Դարձեալ ու նորէն կալանաւոր եմ:
Մտատանջութեան հաւատարիմ կալանաւորը:
Ինքս ինծի հետ սեւաթոյր ամպերու տակ կը քալեմ դէպի անորոշութեան սիրտը, որ ներկայիս շղթայած է ամբողջ Միջին Արեւելքը:
Ինքս ինծի հետ կը պտտիմ այս փէյճէն միւսը` անգամ մը եւս կարդալու եւ ապացուցելու ես ինծի, որ «մեծ պետութիւնները» այնքան ալ մեծ ու յարգելի երկիրներ չեն, միայն խումբ մը մարդակերպ ճիւաղներ,
Նենգ ու անողոք դեւեր, որոնց մրցակցութեան ոգին կը գերազանցէ ամէն բան:
Անոնք, որոնք վաղուց ուրացած են զԱստուած եւ վաճառած են իրենց հոգիին մէջ ճաճանչող բոլոր մարդկային արժէքները:
Ինքս ինծի հետ կը քալեմ.
Մթութեան խորքը, գրպանս կրելով թաքուն` հազարումէկ թիթեռնիկներու գոյնզգոյն, բայց բզկտուած թեւերը…
Որոնք պէտք էր թռչէին կապոյտին մէջ անդորր,
Իմ եւ բոլոր ազգակիցներուս վաղեմի երազանքները շալկած:
Ինքս ինծի հետ կը քալեմ: Հոգիս ալեկոծ է.
Սիրտս արագ-արագ կը տրոփէ,Յանկարծ պայթիւն մը կը լսուի,
Սարսուռներ կ՛անցնին մարմնէս.
Թոքերս կը դժուարանան շնչել.
Սարսափի մրրիկը անգամ մը եւս կը փչէ իր մահացու փողը:
Պայթիւն մը եւս կը լսուի …
Խելագարի՞մ, թէ՞ հանդարտիմ
Գիտնալով, որ այս պայթիւնը անպայման գողցաւ թշուառներ ետին լքելով անխնայ` որբերու սերունդ մը ամբողջ:
Ինքս ինծի հետ կը քալեմ.
Անցեալի ուրուականները երեւան գալով` նզովեալ իրողութիւնը կ՛ամրապնդեն:
Սիրտս աւելիով կը կաշկանդեն:
Վախերու քարտէսը մեծ արդէն իսկ շատոնց փորագրուած էր նախահայրերուս մորթին վրայ, ես ալ, իմ կարգիս, թէեւ ակամայ առնելով Լիբանանի արիւնաթաթախ վրձինը բոսոր, կը գծեմ նոր վէրքերու քարտէսներ տարաբախտաբար:
Ինքս ինծի հետ կը քալեմ մթութեան մէջ, անորոշութեան մէջ, հասնելու համար մղձաւանջներուս կորիզը եւ գուցէ քանդելու համար մեր բոլորին դժկամ այս ճակատագիրը:
Ինքս ինծի հետ կը քալեմ, երկչոտ եմ, բայց նոյն ատեն անվախ:
Յուսահատ եմ, բայց եւս անսահման յուսալի.
Կը քալեմ առանց որեւէ յատուկ նպատակակէտի.
Կը քալեմ, որովհետեւ պէտք է քալել…
Պէտք է գոյատեւել
Պէտք է դիմանալ:
Չէ՞ որ «Ձախորդ օրե՜ր կու գան ու կ՛երթան»…
Կը քալեմ ինքս ինծի հետ քաջասիրտ ու յանդուգն:
Կը քալեմ ինքնավստահօրէն հասնելով Այնճարի պարտէզները…
Ուր բնութիւնը կը կատարէ իր դիւթիչ հանդէսը անդադար, կազդուրելով պրկուած ջիղերս եւ խռոված հոգիս:
Ապրիլ է արդէն: Ծաղիկները փթթած են ամէնուրեք:
Բնութեան օրագիրին մէջ կեանքը առյաւէտ է:
Ամէն բան կը շարունակուի իր լուռ ու հանդարտ ընթացքով:
Միայն մենք, մարդ արարածն է, որ կորսուած է ձմրան ժանտ կրկէսին մէջ: Մարդ արարածն է, որ ունի իմացականութիւնը, բայց կը ձախողի զայն ճիշդ կերպով օգտագործել: Քալելով այդ դրախտավայրին մէջ` կը մտածեմ, գուցէ այս «ներկան», զոր կ՛ապրինք, մեր յոռի բարքերուն կուտակման հետեւանքն է: Տարիներու երկար ոլորտի մեր աշխարհային ագահութիւնն է, նախանձը, մրցակցութիւնը, կեղծիքը, չյարգելը, դատողութիւնը, սիրոյ պակասը եւ առաւել` աղօթքի պակասը: Այդ մաղձերու ակունքն է մեր մէջ, որմէ կը ժայթքի ամէն ժխտական միտք եւ զգացում:
Այդ ակունքը, որուն մէջ կը բնակին բոլոր գեհենային դեւերը, որոնք կը քալեն տիեզերական ուժերուն ընդդէմ: Չէ՞ որ ֆիզիքական աշխարհը մեր ներաշխարհին հայելին է…
Ինքս ինծի հետ կը շարունակեմ քալել: Այս անգամ` հոգեպէս վերանորոգուած, եւ համոզուած, որ մարդկութիւնը հիմա կարիքը ունի ծաղկունքի: Վերածնունդի: Հաւաքական գիտակցութեան նոր մակարդակի: Եւ անպայման` Սիրոյ: Մարդկութիւնը կարիքը ունի հիմա գարնան ծաղկունքին` ամոքելու համար ձմրան տուած վէրքերը եւ վերագտնելու համար անոր կլանած իղձերը:



