Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքապետներուն եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն նկատմամբ վատ վերաբերմունքը դատապարտելի եւ մերժելի արարք է` նկատի ունենալով հոգեւոր պետերուն ունեցած այն արժէքները, որոնք կրօնականէն անդին անցնելով կը հասնին ազգայինին, ուստի բոլորէն կը սպասուի Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդի միասնականութիւնը մարմնաւորող այդ արժէքները չխաթարել, ինչպէս նաեւ կիրարկուող օրէնքները կ՛արգիլեն այդպիսի արարքները եւ անոնց հեղինակները կը պատժեն:
Նախագահ Աուն բոլորին կոչ ուղղեց տեսակէտներու շուրջ տարակարծութիւնները պահելու իրենց քաղաքական ծիրին մէջ եւ հեռու մնալու անձնական վիրաւորանքէն` նկատի ունենալով այդպիսի արարքներու ժխտական անդրադարձները, մասնաւորաբար երկրի ներկայ պայմաններուն մէջ, որոնք ազգային ընդարձակ միասնականութիւն կը պահանջեն:


