. ԱԼՃԵՐԻՈՅ նախագահ Ապտել Մաժիտ Թապպուն երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ Ճոզեֆ Աունի հետ` իր զօրակցութիւնը յայտնելով Լիբանանին, անոր այս ճգնաժամի օրերուն: Ալճերիոյ նախագահը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց լիբանանցիներու մտահոգիչ կացութիւնը մեղմացնող ճիգերուն մասնակից դառնալու:
. ԵՐԿՐԻՆ մէջ տիրող պատերազմական վիճակին ու տեղահանուածներու հոգածութեան ճիգերուն ծիրին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ նախագահեց կառավարական հերթական հանդիպումին, ուր առանցքային օրակարգ էին` ցարդ թափուած օժանդակութեան ճիգերն ու առնուելիք քայլերու դասաւորումը: Այս առիթով վարչապետ Սալամ պատկան նախարարներուն թելադրեց մօտէն հետեւիլ քաղաքացիներու, յատկապէս` տեղահանուածներու կարիքներու հոգածութեան ջանքերուն, յատկապէս օդերեւութական պայմաններու փոփոխութեան հետեւանքով ստեղծուած փոթորկալի կացութեան լոյսին տակ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես երէկ շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները լիբանանցի ղեկավարներուն հետ : Ան այս առիթով դարձեալ թախանձագին կոչ ուղղեց զինուորական գործողութեանց դադրեցման գծով :
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ այցելեց պապական նուիրակ գերապայծառ Փաուլօ Պորճիայի, իր Հարիսայի նստավայրին մէջ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած զինեալ յարձակումներուն շուրջ:
ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ Սայտայի «Մաշարիհ Հիպա» համալիրին վրայ կատարուած յարձակումէն ետք, երէկ նոր դիակ մը յայտնաբերուեցաւ: Այս գծով հաւանական նկատուեցաւ յաւելեալ այլ դիակներու գոյութիւնը նշեալ դէպքին վայրին մէջ, եւ այս գծով պրպտումի աշխատանքներ ձեռնարկուեցան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութիւնը երէկ խիստ կերպով դատապարտեց կրթական մարզի ուսուցիչներու թէ աշակերտներու թիրախաւորման երեւոյթը Իսրայէլի կողմէ:


