Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեան Կանչը

April 24, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ-ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ

Յովհաննէս Գարապաշեան (Ահմետ) 1960-ական թուականներու սկիզբը)

Ահմետ` ժայռի մը յենած, դիմացի լերան կողերէն կախուած հսկայ ապառաժները կը դիտէր:  Արեւու կիզիչ ճառագայթներէն խանձուած դէմքն ու քրտնաթոր ճակատը շատ բան կը յայտնէին անոր առօրեայ տքնաջան աշխատանքին մասին: Ամէն առտու, աքաղաղի ձայնին հետ, ան գոմէն դուրս կը հանէր ոչխարի հօտը եւ երկար ժամեր կ՛արշաւէր լեռներու ու ձորերու միջեւ: Կէսօրին  կը հանգչէր ծառի մը շուքին տակ կամ ժայռի մը մօտ, քիչ մը ջուր կը խմէր ու հապճեպով կը ճաշակէր իր չորցած պանիրով հացը: Յետմիջօրէին, երբ տուն վերադառնար, անոր պարտականութիւնն էր աշխատիլ մերձակայ արտերուն մէջ եւս: Իրիկունները առիթ ունէր հանգստանալու, բայց այդ ժամերուն ահաւոր անցեալը վճռականօրէն կ՛արձագանգէր հեռուներէն եւ քիչ-քիչ մօտենալով մղձաւանջի կը վերածուէր իր հոգիին մէջ:

Պարզ է, որ բնութիւնը ազատութիւն եւ հանգստութիւն կը պարգեւէ, բայց տասնչորսամեայ Ահմետը կաշկանդուած էր, եւ իր հոգին անդորր չէր ճանչցած: Իսկ իրիկնամուտին, երբ կը վերադառնար իր թուրք տիրոջ` Հասանին տունը, հոգիին վերեւ կը թանձրանար տարօրինակ ամպ մը, որուն ճնշումը խոր տագնապի կը վերածուէր: Հասանին կոշտ ու սառն դէմքը, խիտ, սեւ եւ սեղմուած յօնքերը, թաւ պեխերը կարծես բարկութեան ազդանշան մը ըլլային: Անոր խորը ինկած աչքերը մարդուն հոգիին խորերը կը խուզարկէին եւ լուռ սպառնալիք մը կը սփռէին դէմքին վրայ: Հասան իր տան կից փոքրիկ խուց մը տրամադրած էր հովիւին: Գիշերները որքա՜ն երկար կը թուէին ըլլալ… Ահմետ կը մաքառէր քունին դէմ… սիրտը կը տրոփէր կուրծքին տակ… կարօտը կը ճմլէր իր հոգին: Անցեալի արհաւիրքը` իր սեւ ստուերով, կու գար ինքզինք պարտադրելու ամէնուրեք: Կը մտաբերէր, թէ ինչպէ՛ս 1915-ի նախօրեակին, Օսմանեան պետութիւնը ստիպած էր, որ հայ տղամարդիկ ծառայեն թրքական բանակին մէջ եւ ժամանակ մը վերջ ոչնչացուցած` բոլորը: Իր հայրն ալ անոնցմէ մէկն էր… Կը յիշէր թուրքին կողմէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ կիրարկուած անիրաւութիւնները, առեւանգումները, խոշտանգումները, բռնաբարութիւնները, փոքրերուն լացն ու կոծը, հայ կիներուն  սրտաճմլիկ աղաղակները եւ հայուն անգութ ճակատագիրը…

Կը յիշէր այն օրերը, երբ ինք տասը տարեկան Յովհաննէսն էր, որ կ՛ապրէր իր հօրը, մօրը, եղբօրը եւ քոյրերուն հետ: Կը յիշէր իր խաղընկերները, միասին անցուցած անհոգ ու ջերմ պահերը, Չորք Մարզպանի (Տէօրթ Եոլ ) հրաշագեղ բնութիւնը, ծաղկած նարնջենիներուն անուշ բոյրը, ազատ ու խաղաղ կեանքը:  Այդ բոլորը  յանկարծ կ՛անհետանան 1915-ին` թուրքին գործադրած անարգ եւ վայրագ արարքներուն պատճառով: Նոյն այդ օրերուն, թուրք Հասանը կ՛առեւանգէ զինք եւ կը ստիպէ հրաժարիլ իր ինքնութենէն` մահմետական դառնալով: Ահա այստեղ ծնունդ կ՛առնէ նոր անձ մը` օտար արտաքինով եւ պարտադրուած ինքնութեամբ. «հովիւ Ահմետ»-ը, որ գիշեր-ցերեկ կը ծառայէր` գոհացում տալու իր տիրոջ քմահաճոյքին: Հասանը սպառնալիքներու տակ կը պահէր  հովիւը`  զինք դնելով դաժան ու ցնցիչ իրականութեան առջեւ:

Ահմետ չէր կրցած մոռնալ իր մօր սրտաճմլիկ լացը այն պահուն, երբ վերջին անգամ խլուեցաւ անոր մօտէն: Եղբօրը` Պօղոսին եւ քրոջը` Ովսաննային առեւանգուիլը: Փոքր քրոջը` Ծաղիկին դառն աղաղակը, երբ ան տեսաւ իր սիրելիներուն առեւանգումը: Ծաղիկը իր մանկութեան շրջանին արկածի մը պատճառով հաշմանդամ դարձած էր եւ չէր կրնար քալել: Եթէ պէտք ըլլար, ան ինչպէ՞ս պիտի փախչէր թուրքին անողոք ճիրանէն: Այս մտածումները կը տանջէին Ահմետը. այո՛, ինք կրցած էր ազատիլ մահէն, բայց ի՞նչ գնով…  ինքնութիւն կորսնցնելն ալ օրական մահ չէ՞ր… կորսնցնել անուն, կրօն, լեզու, ընտանիք: Չորս երկար տարիներ անցած էին այդ սեւ եւ դժնդակ օրէն, անորոշութիւնը կը կրծէր իր հոգին, եւ կեանքը պարտադրաբար կը շարունակուէր…

Ամառնային յետմիջօրէի մը, երբ Ահմետ կ՛աշխատէր արտին մէջ, սայլ մը կը կանգնի ճամբուն եզերքը` իրմէ որոշ հեռաւորութեան մը վրայ: Սայլին մէջ կային երիտասարդ տղաք եւ քանի մը պատանիներ: Մէկ-երկու հոգի ձայն կու տան.

– Ահմե՛տ, Ահմե՛տ…

Հովիւը անտարբեր` իր գործը կը շարունակէր, բահով հողը կը փորէր եւ քարերը մէկ կողմ կը դնէր:

Դարձեալ ձայն կու տան:

– Ահմե՛տ… Ահմե՛տ…

Դարձեալ ոչ մէկ հակազդեցութիւն Ահմետին կողմէ:

1918-1920-ական թուականներուն հայ կամաւորներ եւ այլ կազմակերպութիւններ սկսան որոնել եւ ազատագրել հայ մանուկները եւ պատանիները, որոնք առեւանգուած էին թուրք կամ քիւրտ ընտանիքներու կողմէ: Նոյն շրջանին, Օսմանեան կայսրութեան վերահսկողութիւնը թուլացած էր,  որովհետեւ ան նախապէս պարտուած էր Համաշխարհային Ա.  պատերազմին: Կամաւորները փոքրիկները կը փնտռէին ամէնուրեք` ճամբաներուն վրայ, քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, եւ կը տեղափոխէին որբանոցներ: Սայլը, երբ կ՛անցնէր Ահմետին մօտէն, պատանի հայ տղոցմէ մէկը` Ռուբէնը, ճանչցած էր Ահմետը եւ ըսած, թէ ան հայ է:  Կամաւորներէն Սասունը հարց կու տայ.

– Տղա՛ք, վստա՞հ էք, որ Ահմետը հայ է. բնաւ մեր կողմն իսկ չդարձաւ:

– Այո՛, ես գիտեմ զինք,- կ՛ըսէ Ռուբէն:

– Այո՛, մենք ալ կը ճանչնանք զինք,- կ՛ըսեն պատանիները միաբերան:

– Ի՞նչ է իր հայկական անունը,- կը հարցնէ Սասուն:

– Յովհաննէս է,- կը պատասխանէ Ռուբէն:

– Տղա՛ք, եկէք բոլորս միասին իր իրական անունով կանչենք զինք,- կ՛ըլլայ Սասունին պատուէրը:

Եւ կը  բացագանչեն:

–  Յովհաննէ՛ս… Յովհաննէ՛ս…

Ահմետ, որ` Հասանին սպառնալիքէն սարսափած, ինքզինք անտարբեր ու լուռ ձեւացուցած էր, նաեւ շատ լաւ գիտէր եկուորներուն ով ըլլալը, յանկարծ կը սթափի տարիներու իր թմբիրէն: Երբ կը լսէ իր հայկական անունը, կարծես գերբնական ուժ մը կը  բորբոքի իր մէջ. անոր սիրտը կը դողայ, հոգին կը զարթնի: Առանց վարանելու ան մէկդի կը շպրտէ բահն ու բրիչը: Յորդառատ արցունքները, որոնք տարիներու կսկիծն ու կուտակուած ցաւը կարծես կը մաքրագործէին ու դուրս կը վանէին հոգիէն, անձայն կը հոսէին իր քայլերուն տակ: Այդ քայլե՛րը`  անհամբեր ու փոթորկոտ, կը փափաքէին սլանալ դէպի փրկութիւն, թռչիլ ժամանակէն առաջ, որպէսզի հասնին եւ միանան իր ազատարար եղբայրներուն: Արեան կանչն էր, որ այդ պահուն թեւեր կու տար յաղթանակին.  կանչ մը, որ կը բարձրացնէր զինք իր վախերէն վեր` դէպի ազատութեան բարձունքները, ուր հոգին կը սաւառնի հպարտ ու անպարտ:

Այդ ժամանակ, Յովհաննէսին միակ մտահոգութիւնն էր վերադառնալ տուն եւ իմանալ իր մօրը, եղբօրը եւ քոյրերուն իրավիճակին մասին: Կը մեկնի Չորք Մարզպանի մէջ գտնուող իրենց բնակարանը, բայց անսպասելի եւ տհաճ անակնկալի առջեւ կը գտնուի, երբ կը նկատէ, թէ թուրք ընտանիք մը կը բնակի իրենց տան մէջ: Կը փորձէ հարցնել իր մօր եւ քրոջ մասին, բայց իրենց տան մէջ ապաստանած ընտանիքը կ՛անարգէ եւ դուրս կը շպրտէ զինք: Իսկ թաղին մէջ տակաւին կ՛ապրէր իրենց նախկին դրացիներէն թուրք ընտանիք մը: Յովհաննէս կը դիմէ անոնց եւ կ՛իմանայ, թէ իր մայրը Ալեքսանտրէթ փախուստ տուած է, իսկ քոյրը` Ծաղիկը, իր հաշմանդամութեան պատճառով, մնացած էր այդ ընտանիքին տունը: Ան յաջորդ օրն իսկ քոյրը կը շալկէ ուսերուն վրայ եւ կը մեկնի Ալեքսանտրէթ: Երկար փնտռտուքէ ետք կը գտնէ մայրը: Չորս անվերջանալի տարիներու բաժանումը կը հալի յանկարծ, միացումի լուռ, բայց խօսուն եւ հոգեյոյզ վայրկեանուան մը մէջ: Իսկ Եղբօրը` Պօղոսին եւ քրոջը` Ովսաննային մասին կ՛իմանան, թէ անոնք որբանոց փոխադրուած են:

Տարիներ ետք երիտասարդ Յովհաննէսը կ՛ամուսնանայ Վիքթորիային հետ, եւ կը բախտաւորուին երկու  զաւակով: 1939-ին կը հաստատուին Լիբանան եւ կը բախտաւորուին երեք զաւակով եւս: Ծաղիկն ալ իրենց հետ Լիբանան կը տեղափոխուի:

Յովհաննէսը, մայրը, եղբայրը եւ քոյրերը իբրեւ վերապրողներ ապացոյց են, որ կեանքը որքա՛ն ալ խոցելի ըլլայ, կրնայ շարունակուիլ եւ իմաստ ստանալ: Իսկ մեր պարտականութիւնն է իրենց ժառանգութիւնը յիշել, պահպանել եւ արդարութիւնը պահանջել:

Հայ ժողովուրդին բոլոր տանջանքներն ու չարչարանքները վկայութիւն են, որ ան ոչ միայն վերապրեցաւ դաժան փոթորիկներուն մէջ, այլ նաեւ շարունակեց քալել` յուսալով եւ հաւատալով իր ապագային: Անցեալի բազմաթիւ փորձութիւններուն մէջ կոփուած` հայը կրցաւ վեր կենալ, նորոգել իր ուժերը եւ շարունակել իր գոյութեան ճանապարհը:

Տարիներ առաջ կողակիցս ինծի պատմած էր իր մօրենական մեծ հօր` Յովհաննէս Գարապաշեանին կեանքի այս պատմութիւնը: Ցեղասպանութեան բազում դառն պատմութիւններուն կողքին, այդ ալ վկայութիւն մըն է հայու աննկուն կամքին ու գոյատեւման հոգիին, որ ժամանակի հոսքին մէջ չի մարիր. ընդհակառակը` կը դառնայ յաղթանակի դափնի եւ վերածնունդի արձագանգ, որ կը շարունակէ հնչել սերունդէ-սերունդ:

 

 

Նախորդը

Ժամը 19:15

Յաջորդը

… Եւ «Քեռի Թորոսը» (?). Երիտասարդութիւնը Մեր Ներկան Է…

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.