Լիբանանը սուղ գին վճարեց իր ներքին խաղաղութիւնը պահպանելու համար եւ պահելու համար այն, ինչ որ մնացած է իր ազգային մշակոյթէն: Անկախութենէն ի վեր համայնքային քաղաքականութիւնը դարձաւ կործանումի օղակներ պատճառող խաղ մը, որ կը նորոգուի, ամէն անգամ որ լիբանանցիները կարծեն, թէ հասած են կայունութեան: Մշակութային այլազանութիւնը հարստութեան աղբիւր մը ըլլալու փոխարէն, երբեմն անիկա կ՛ըլլայ զէնք կամ միջոց մը` իշխանութեան եւ ինքնութեան համար բախումի եւ պայքարի:
Այդ տագնապը սրեցաւ հակադիր քաղաքական համոզումներու պատճառով, եւ Լիբանանը դարձաւ դաշտ մը` փորձարկելու հակասական գաղափարախօսութիւններ, որոնք կը պայքարին անոր ոգիին եւ ապագային համար: Եւ այն, ինչ որ կրնանք կոչել «քաղաքական ֆոլքլոր», կարեւոր դեր խաղաց այդ գործընթացին մէջ` սկսելով անկախութեան յաջորդող շրջանին մարոնի աւանդական քաղաքականութիւններով եւ աւատականութեամբ, անցնելով Անթուան Սաատէյի յայտարարած Ղովմի կուսակցութեան ծրագիրներէն, որոնց յաջորդեց սուրիական Պաաս վարչակարգի միջամտութիւնը, ապա Հարիրիի ժամանակաշրջանը, որ յատկանշուեցաւ երկրի վերաշինութեամբ եւ վարձակալական տնտեսութեամբ, հասնելով մինչեւ Իրանի հոգեւոր առաջնորդութեան հետեւող «պետութեան մէջ փոքր պետութիւն»-ի մը իրավիճակին, ինչ որ վերադասաւորեց երկրին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը:
Եւ այդ ժամանակաշրջաններուն տիրող քաղաքական պայմանները պատճառ դարձան, որ հազարաւոր պաղեստինցիներ եւ սուրիացիներ գան հաստատուելու Լիբանանի մէջ` գաղթականի կարգավիճակով (որուն չեն համապատասխաներ), որոնք, սակայն, այսօր անկանոն ձեւով կը բնակին լիբանանեան տարածքներուն մէջ, եւ պատճառներէն մէկը եղան տագնապին:
Եւ այդ փոփոխութիւններուն ամբողջ ընթացքին Լիբանանը շարունակ ապրած է կրկնուող օղակներ. անկայունութիւն եւ ներքին պայքարներ, կործանում, ապա վերաշինութիւն, հանրային պարտքի հսկայ կուտակում, ապա` տնտեսական անկում, դրամական աւանդներու սառեցում եւ լաւագոյն մասնագէտներու եւ արհեստավարժներու արտագաղթ: Կարծես Լիբանանի պատմութիւնը կը դառնայ չարաբաստիկ օղակի մը մէջ, ուր նոյն պատկերը կը կրկնուի տարբեր ձեւերով, բայց` նոյն արդիւնքով:
Ճորճ Հեկել կ՛ըսէ. «Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ մարդկութիւնը պատմութենէն բան մը չի սորվիր»: Եւ նոյն պարունակին մէջ Քարլ Մարքս կը յիշեցնէ, թէ` «Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ` առաջին անգամ իբրեւ ողբերգութիւն, երկրորդ անգամ` իբրեւ կատակերգութիւն»: Իսկ Մոնթեսքիէօ դարեր առաջ զգուշացուցած է իշխանութիւնը նեղ շահերու հետ խառնելու վտանգէն` ըսելով. «Անոնք, որոնք իշխանութիւն ունին, կը միտին չարաշահել զայն»:
Լիբանանի ողբերգութիւնը միայն անոր քաղաքական եւ տնտեսական տագնապը չէ, այլ շարունակ յառաջ բերելն է նոյն վարչակարգը, որ ծնունդ կու տայ այդ տագնապներուն: Եւ երբ պետութիւնը կը դառնայ համայնքներու եւ գաղափարախօսութիւններու պայքարի դաշտ մը, հայրենիքը կը դառնայ պարզապէս դիւրաբեկ օղակ մը, իսկ հանրային շահը կը կորսուի իրարու հակասող հաւատարմութիւններու միջեւ:
Հայրենիքը դարձաւ ուրիշներու ծրագիրներուն բախումի դաշտ մը` տարածաշրջանային ծրագիրներ, գաղափարախօսութիւններու հակամարտութիւններ եւ յարանուանական ուժի ցուցադրութիւններ, որոնք մէջտեղ կ՛ելլեն միայն այդ տագնապներուն ատեն: Իսկ կործանումի եւ վերաշինութեան, հանրային պարտքերու եւ դրամական անկումներու այդ օղակին մէջ լիբանանցին երկու անգամ գին կը վճարէ. մէյ մը երբ կը քանդուի երկիրը, իսկ յետոյ, երբ իրմէ կը պահանջուի զայն վերաշինելու գումարը: Ինչպէս Իպն Խալտուն ըսած է. «Անարդարութիւնը նախանշանն է քաղաքակրթութեան կործանման»: Եւ եթէ Լիբանանի արդի պատմութիւնը բան մը կը փաստէր, ան ալ այն է, որ քաղաքական անարդարութիւնը, համակարգային փտածութիւնը եւ բաժնեկարգային վարչակարգի շարունակութիւնը միայն անցողակի սխալներ չեն, այլ անոնք կործանումը կրկնելու հաստատ բաղադրատոմս են:
Եւ այսօր ամէն լիբանանցիի ուղղուած հարցումները կը մնան հետեւեալները. մինչեւ ե՞րբ Լիբանանը պիտի շարունակէ վճարել գինը բախումի եւ կործանումի այդ կրկնուող օղակներուն: Եւ մինչեւ ե՞րբ լիբանանցի ժողովուրդը պիտի շարունակէ ըլլալ պատանդը վարչակարգի մը, որ անընդհատ իր տագնապները կ՛արտադրէ` փոխանակ երկրին ապագան կերտելու:
24 մարտ 2026



