Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ երկու շաբթուան զինադադար հաստատուած է` աւելցնելով, որ Իրանի հետ երկարատեւ խաղաղութեան շուրջ վերջնական համաձայնութեան գոյացման ուղղութեամբ մեծ ճամբայ կտրուած է:
Իրանեան իշխանութիւնները իրենց կարգին «մեծ յաղթանակ»-ի մը արձանագրումը յայտարարեցին` նշելով, որ համաձայնութիւնը կը ներառէ Լիբանանի դէմ պատերազմի դադրեցումը:
Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ յայտարարեց. «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն ու Միացեալ Նահանգները, անոնց դաշնակիցներուն կողքին, համաձայնեցան անմիջապէս բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանի եւ այլ վայրերու մէջ զինադադար հաստատելու»:
Ան աւելի ուշ Չինաստանին, Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ, Եգիպտոսին ու Քաթարին շնորհակալութիւն յայտնեց` զինադադարի գոյացման համար անոնց ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրանէն 10 կէտերէ բաղկացած առաջարկ մը ստացանք, եւ կը կարծենք, որ անիկա բանակցութեան գործադրելի հիմք մըն է»:
Ան ըսաւ, որ համաձայն գտնուած է Իրանի ռմբակոծումն ու անոր վրայ յարձակումներու շղթայազերծումը երկու շաբաթով դադրեցնելու, եւ երկու շաբթուան ժամանակը պիտի արտօնէ համաձայնութիւն գոյացնել ու կնքել:
Թրամփ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ նախապէս գոյութիւն ունեցած տարակարծութեան նիւթ եղող գրեթէ բոլոր կէտերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, եւ իր երկիրը Իրանի մէջ իր զինուորական բոլոր նպատակները իրագործած է եւ անոնցմէ անդին անցած:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան ալ յայտնեց, որ իր երկիրը «ամբողջական ու համապարփակ» յաղթանակ մը արձանագրած է:
Թրամփ նշեց, որ կը կարծէ, թէ Չինաստանը նպաստած է Իրանը բանակցութեան սեղան մղելուն:
Պատասխանելով հարստացուած իւրանիոմի ճակատագիրի մասին հարցումի մը` Սպիտակ տան ղեկավարը ըսաւ. «Ատիկա կատարեալ կերպով պիտի կարգաւորուի, այլապէս չէի համաձայներ»:
Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը յայտարարեց, թէ որոշուած է Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ բանակցութիւններ վարել` պատերազմին վերջ տալու մանրամասնութիւններուն վերջին դասաւորումները կատարելու համար` նշելով, որ բանակցութիւնները պիտի սկսին ուրբաթ, 10 ապրիլին:
Խորհուրդը յայտարարեց, թէ Իրան «մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց» եւ Միացեալ Նահանգներուն ստիպեց ընդունիլ 10 կէտերէ բաղկացած իր առաջարկը, եւ համաձայնութիւնը կը ներառէ բոլոր պատժամիջոցներու ջնջումն ու արտասահմանի մէջ սառեցուած իրանեան հաշիւներու ապասառեցումը:
Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը յայտնեց, որ 10 կէտերէ բաղկացած առաջարկը կը ներառէ «յարձակում չգործելու սկզբունքային յանձնառութիւն, Հորմուզի նեղուցին վրայ մեր վերահսկողութեան շարունակում, նեղուցէն անցում` իրանեան ուժերու հետ համակարգումով, իւրանիոմի հարստացման ընդունում, բոլոր պատժամիջոցներու ջնջում եւ Իրանի փոխհատուցումներու վճարում», ինչպէս նաեւ «ամերիկեան ուժերու շրջանէն հեռացում, եւ բոլոր ճակատներուն վրայ, որոնց շարքին` Լիբանանի մէջ պատերազմի դադրեցում»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իր կարգին յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցէն անվտանգ անցումը երկու շաբթուան համար կարելի պիտի ըլլայ իրանեան զինեալ ուժերու հետ համակարգումի ճամբով:
Արաղչի նշեց, որ եթէ Իրանի վրայ յարձակումները դադրեցուին, ապա «մեր հզօր զինեալ ուժերը պիտի դադրեցնեն իրենց պաշտպանողական գործողութիւնները»:
ԱՖՓ, սակայն, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ զինադադարի առաջարկին պարսկերէն եւ անգլերէն բնագիրներուն միջեւ ծրագիրի հիմնական կէտերուն վերաբերեալ հակասութիւններ գոյութիւն ունին:
Ֆրանսական լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ պարսկերէն բնագիրը կը բովանդակէ հարստացման ընդունման ակնարկ, մինչ այդ կէտը անգլերէն բնագիրէն կը բացակայի, ինչ որ հարցականներ կը ստեղծէ բանաձեւումի ճշգրտութեան եւ առաջարկի պարունակութեան վերաբերեալ տարակարծութեան շուրջ:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը գրեց. «41 օր կռիւն ու 5000 շէնքերու քանդումը աւարտեցաւ իրանեան ջախջախիչ յաղթանակով, եւ մօտ օրէն Հըզպալլան նախկինէն աւելի հզօր պիտի դառնայ»:
«Մաարիւ» նաեւ գրեց. «Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները ճակատամարտէն դուրս կու գան համաձայնութեամբ մը, որ ընդհանուր առմամբ ռազմավարական անձնատուութիւն կը նկատուի»:
ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ պիտի գլխաւորէ ուրբաթ օր Փաքիստանի մէջ բանակցող իրանեան պատուիրակութիւնը:
Աղբիւր մը ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեց, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէի «գործօն կերպով մասնակցեցաւ բանակցային գործընթացին, եւ առանց անոր հաւանութեան համաձայնութիւն գոյացած չէր ըլլար»:
Իրանի 10 Կէտերէ Բաղկացած Առաջարկը
Իրանի անվտանգութեան խորհուրդը յայտարարեց. «Հակառակորդը անհերքելի, պատմական եւ ջախջախիչ պարտութիւն կրած է Իրանի ժողովուրդին դէմ իր անպատուաբեր, անօրինական եւ յանցաւոր պատերազմին մէջ»:
«Իրան մեծ յաղթանակ արձանագրած է եւ Միացեալ Նահանգներուն ստիպած ընդունիլ իր 10 կէտերէ բաղկացած առաջարկը: Միացեալ Նահանգները սկզբունքօրէն կը պարտաւորուի.
1.- Հրաժարիլ յարձակումէն
2.- Պահպանել Հորմուզի նեղուցին վրայ Իրանի վերահսկողութիւնը
3.- Ընդունիլ իւրանիոմի հարստացումը
4.- Վերացնել բոլոր առաջնային պատժամիջոցները
5.- Վերացնել բոլոր երկրորդական պատժամիջոցները
6.- Ապահովութեան խորհուրդի բոլոր բանաձեւերու դադրեցում
7.- Կառավարիչներու խորհուրդի բոլոր բանաձեւերու դադրեցում
8.- Իրանին փոխհատուցում վճարել
9.- Միացեալ Նահանգներու մարտական ուժերը դուրս բերել շրջանէն
10.- Դադրեցնել պատերազմը բոլոր ճակատներու վրայ, ներառեալ Լիբանանը:
«Որոշուած է բանակցութիւններ կատարել Իսլամապատի մէջ` առաւելագոյնը 15 օրուան ընթացքին մանրամասնութիւնները վերջնականապէս կարգաւորելու համար:
«Ասիկա չի նշանակեր պատերազմի աւարտ, եւ Իրան պատերազմի աւարտը պիտի ընդունի այն պարագային, երբ 10 կէտնոց ծրագիրին մէջ ուրուագծուած սկզբունքները վերջնական բանակցութիւններուն մէջ համաձայնեցուին», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Թրամփ. «Իրան Կրնայ Վերաշինութեան Սկսիլ»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Համաշխարհային խաղաղութեան համար մեծ օր մըն է, եւ Իրան կ՛ուզէ խաղաղութիւնը իրագործել»:
«Միացեալ Նահանգներ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկման կուտակման վերաբերեալ օգնութիւն պիտի տրամադրէ», ըսաւ ան:
«Իրան կրնայ վերաշինութեան հոլովոյթին սկսիլ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Բեմին վրայ բազմաթիւ դրական շարժումներ տեղի պիտի ունենան, եւ հսկայական դրամ պիտի շահուի», յայտնեց Թրամփ:
«Տարատեսակ մատակարարումներու պահեստաւորում պիտի կատարենք եւ (շրջանի) մօտակայքին մէջ զգօն պիտի մնանք` երաշխաւորելու համար, որ ամէն ինչ սահուն կ՛ընթանայ», աւելցուց ան:
«Ասիկա կրնայ Միջին Արեւելքի ոսկեդարը ըլլալ, ճիշդ ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ է», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Միացեալ Նահանգները պիտի օգնեն Հորմուզի նեղուցին մէջ խճողումին մեղմացման», ըսաւ Թրամփ:
Արձագանգներ
Ինտոնեզիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց համաձայնութիւնը` աւելցնելով. «Բոլոր կողմերը պէտք է յարգեն գերիշխանութիւնն ու դիւանագիտութիւնը»:
Ինտոնեզիոյ վարչապետ Անուար Իպրահիմ յայտնեց. «Թեհրանի 10 կէտերէ բաղկացած առաջարկը խաղաղութեան ու կայունութեան վերականգնումը կ՛աւետէ, եւ պէտք է ամբողջական համաձայնութեան վերածուի»:
Աւստրալիոյ վարչապետ Էնթընի Ալպանեզի յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ Միջին Արեւելքի մէջ երկու շաբթուան զինադադարը, որ գոյացաւ Իրանի հետ ամերիկեան-իսրայէլեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութեան համար:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ողջունեց Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ զինադադարի հաստատումը` յոյս յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգներ ժամանակ կ՛ունենան շարունակելու Ուքրանիոյ վերաբերեալ խաղաղութեան եռակողմ բանակցութիւնները:
Փեսքով նաեւ յայտարարեց, թէ Ռուսիան կը յուսայ, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը յառաջիկայ օրերուն խաղաղութեան բանակցութիւնները շարունակելու համար ուղղակի հաղորդակցութիւններ կ՛ունենան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով անհրաժեշտ նկատեց աշխատանք տանիլ շրջանին մէջ լարուածութեան մեղմացման համար, եւ նշեց, թէ իր երկիրը կ՛ուզէ հասնիլ Միջին Արեւելքի կացութեան խաղաղ լուծումի մը, որ հիմնուած է տարբեր կողմերու շահերու հաւասարակշռութեան վրայ, ինչ որ կայունութիւնը կ՛երաշխաւորէ եւ մագլցումը կը զսպէ:
Ռուսիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ զինադադարը ցոյց տուաւ, թէ առողջ մտածողութիւնը յաղթեց», սակայն աւելցուց. «Այսուհետեւ աժան քարիւղ պիտի չըլլայ»:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական հարցերու խորհրդական Անուար Քըրքաշ նշեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները յաղթեցին պատերազմի մը մէջ, որմէ խուսափելու համար անկեղծ ջանք թափեցինք, եւ յաղթեցինք ազգային դիւցազներգական պաշտպանութեամբ մը, որ գերիշխանութիւնն ու արժանապատուութիւնը պահպանեց եւ ձեռքբերումները պաշտպանեց ընդդէմ բացայայտ յարձակումին»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ողջունեց զինադադարի յայտարարումը եւ հակամարտութեան բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` յարգելու միջազգային օրէնքին հիմամբ իրենց յանձնառութիւնները եւ կառչած մնալու զինադադարի պայմաններուն:
«Բարձր կը գնահատենք Փաքիստանի եւ այլ պետութիւններու զինադադարը դիւրացնելու համար թափած ջանքերը», նշեց Կութիերես:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն նշեց. «Իրանի հետ զինադադարը շատ լաւ է եւ պէտք է ամբողջութեամբ ներառէ Լիբանանը»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս յայտնեց, որ զինադադարը «շաբաթներու վրայ երկարած մագլցումէ ետք գահավէժէն ետքայլ կը ներկայացնէ» եւ «չափազանց կարեւոր առիթ կ՛ընծայէ սպառնալիքներու հանդարտեցման, հրթիռներու արձակումը դադրեցնելու, նաւարկումը վերականգնելու եւ տեւական համաձայնութեան հասնելու համար դիւանագիտութեան առիթ ընծայելու համար: Պէտք է Հորմուզի նեղուցը նաւարկութեան առջեւ բանալ»:
Ան նշեց, որ հեռաձայնած է Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Իսհաքտարին, «եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնեցի այս սկզբունքային համաձայնութեան գոյացման համար»` շեշտելով. «Պէտք է միջնորդութեան դուռը բաց պահել, որովհետեւ ներկայ պատերազմի արմատական պատճառները տակաւին առանց լուծումի կը մնան»:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց համաձայնութիւնը` բարձր գնահատելով Փաքիստանի վարչապետին եւ փաքիստանեան բանակի սպայակոյտի պետ Ասեմ Մունիրի համաձայնութեան գոյացման համար թափած «արդիւնաւէտ ջանքերը», ինչպէս նաեւ աջակցութիւն յայտնեց Փաքիստանի միջնորդական ջանքերուն:
Նախարարութիւնը անհրաժեշտ նկատեց, որ Հորմուզի նեղուցը բաց մնայ, եւ յոյս յայտնեց, որ զինադադարը առիթ մը կ՛ըլլայ համապարփակ ու տեւական հանդարտութեան հասնելու, «եւ դադրի որեւէ յարձակում կամ քաղաքականութիւն, որ կը խաթարէ շրջանի պետութիւններուն գերիշխանութիւնը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը»:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց զինադադարը ամբողջական կերպով յարգելու կարեւորութիւնը, ինչ որ հանդարտութեան ու երկխօսութեան պայմաններու ենթահողը կը պատրաստէ:
Նախարարութիւնը շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է, որ Իրան անմիջապէս ձեռնարկէ թշնամական բոլոր արարքներու դադրեցման, եւ Իրանին կոչ ուղղեց` դադրեցնելու շրջանային կայունութիւնը ականահարող վարմունքները:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իրանին նաեւ կոչ ուղղեց` յարգելու պետութիւններու գերիշխանութիւնը, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ այսպիսի ոտնձգութիւններու չկրկնուիլը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց զինադադարը եւ անհրաժեշտ նկատեց զայն գետնի վրայ ամբողջական կերպով գործադրել` յոյս յայտնելով, որ բոլոր կողմերը զայն կը յարգեն:
«Շրջանին մէջ տեւական խաղաղութիւնը կարելի է միայն երկխօսութեան, դիւանագիտութեան եւ փոխադարձ վստահութեան հիմամբ», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Անգարան պիտի շարունակէ ամէն կարելի աջակցութիւն տրամադրել յաջողցնելու համար Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ նախատեսուած բանակցութիւնները»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շնորհաւորեց Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «ներկայ փուլին անոր կատարած դերակատարութեան համար»` մաղթելով, որ խաղաղութեան նպաստող բոլոր նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին:
Զինադադարի Խախտում
Իրանի նաւթարդիւնաբերութեան ազգային ընկերութիւնը հաղորդեց, որ Լաուան քարիւղի զտարանը երէկ առտու յարձակումի ենթարկուած է:
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտարարեց, թէ Լաուան կղզիին մէջ քարիւղի կառոյցներու թիրախաւորումէն ետք հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներ կատարուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ու Քուէյթի վրայ:
«Սքայ Նիուզ» իր կարգին հաղորդեց, որ հակառակ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ յայտարարուած զինադադարի յայտարարման, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Քուէյթն ու Պահրէյնը հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով իրանեան յարձակումի կ՛ենթարկուին:



