Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Եկեղեցիներուն Մէջ Ծաղկազարդը Նշուեցաւ` Խաղաղութեան Համար Բարձրացուած Աղօթքներով

March 31, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ` Ծաղկազարդը Իրանի տարբեր շրջաններուն մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ 29 մարտին, հակառակ տիրող պատերազմական վիճակին:

Թեհրանի Ս. Սարգիս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Մինաս, ինչպէս նաեւ Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եւ Ս. Կարապետ եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագով նշուեցաւ Ծաղկազարդը, մանուկները իրենց մոմերով մասնակից եղան թափօրներուն` խնդրելով Աստուծմէ խաղաղութիւն պարգեւել Իրանին եւ աշխարհին:

Տրուած քարոզներուն մէջ հոգեւոր հայրերը փառք տուին Աստուծոյ, որ, հակառակ շուրջբոլոր տեղացող ռումբերուն, իրանահայ գաղութը նուազագոյն վնասով կրցած է տոկալ: Անոնք աղօթեցին, որ Ծաղկազարդի` եկեղեցւոյ պայծառագոյն տօնին առիթով, Աստուած վերջ տայ տիրող պատերազմական վիճակին, աւերին, քանդումին եւ մահերուն, խաղաղութիւն պարգեւէ բոլորին:

Այցելութիւն` Վիրաւոր Հայորդիներու

29 մարտի երեկոյեան Իրանի խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեան, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի օգնական Առաքել աբեղայ Գատեհճեան եւ պատասխանատու անձնաւորութիւններ այցելեցին պատերազմի առաջին օրերուն վիրաւորուած եւ ապաքինման փուլի մէջ գտնուող զոյգին` Սիլվա եւ Նորիկ Խաչատրեաններուն, որոնց բնակարանն ու ինքնաշարժը մեծապէս  վնասուած էր:

Հանդիպման ընթացքին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցուեցան զոյգի ապաքինման վիճակին վերաբերեալ, նաեւ խօսուեցաւ վնասուց հատուցման փուլերուն մասին:

Հայր սուրբը փոխանցեց սրբազան հօր օրհնութիւնը եւ կարեւոր նկատեց Աստուծոյ ապաւինիլն ու յոյսը չկորսնցնելը:

Նախորդը

«Հայաստանի Կառավարութեան Ու Ժողովուրդի Իրանի Ժողովուրդին Աջակցութիւնը Մեծ Գնահատանքի Արժանի Է» Կ՛ըսէ Արաղչի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.