ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան
Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր
Ցեղասպաննուած, բայց չանէացած ազգի բեկորներու ստուար զանգուածը ծնողազուրկ դառնալով` աքսորական եւ տարագիր, պանդխտութեան ցուպը ձեռին ուղեկորոյս` դէպի անորոշ վայրեր ուղեւորուեցան:
Այնուամենայնիւ չվհատեցան, քանզի հայու անկոտրում կամքը եւ անդրդուելի ազգային նկարագիրն ու խառնուածքը անգամ մը եւս բարունակութիւն ցուցաբերելով` վերընձիւղուեցան, սակայն այս անգամ վտարանդի մէջ:
Աշխարհի չորս ծագերուն սփռուած հայը լծուեցաւ գաղութակազմութեան բարդ, միեւնոյն ատեն նուիրական գործին:
Անօթեւան հայը առաջին հերթին իր սեփական օճախը կառուցելու փոխարէն հիմնեց եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ որբանոցներ` պատսպարելու եւ ամէն տեսակի գիտութիւններով զինելու մատղաշ սերունդը, որպէսզի անոնք հետագային կարողանային պայքարիլ ուծացման դէմ, որուն գաղափարաբանութիւնն էր ժողովուրդները ներքաշել եւ ընդելուզել իրենց սեփական սկզբունքներու յարիր տեսակէտերու մէջ` հեռացնելով զանոնք իրենց հոգեւոր եւ ազգային արժեհամակարգէն:
Մեկնած սոյն սկզբունքէն` տարբեր միջոցներով Լիբանան հաստատուած հայորդիներ սկսան իրարմէ անկախ քայլերու ձեռնարկել` որբերը պաշտպանելու, պատսպարելու եւ զանոնք գիտութեամբ ջամբելու նուիրական գործին լծուելով: Այս քայլերու առաջամարտիկներէն մէկը հանդիսացաւ` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան առաջատար անդամներէն` Պօղոս ծ. վրդ. Արիս, իր կողքին ունենալով Յակոբ վրդ. Նեսիմեանն ու Պօղոս վրդ. Պզտիկեանը, որոնք իրենց պաշտպանութեան տակ վերցուցին մօտ 300 որբեր: Պօղոս Ծ. վրդ. Արիսի Լիբանանի մէջ հիմնած որբանոցներէն ամէնէն նշանաւորը 1923-ին Պուրճ Համուտի մէջ հաստատուած, երկրագործական բնոյթի «Սան Կրէկուար» (Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ) որբանոցն էր, Զմմառու մայրավանքէն տեղափոխուած մօտ 200 երեխաներու համար, ուր որբերը զբաղած են երկրագործութեամբ:
Մինչեւ Պուրճ Համուտ տեղափոխուիլը, երեխաները ապաստան գտած էին Զմմառու մայրավանքին մէջ, որովհետեւ Պէյրութն ու Ճիւնին կացարանի տագնապի մէջ էին, ուստի Զմմառու միաբանները ասպնջականութիւն ցուցաբերած են իրենց հարազատ ծնողազուրկ երեխաներու հանդէպ` մայրավանքէն ներս 5-6 ամիսներ հիւրընկալելով 250 մանչեր, իսկ 150 պարմանուհիներու համար` Աշքութէն ընդարձակ շէնք մը վարձելով պատսպարած են զանոնք:
Կիլիկիոյ Ատանա նահանգին պատկան` Չորք Մարզպանք (Տէօրթ Եոլ) գիւղաքաղաքի Քէլէքեան եւ Սիսուան որբանոցներու որբերը, օրերով ծովու բացերը մնալէն ետք, Զմմառու հայրերու` ի դէմս Պօղոս ծ. վրդ. Արիսի, աջակցութեամբ, կարելի եղած է զանոնք ցամաք հանել եւ պատսպարել:
Պօղոս ծ. վրդ. Արիս չէր կրնար անտարբեր գտնուիլ Կիլիկիան Հայաստանէն Ճիպէյլի առափնեայ ափերը հաւաքուած բազմահազար որբերու տուայտանքը իմանալով, ուստի, ան Պօղոս վրդ. Պզտիկեանի հետ Ճիպէյլ ուղղուելով եւ բազմահարիւր որբերէ բաղկացած խումբ մը հետը առնելով կը վերադառնայ Էշրեֆիէ` Սիուֆիի կողմերը, ուր ֆրանսացիներու եւ ժողովուրդի օգնութեամբ կը հիմնէ Էշրեֆիէի որբանոցը:
1923-ին Էշրեֆիէի մէջ հիմնուած որբանոցի այլաբնոյթ ոլորտները բարելաւելու եւ զայն պաշտօնականացնելու համար այլոց օժանդակութեան կարիքը կը զգացուի:
Առ այդ, Պօղոս ծ. վրդ. Արիսի վարչակազմը որոշեց դիմել պատկան մարմիններու` ըլլան անոնք հայկական ազգային օգնութեան միութիւններ, ըլլայ օտար կազմակերպութեանց խնամատարներ:
Պօղոս ծ. վրդ. Արիս հանգանակուած գումարով կարողացաւ որբանոցի կարգուկանոնը հաստատել: Առաջին հերթին դասարանները սարքաւորեց` այդ օրերու համահունչ միջոցներով, ապա լաւագոյն ուսուցչակազմով համալրեց որբանոցի դպրոցը, նաեւ դասագիրքեր բաշխեց սաներուն, այնպէս, որ իւրաքանչիւր որբ ունեցաւ իրեն յատուկ դասագիրքը:
Դպրոցական կեանքէն կտրուած եւ հեռացած երեխաները դպրոցական միջավայրին նախապատրաստելու աշխատանքներ տարաւ` հոգեւոր հօր մը հմտութեամբ եւ հոգատարութեամբ:
Որբերը իրենց խնամատարութեան տակ վերցուցած` Պօղոս ծ. վրդ. Արիսի, Յակոբ վրդ. Նեսիմեանի եւ Պօղոս վրդ. Պզտիկեանի վարչակազմը անմիջապէս օգտակար միջոցներու ձեռնարկեց երեխաներուն բարօր կեանք մը ապահովելու համար:
Որբանոցին մէջ յատկացուցին կահաւորուած եւ հանգստաւէտ սենեակներ երեխաներուն առողջութեան համահունչ:
Սաներուն սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ ուրախութիւն եւ բերկրանք սփռելու համար, որբանոցի դպրոցի աւագ դասարաններու աշակերտներու կողմէ կը կազմակերպուէին այլազան նախաձեռնութիւններ, ինչպէս` կը բեմադրուէին թատերական ներկայացումներ եւ տարբեր հանդէսներ, որոնց աւարտին սաները զուարճացնելու միտումով նուէրներ եւ քաղցրաւենիք կը բաժնուէր: Ուսումնական տարուան սկիզբէն իսկ որբանոցի վարչակազմին համար որբերու ուսում, կրթութիւն եւ գիտելիքներ ամբարելը օրակարգի կարեւորագոյն կէտերէն եղած են:
1924-1926-ին, որբերու թիւը գերազանցած է 300-ը:
Պօղոս ծ. վրդ. Արիսը կարելի է բնութագրել որպէս համակ նուիրում ազգին գոյատեւման, գոյապայքարի եւ կազմակերպման աստուածահաճոյ գործին:
Ծանօթութիւն. Տեղեկութիւնները քաղուած են Զմմառու արխիւի մէջ պահուած վերոնշեալ հայրերու անտիպ նամակներէն:








