Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Կը Թիրախաւորէ Լիթանի Գետի Կամուրջները

March 19, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հարցով ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան նշեց. «Իսրայէլ չկրցաւ Հըզպալլան զինաթափել, ուստի կարելի չէ ակնկալել, որ լիբանանեան կառավարութիւնը այդ մէկը կատարէ երեք օրուան մէջ, ռմբակոծման տակ: Միակ լուծումը Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալն ու բանակցիլն է»:

«Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալու միակ լուծումը բանակցութիւնն է», յայտարարեց ան:

«Ժատիտ»-ի եւ «Լեպանոն Տիպէյթ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ այսօր կ՛այցելէ Պէյրութ` քննարկելու համար մագլցումի ընթացքն ու ներկայ զարգացումները:

Պարրօ հանդիպում պիտի ունենայ լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ, ներառեալ նախագահը, խորհրդարանի նախագահը եւ վարչապետը:

Մինչ այդ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ յայտնեց. «Այսօր բոլոր ճակատներուն վրայ մեծ անակնկալներ կը սպասենք»:

«Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ մագլցումի մակարդակը պիտի բարձրացնենք», յայտարարեց Քաց:

Նշենք, որ Իսրայէլ երէկ երկու տարբեր առիթներով հարուածեց Պէյրութի Զուքաք Էլ Պլաթ շրջանը: Յարկաբաժիններէն մէկուն վրայ յարձակումին պատճառով զոհուեցաւ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանի քաղաքական յայտագիրներու տնօրէն Մոհամետ Շըրրին եւ անոր կինը:

Իսրայէլ Պասթայի մէջ ալ հարուածեց շէնք մը, որ փուլ եկաւ:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երկու շրջաններուն մէջ իսրայէլեան հրթիռակոծութեան պատճառով արձանագրուած է 12 զոհ եւ 41 վիրաւոր:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Իւեթ Քուփըր յայտնեց. «Կը զօրակցինք Լիբանանի գերիշխանութեան եւ կ՛ողջունենք Հըզպալլայի զինուորական գործունէութեան արգիլումը, որովհետեւ բանակը երկրին միակ օրինական պաշտպանն է»:

Իսրայէլեան բանակը` երէկ դարձեալ զգուշացուց Հարաւային Լիբանանի բնակիչները. «Լիթանի գետի անցքերը պիտի հարուածենք, եւ պէտք է Զահրանի գետէն հիւսիս հեռանաք»:

Աւելի ուշ, իսրայէլեան բանակը ձեռնարկեց Լիթանի գետին վրայ գտնուող կամուրջներու թիրախաւորման:

Հանրօգուտ շինութիւններու նախարար Ֆայեզ Ռասամնի «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլ աշխատանք կը տանի Լիթանիէն հարաւը Լիբանանէն անջատելու եւ զայն արգելակիչ գօտիի վերածելու»:

«Հըզպալլայի պատերազմին ներքաշման ոչ լիբանանեան որոշումին հետեւանքները կ՛ապրինք», ըսաւ ան:

Գետնի Վրայ Մարտերը Կը Շարունակուին

«Լեպանոն Տիպէյթ» երէկ կէսօրէ ետք հաղորդեց, որ իսրայէլեան հրասայլեր Քֆարշուպայի բարձունքներէն Շանուհի ճամբով շարժած են դէպի Հալթայի մերձակայքը` Քֆարշուպայի եւ Քֆարհամամի հրետանիով ռմբակոծման ծածկոյթին տակ:

Հըզպալլա յայտարարեց, թէ ետ մղած է Խիամի արգելափակման ճամբարի մերձակայքին մէջ յառաջանալու իսրայէլացի զինուորներու փորձը:

Իսրայէլեան բանակ. «Հըզպալլան իր յարձակումներուն ծիրը ընդլայնեց, ուստի ընդլայնեցինք մեր հակադարձութիւնն ու թիրախներու ցուցակը»:

Հարաւային Լիբանանի Թիպէ գիւղին մէջ Հըզպալլայի եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բուռն մարտեր տեղի ունեցան:

ՄԱԿ-ի մէջ մարդասիրական հարցերու յանձնակատար Օմրան Ռիզա յայտարարեց. «Այն մտավախութիւնը ունինք, որ Լիբանան «նոր Կազա»-ի վերածուի: Զինուորական գործողութիւններու մագլցման պայմաններուն մէջ մարդասիրական օժանդակութիւններու մատակարարումը աւելի վտանգաւոր դարձաւ»:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ եւ կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնի տեղակալ Թետ Շիպան հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ նախագահական պալատին մէջ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Կազմակերպութիւնը այս դժուար պայմաններուն մէջ պիտի մնայ Լիբանանի կողքին»:

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ժազիրա»-ին յայտնեց. «Որեւէ դիւանագիտական լուծում պէտք է փոխհատուցումներ, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան թիրախաւորման դադրեցում եւ Լիբանանէն հեռացում ներառէ»:

Իսրայէլեան Մամուլ

Ըստ իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին, Լիբանանի մէջ կը բարձրանան ներքին ձայներ, որոնք կառավարութենէն կը պահանջեն Հըզպալլայի դէմ իր որոշումները գործադրել: Այդ պահանջները կը հնչեն բոլոր համայնքներու` քրիստոնեաներու, սիւննիներու, Ամալ շարժումի անդամ շիիներու եւ տիւրզիներու ղեկավարներու կողմէ:

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը կը պնդէ, որ քրիստոնեաներու ներկայացուցիչներու եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի միջեւ հաղորդակցութիւններու ընթացքին, քրիստոնէական կողմը արծարծածէ վերազինել լիբանանեան փաղանգներ, իբրեւ Հըզպալլայի դէմ գործելիք ուժերէն մէկը` նշելով, որ ատիկա լիբանանեան բանակին Հըզպալլայի դէմ դնելու անկարողութեան լոյսին տակ առաջարկուած լուծումներէն մէկն է, իսկ երկրորդ լուծումը Սուրիոյ նախագահ Ապու Մոհամետ Ժուլանիի ուժերը մասնակից դարձնելն է:

Օրաթերթը կը նշէ, որ այդ ուժերը իրողապէս սկսած են կուտակուիլ սահմանին վրայ, սակայն Սուրիոյ նախագահը ինք եւ լիբանանեան կառավարութիւնը կը տատամսին:

«Իսրայէլ Հայոմ» կ՛ընդգծէ, որ Լիբանանի մէջ մտահոգութիւնը այն է, որ Ժուլանիի ուժերը առիթը օգտագործեն Լիբանանի մէջ հողեր գրաւելու եւ յաւելեալ բնակիչներու վնաս հասցնելու, ինչ որ երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմը դարձեալ կը ծագեցնէ:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը գրէ, որ լիբանանեան կառավարութիւնը պէտք է փողոցներու մէջ տեղահանուածներու զանգուածները տեսնէ, եւ Իսրայէլ նաեւ պէտք է ճնշում բանեցնէ Ամալ շարժումին վրայ, «որուն ղեկավար Նեպիհ Պըրրին Հըզպալլայի զինաթափման համար առանցքային անձնաւորութիւն կը նկատուի»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանի 15-րդ կայան. «Իսրայէլեան բանակը յարձակումներ գործեց Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի առնչուած «Ամանա» ընկերութեան պատկանող վառելանիւթի կայարաններուն վրայ»:

Միւս կողմէ, Անասնապահութեան առեւտրականներու սենտիքայի քարտուղար Մաժետ Իտ «Սաութ Լուպնան»-ին յայտնեց. «Լիբանան ունի անասնապահական ռազմավարական պահեստ, որ մօտաւորապէս 60 օրուան բաւարար է, եւ անասուններ մորթելու ամէնօրեայ թիւը նուազած է 200-ի»:

 

Նախորդը

Աուն. «Կառչած Կը Մնամ Իսրայէլեան Պատերազմի Դադրեցման Նախաձեռնութեանս»

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ Ապահովական Ժողովի Ընթացքին. Նախագահ Աուն. «Ներկայ Փուլը Կը Պահանջէ Հսկողութիւն Եւ Պատասխանատուութեան Բարձր Մակարդակ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.