտօնական պետական այցելութիւնը Երեւան: Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց, որ ութ տարի առաջ, երբ Հայաստանը կը նկատուէր Ռուսիոյ արբանեակ երկիր, կարելի չէր ակնկալել այսքան թիւով քաղաքական ղեկավարներու այցը Հայաստան: Քաղաքական ղեկավարները Հայաստան այցի չեն եկած. եկած են մասնակցելու վեհաժողովին, որ Երեւանի մէջ կը գումարուի: Այս ալ հակառուսականութիւն խաղացող Մաքրոնի նուէրն էր իր «բարեկամ» Փաշինեանին:

4 եւ 5 մայիսի իրադարձութիւնները ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան 8 մայիսին սկսող ընտրարշաւին եւ անոր արդիւնքին վրայ: Յուսանք, որ եղածը փակագիծ մըն է միայն եւ փոփոխութեան արշաւը` անկասելի:

 

 

Նախորդը

Յուշարձանի Մը Ջահը, Որ Վաղուց Շիջած Է Արդէն (6 Մայիս)

Յաջորդը

Յարգա՛նք Ձեզի` Գրիչով Ու Խօսքով Սպառնալիք Նկատուած Նահատակ Լրագրողներ

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.