Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

April 8, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Բժիշկ, Գրող, Հրապարակախօս, Արցախեան Շարժման Աշխուժ Մասնակից Զօրի Բալայեան Ոչ Եւս Է

Մահացած է գրող, հրապարակախօս, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, բժիշկ, արցախեան շարժման աշխուժ մասնակից, Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր Զօրի Բալայեանը: Այս մասին յայտնեց անոր որդին` Հայկ Բալայեանը: «Վա՜խ, պապ ջան, դու գնացիր անմիջապէս Աստծոյ մօտ, Սուրբ Յարութեան օրը, հոգիդ թող արծուի պէս ազատ եւ խաղաղ ճախրի երկնքով», գրած էր ան:

Զօրի Բալայեան ծնած է 10 փետրուար 1935-ին, Ստեփանակերտ: Գրական գործունէութեան ընթացքին հանդէս եկած է նաեւ Հայկ Ղարաբաղցի ծածկանունով:

1992-1995 թուականներուն եղած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր: 1992-1994 թուականներուն աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած է ռազմական, քաղաքական նշանակութեան հարցերու մշակման, պարբերաբար գտնուած է առաջնագիծի ամէնէն թէժ կէտերուն: Ան նաեւ եղած է արտասահմանեան բազմաթիւ երկիրներէ Արցախին տրամադրուող մարդասիրական օգնութեան նախաձեռնողն ու կազմակերպիչը:

Բալայեան իրականացուցած է շուրջերկրեայ ճանապարհորդութիւն` «Կիլիկիա» եւ «Արմենիա» նաւերով, որուն ընթացքին ովկիանոսներն ու ծովերը հատուած են Արցախի պետական դրօշը բարձր պահած:

Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմին 10-Ամեակին Առիթով Արցախի Ղեկավարներ Եւ Հյդ-Ի Անդամներ Նահատակուած Հայորդիներուն Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին

2 ապրիլին ամբողջացաւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի 10-ամեակը: Այս առիթով Արցախի իշխանութեան եւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ եւ  բազմաթիւ հայրենակիցներ այցելեցին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն` իբրեւ յարգանք հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հայորդիներու յիշատակին:

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ, Արցախի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնատար Աշոտ Դանիէլեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի 10-ամեակին օրը Հայաստանի իշխանութիւններէն ոեւէ մէկը չայցելեց պանթէոն, ըսաւ. «Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն Արցախի հետ կապուած բոլոր յաղթանակները ջնջել մեր ժողովուրդի յիշողութենէն, եւ կը կարծեմ, որ ծրագրուած է: Անոնց համար «Արցախ» բառն ու արցախցին, կ՛երեւի, բոլոր տեղերէն պէտք է հանեն: Սկիզբը կ՛ըսէին` «Մեր քոյրն ու եղբայրները», ետքը` «Արցախից տեղահանուած», յետոյ` «Ղարաբաղէն տեղահանուած», վերջաւորութեան ալ` «փախած», յաջորդը տակաւին չեմ պատկերացներ»:

Դանիէլեան յիշեցուց, որ 2016-ի պատերազմը Ազրպէյճանի խնդրանքով կասեցուեցաւ, «եւ բոլորս տեսանք, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները այն ժամանակ ինչպէ՛ս կ՛աջակցէին Արցախի եւ Պաշտպանութեան բանակին, իսկ 2020 թուականին տեղի ունեցածը տակաւին պէտք է մանրակրկիտ քննուի»:

Դանիէլեան առաջարկեց, որ Ազգային ժողովը զեկոյցը հրապարակէ, որպէսզի հանրութիւնը հասկնայ, թէ որո՛նք էին տեղի ունեցածին մեղաւորները եւ պատասխանատուները:

Ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ ընտրութիւններուն, Դանիէլեան նշեց, որ իրենք պիտի սատարեն ազգային այն ուժերուն, որոնք պատրաստ են պահելու հայկական եւ ոչ թէ այլ պետութիւններու շահերը, եւ որոնց համար Արցախի հարցը փակ չէ: Ան շեշտեց, որ Արցախի հարցը մէկ հոգիի հարց չէ, անիկա ազգային հարց է, միջազգայնօրէն ամրագրուած իրաւունք, որ պիտի բարձրացուի բոլոր միջազգային ատեաններուն մէջ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան լրագրողներու հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին խօսելով Փաշինեան-Փութին հանդիպումին մասին` ըսաւ. «Եթէ վաղը Փութինը ըսէ` Զանգեզուրը, Սիւնիքը Ազրպէյճանի տարածք է, ինքը պէտք է այդպէ՞ս ճանչնայ: Ինքն իր ամպուլայի (սրուակ) մէջն է, բոլորը մեղաւոր են` բացի իրենցմէ: Իրականութեան մէջ ե՛ւ հպարտութեան ե՛ւ դաւաճանութեան զգացում կայ, որովհետեւ այսօր կը նկատէք, որ գրեթէ որեւէ բան պետական մակարդակով չի կատարուիր, բայց ապրիլեան քառօրեայի նահատակները իրենց ինքնազոհութեամբ, եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը այդ օրերուն իր կազմակերպուածութեամբ հերոսական էջ մը գրեց ու նաեւ կանխեց Ազրպէյճանի լայնածաւալ գրաւումին փորձը», նշեց Գ. Մանուկեան:

ՀՅԴ-ի անդամ եւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան, իր կարգին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Այս իշխանութիւնները այդպէս ալ չհրապարակեցին ապրիլեան եւ 44-օրեայ պատերազմներու զեկոյցները, թէկուզ այն, որ գաղտնիք չէ, որպէսզի հանրութիւնը չկարենայ կարդալ եւ համեմատել ու տեսնել, թէ ի՛նչ եղաւ 2016 թուականին, եւ ի՛նչ եղաւ 2020-ին: Այն քաղաքական ուժը, որ կ՛ըսէր` պէտք է բացառենք փոխզիջումները, այսօր կ՛ըսէ` արցախեան շարժում այլեւս չկայ, այն պարտութիւն էր Հայաստանի համար եւ թոկ էր, որ պէտք էր կտրել, որ մենք ունենաք անկախութիւն: Իրենց օրով Արցախը Ազրպէյճանի մաս կը կազմէ եւ անկախութիւն չունինք: Արցախի մեր հայրենակիցները ենթարկուած են ցեղային զտման, որ ցեղասպանութեան դրսեւորում է, եւ հիմա պայքարիլ ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման, արցախցիներու վերադարձի իրաւունքի դէմ` կը նշանակէ արդարացնել ազրպէյճանցիներու գործած ցեղասպանութիւնը: Եւ այստեղ Ալիեւի եւ Փաշինեանի շահերը հերթական անգամ կը համընկնին»:

Խաչատրեան քննադատեց Փութինի հետ հանդիպումին Փաշինեանի արտայայտած այն միտքը, որ իբր թէ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչցուած է Ռուսիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ` երկու անգամ հրապարակաւ կատարուած այդպիսի յայտարարութիւններէ ետք: «Փաշինեան պարտութիւն կրելով` ոչ միայն այդ պարտութեան մեղքը ուրիշներուն կը վերագրէ, այլեւ անամօթաբար կ՛աղճատէ պատմական իրականութիւնը, բանակցային ամբողջ գործընթացը», ըսաւ Արթուր Խաչատրեան:

Լրագրողներու հետ զրուցեց նաեւ երկու պատերազմներուն իր երկու որդիները կորսնցուցած Միքայէլ Հաճեան: «Ես պատերազմին, արցախեան ազատամարտին, ապրիլեան քառօրեայի ժամանակ կորսնցուցի աւագ որդիս` Նորայր Հաճեանը: Ապրիլ 4-ի երեկոյեան նահատակուեցաւ Թալիշի դիրքերուն, իսկ 6 հոկտեմբեր 2020-ին նահատակուեցաւ կրտսեր որդիս` Երուանդ Հաճեանը: Երկու որդի ունեցած եմ, երկուքէն ալ զրկուեցայ: Ցաւը, ի հարկէ, խոր է, ինչ-որ տեղ  անտանելի, բայց իբրեւ տղամարդ` կը փորձեմ դիմանալ, որովհետեւ թոռներ ունիմ: Հաւատացէք, ես մարդոց ներկայութեամբ չեմ լար, չեմ ողբար: Ընդհակառակն, որու որ հանդիպիմ, անմիջապէս կը ժպտիմ, մարդիկ կը կարծեն, թէ ես ժայռ եմ, չմտածելով, որ ես ալ իրենց պէս միս ու արիւն եմ: Կսկիծը մէջս կը պահեմ, բայց ժպիտովս կը փորձեմ մարդոց ուրախութիւն պարգեւել եւ ուրախութիւն նկարել անոնց դէմքերուն: Զաւակներս կամաւորական, աշխարհազօրայիններ եղած են: Աւագ որդիս` 16 տարեկանէն, մենք այդ ժամանակ Երեւան կը բնակէինք: Ան գացած ու մինչեւ պատերազմի աւարտը մասնակցած է մարտերուն տարբեր ջոկատներու կազմերու մէջ, ապա պատերազմէն ետք քանի մը ամիսով դարձեալ իրենց ջոկատը ուղարկած են Թալիշի դիրքերը, որպէսզի նորակոչիկներուն սորվեցնեն դիրքապահութիւնը ու նաեւ դիրքեր պահեն, իսկ ամէն լարուածութեան պարագային ան համազգեստը միշտ ալ տունը կը պահէր պահարանին մէջ կախուած, եւ երբ լարուածութիւն յառաջանար, անմիջապէս կ՛երթար, կ՛արձանագրուէր իբրեւ աշխարհազօրային ու առաջին գիծ կը մեկնէր: Որդիներէս ոչ մէկն ալ զիս նախապէս չէին զգուշացներ, որ պատերազմի կ՛երթան», նշեց Հաճեան:

44-Օրեայ Պատերազմէն Եւ Արցախցիներու Տեղահանութենէն Ետք Արցախցի Գրող Եւ Ֆրանսացի Լրագրողի Նամակագրութիւնը Վերածուած Է Գիրքի

Մարտ 28-ին Newmag հրատարակչութիւնը ներկայացուց արցախցի գրող Հերմինէ Աւագեանի եւ ֆրանսացի երաժիշտ, լրագրող եւ փիլիսոփայութեան դոկտոր Ուլիս Մանեսի միացեալ` «Նամակներ դրախտէն, ուր ոչ ոք կայ. Ստեփանակերտ-Փարիզ» գիրք-նամականին:

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն եւ 2023-ի տեղահանութենէն ետք արցախցի գրողի ու ֆրանսացի լրագրողի նամակագրութիւնը գիրք դարձաւ: Հերմինէ Աւագեանի խօսքով, նախագիծը սկսած է 2024-ին, երբ Հայաստանէն Արցախ ճանապարհը արդէն փակ էր, Արցախը շրջափակման մէջ էր: Ան եկած էր Երեւան, բայց ցաւօք այլեւս չկրցաւ վերադառնալ: Անոր զանգեց Արցախի մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեանը եւ տեղեկացուց, որ Ֆրանսայէն իրեն զանգահարած է Փարիզի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը, որ շատ մտերիմ է ֆրանսացի փիլիսոփայ Փասքալ Պրուքների եւ այլ անուանի գրողներու հետ: Անոնք մտածած են, թէ ինչպէ՛ս շրջափակուած Արցախի նիւթին անդրադառնալ գրականութեան միջոցով, ու ի վերջոյ որոշած են իրագործել նամակագրութեան միջոցով:

Ընտրուած է արցախցի գրող, բանաստեղծ Հերմինէ Աւագեանը, իսկ Ֆրանսայէն` լրագրող, գրող, փիլիսոփայութեան դոկտոր Ուլիս Մանեսը: Այդպէս ալ սկսաւ նամակագրութիւնը երկու տարբեր աշխարհներու միջեւ: Շնորհահանդէսին մասնակցելու համար Հայաստան եկած էր Ուլիս Մանեսը եւ ֆրանսական Le Figaro պարբերականի լրագրող Ատրիեն Պրիանը: Գիրքը ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանած է լրագրող, երգահան եւ երգչուհի Լիլիթ Բլէեանը:

Գիրքը գրական կամուրջ է ֆրանսացի երաժիշտ եւ լրագրող Ուլիս Մանեսի եւ արցախցի գրող Հերմինէ Աւագեանի միջեւ: Մէկ կողմէն Ուլիսի անծանօթ եւ հետաքրքրասէր հայեացքն է, միւս կողմէ` Հերմինէին անէացած ծննդավայրը: Արցախցի Հերմինէն Ուլիսի իր բանաստեղծական շունչով եւ յուշերու նուրբ թելերով կը տանի Արցախի թաքնուած արահետներով, այնտեղ, ուր մանկութեան երանգները, հայրենի գիւղի բոյրերը կը միախառնուին պատերազմի մշուշին: Գիրքը նաեւ տարեգրութիւն է` հիւսուած Հերմինէի լուսաւոր կարօտով եւ Ուլիսի` փոքրաթիւ ժողովուրդներու մտերմութեամբ:

Այս զրոյցը այն մասին է, թէ բառը ինչպէ՛ս կը դառնայ հայրենի տուն, երբ հողը այլեւս ոտքերուդ տակ չէ, եւ թէ` երկու օտար հոգիներու հանդիպումը ինչպէ՛ս կը վերածուի գիրքի, որ պիտի ապրի ժամանակէն դուրս եւ տարածութենէն անդին: Ձեռնարկի աւարտին Ուլիս Մանես եւ Լիլիթ Բլեյան ներկայացան երաժշտական կատարումով եւ հաճելի ակնթարթներ պարգեւեցին ներկաներուն…

Գրիգոր Պըլտեանի «Ուղենշաններ» Գիրքին Շնորհահանդէսը Երեւանի Մէջ

13 մարտին Երեւանի «Էփիկրաֆ» գրախանութներու նորաբաց մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ գրող, գրականագէտ Գրիգոր Պըլտեանի «Ուղենշաններ» («Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2026) գիրքին շնորհահանդէսը:

Այս նախաձեռնութիւնը վարեց բանասէր Սիրանուշ Դւոյեանը: Շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան հայրենի թէ սփիւռքահայ մտաւորականներ եւ այլ գրասէրներ: Շնորհահանդէսը ընթացաւ նոր հրատարակուած գիրքին մասին Դւոյեանի եւ Պըլտեանի զրոյցով:

Դւոյեան նախ ծանօթացուց գիրքը, կարդաց հատուած մը, ապա հարցումներ ուղղեց հեղինակին: Հարցումներով անդրադարձ կատարուեցաւ գիրքին խորագիրին մասին, որուն ի պատասխան` Պըլտեան ըսաւ. «Բառը կը նշանակէ ճամբու ընթացքին դրուած նշաններ: Փոխաբերական ալ կրնայ ընկալուիլ, որովհետեւ մեր կեանքն ալ երթեւեկ մըն է: Իւրաքանչիւր գրութիւն տեսակ մը կայան կրնաք նկատել, որ տեղ մը կը տանի, իսկ վերջաւորութեան անդրադարձ կ՛ըլլայ ամբողջ ընթացքին, որ գիրքն է: Այս տեսակի փորձ մըն էր»: Իսկ «Ստեղծել վայրը ուր ըլլալ» խորագիրին մասին հարցումին ի պատասխան հեղինակը յայտնեց. «Ամէն գրող կ՛ուզէ իր վայրը ստեղծել, յատկապէս` սփիւռքի մէջ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ այդ հարցը այդ ձեւով, սուր կերպով չի դրուիր, որովհետեւ կրնաս այդ վայրին պատրանքը ունենալ, որ հո՛ն է: Մինչդեռ սփիւռքի մէջ այդ վայրը բացայայտ կերպով չկայ, եւ ուրեմն կը գտնուիս աքսորականի, աքսորեալի, քու տեղէդ դուրս ըլլալու վիճակին մէջ: Վայրը սփիւռքի մէջ ապրող աքսորականին լեզո՞ւն է: Արդեօք բանաստեղծութիւնը ինքը վա՞յրն է, որ գրող մը կ՛ուզէ ստեղծել ինքնիրեն համար: Ես միշտ այս «վայր»-ի խնդիրը կը մտածեմ աւելի հարցումի գետնի վրայ, քան` պատասխանի»: Նոյնպէս «Շեղուածք» խորագիրը կրող գրութեան մասին ըսաւ. «Այն շեղանցքը, որ Փարիզի տունէս ոչ շատ հեռու կը գտնուի եւ կը տանի դէպի թագաւորական պարտէզները, հոնկէ ճշգրտօրէն կու գայ խորագիրը: Էական բան մըն է, երբեք չեմ ուզեր մեկնիլ վերացական գաղափարէ մը եւ յետոյ փորձել ատիկա իմաստաւորել: Այլապէս շեղանցքին նկարագրութիւնը լուսանկարը կ՛ընէ, ի՞նչ պէտք կայ: Կամաց-կամաց շեղանցքը կը դառնայ ո՛չ միայն տեղ, այլ` մտածելու ձեւի մը անունը»:

Նշենք նաեւ, որ հարցումներուն ընդմէջէն անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքահայ կեանքին, արեւմտահայերէնին եւ գրականութեան մասին: Աւարտին ներկաները շահեկան հարցադրումներ կատարեցին, եւ երեկոյթը աւարտեցաւ գիրքի մակագրութեամբ ու հեղինակին հետ զրոյցներով:

«Մարալն Ու Հայրիկը` Արցախի Մէջ» Ներկայացումը` Էջմիածինի Հայորդաց Տան Մէջ

Վերջերս Արցախի «Ծիլ» տիկնիկային սթուտիան կրկին ուրախութեան եւ հաճելի պահեր պարգեւեց մանուկներուն: Այս անգամ «Մարալն ու հայրիկը` Արցախի մէջ» տիկնիկային ներկայացումով հիւրընկալեց Էջմիածինի Հայորդաց տան մէջ: Հանդիսատեսը, որուն շարքին մաս կը կազմէին ինչպէս երեխաներ, այնպէս ալ մեծահասակներ, մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին ներկայացումը:

«Մարալն ու հայրիկը` Արցախի մէջ» հեքիաթը իրական պատառիկ մըն է արցախեան կեանքէն, որուն շա՜տ շա՛տ կարօտցած են բոլորը: Ներկաները կարծես դրախտի մէջ գտնուէին, ամէն ինչ կը յիշեցնէր` հեքիաթային Արցախը, հայրենի հողն ու ջուրը, անոր հինաւուրց պատմութիւնը, մեղրածոր բարբառը:

Հանդիսատեսին շարքին մաս կազմեց նաեւ հեքիաթի հեղինակը` Մարինէ Չարշաֆճեանը, որ ներկայ գտնուեցաւ իր երեք զաւակներուն եւ ամուսնոյն` Շանթի հետ:

Ներկայացման աւարտին երեխաները հեղինակին կողմէ հեքիաթի գիրքեր ստացան:

Նշենք, որ Արցախի «Ծիլ» տիկնիկային սթուտիան կը գործէ «Լորիկ» մարդասիրական հիմնադրամին շնորհիւ:

 

 

 

 

Նախորդը

Ուրախ Եւ Տխուր Յիշատակներ

Յաջորդը

Աւագ Շաբաթը Լիբանանի Թեմին Մէջ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 21, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 14, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.