Պատմական մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսըն «Օլտ Թրաֆորտ» հասած էր դիտելու Լիվըրփուլի դէմ մրցումը, բայց չկրցաւ դիտել զայն, երբ անակնկալօրէն անհանգստացաւ եւ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց:
Եունայթըտ շատ լաւ սկսաւ Լիվըրփուլի դէմ մրցումը եւ 2 արագ կոլեր ալ նշանակեց առաջին 14 վայրկեաններուն` շնորհիւ Մաթէուս Քունիայի եւ Պենիամին Շեշքոյի:
Բ. կիսախաղին Լիվըրփուլ օգտուեցաւ սխալներէ եւ իր կարգին 2 արագ կոլեր նշանակեց` շնորհիւ Տոմինիք Սոպուլայի եւ Քոտի Կաքփոյի:
Քոպի Մէյնօ 77-րդ վայրկեանին նշանակեց շատ արժէքաւոր կոլ մը, որուն շնորհիւ Մանչեսթըր Եունայթըտ «Չեմփիընզ լիկ» պիտի վերադառնայ 2 տարուան բացակայութենէ ետք:
Լիվըրփուլ մնաց 4-րդ դիրքին վրայ եւ կէտերով հաւասար է Ասթոն Վիլայի հետ (58 կէտ)` ախոյեանութեան աւարտէն 3 հանգրուան առաջ:


