Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Մօտալուտ»-ի Տեսութիւնը

March 14, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծ հարցական է Միջին Արեւելքի պատերազմի տեւողութիւնը կամ աւարտը: Վերջին օրերուն պատերազմը աւելի տարածականութիւն կը գրաւէ եւ աւելի կը սաստկանայ երկկողմանիօրէն: Համընթաց վիճակ է նաեւ Լիբանանի պարագան, ուր Իսրայէլ սաստկացուցած է իր հրթիռակոծումները:

Տեւողութեան առումով կան հակասական, հետեւաբար ելքի մասին յաւելեալ անորոշութիւն սփռող դիրքորոշումներ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը խօսէր պատերազմի աւարտին մօտալուտ ըլլալուն մասին, միաժամանակ հաստատելով, որ յաջողած են չէզոքացնել Իրանի ռազմական կարողականութեան հիմնական բաժինը: Այս երկրորդ հաստատումը աւելի պատերազմի կասեցման արժանապատիւ ելքի մասին կը յուշէ, քան իրականութեան: Հակասութիւնը սակայն այն է, որ պաշտպանութեան նախարարը ռազմական գործողութիւններու հաւանական դադրեցումին մասին չի խօսիր եւ որեւէ ժամկէտի մասին ակնարկութիւն չ՛ըներ. ընդհակառակն`  առաջադրանքներու մասին անորոշ ժամանակով կատարումի անհրաժեշտութիւն կը շեշտէ: Կ՛աւելցնէ, թէ նախագահն է, որ կ՛որոշէ գործողութիւններու աւարտի թուականները:

«Մօտալուտ»-ի տեսութիւնը որոշ վերլուծումներու կ՛առաջնորդէ: Ուաշինկթընի հաշուարկի տարակուսելիութիւնը առկայ է այս բոլորին մէջ: Իրադարձութիւններու յետագիծը եթէ նկատի ունենանք, անմիջապէս կը մտաբերենք նախքան այս մեծ բռնկումը Իրանի արտասահմանեան յենակէտերու չէզոքացումին գործողութիւններու շարքը` Լիբանանէն Սուրիա, Կազայէն Եմէն: Ապա, ներիրանեան իրադարձութիւնները եւ անկայունութեան համոզում փոխանցող համապատկերը, զանգուածային ցոյցերով:

Ուրեմն. արտաքին-ներքին մարտահրաւէրները կուտակելէ ետք, Միացեալ Նահանգներ հաւանաբար ծրագրած էին «Վենեզուելլա 2» գործողութիւն մը: Իրանի հոգեւոր առաջնորդին առաջին օրերուն չէզոքացումը համանման իրավիճակ չստեղծեց Վենեզուելլայի Մատուրոյի առեւանգումին հետեւողութեամբ: Կար յստակ ամերիկեան ակնկալութիւն, որ Իրանի ժողովուրդը կ՛ապստամբի եւ իշխանափոխութիւն կ՛իրականացնէ: Այդպէս չեղաւ: Այս բեմագրութեան ձախողութեան բազմաթիւ հանգամանքներ կրնան կապուած ըլլալ` տակաւին սերտելի:

Այս ուղղութեամբ կարելի է աւելի խորքային վերլուծումի փորձ կատարել` նկատի ունենալով Ուաշինկթընի բազմաթիւ կոչերն ու յայտարարութիւնները Իրանի մէջ քիւրտերը զինելու եւ իշխանութիւններուն դէմ ոտքի հանելու առումով: Ցեղային-ծագումնային գործօնները այստեղ  իրենցմէ ակնկալուած գործառոյթները չկատարեցին: «Վենեզուելլա 2» ծրագիրը չառարկայացաւ: Գէթ, մինչ այժմ: Թեհրանը կը շարունակէ դիմադրել եւ հարուածել տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ռազմակայաններն ու նոյնիսկ ամերիկեան զինուորական օդանաւերը: Այս պարունակին մէջ ալ պէտք է ընկալել պաշտօնական Թեհրանի այս յայտարարութիւնը, որ Իրան ի՛նք կ՛որոշէ պատերազմի աւարտի ժամկէտը, ընդգծելով հիմնական երեք պահանջ` երաշխիքներ նոր յարձակողապաշտութիւնը արգելակելու, վնասուց հատուցում կատարելու եւ միջուկային ոլորտի մէջ իրանեան ծրագիրները իրականացնելու լիակատար ազատութիւն ունենալու:

Այս բոլորէն ետք ինչո՛ւ «մօտալուտ»-ի մասին կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնը: Հաւանաբար ելք մը` կասեցնելու համար աստղաբաշխական գումարներու հասնող պատերազմական ծախսերը: Ի վերջոյ ամերիկեան գործող վարչակարգի արտաքին քաղաքականութեան ամբողջ փիլիսոփայութիւնը տնտեսական է եւ պետական պիւտճէի վերականգնման առաջադրանքը:

Այս բոլորով ալ հաւանաբար կը բացատրուին «պատերազմը յաղթեցինք» յայտարարելը, բանակցային սեղան վերադառնալու իբրեւ նախապատրաստութիւն: Հիմա սակայն օրակարգերը փոխուած պիտի ըլլան: Իրան պիտի ուզէ պատժամիջոցներու ամբողջական վերացում եւ հիւլէական գործունէութեան նոր կանոններու ճշդում, իսկ Ուաշինկթընը Իրանի կողմէ վերահսկուող տնտեսական ուղիներու եւ ուժանիւթի համակարգի որոշակի վերահսկողութիւն` գերշահոյթներու ապահովման նպատակով: Պատերազմի ծախսերը վերականգնելու մտադրութեամբ նախ եւ առաջ:

Ասկէ առաջին դժգոհողը պիտի ըլայ Իսրայէլը: Չի բացառուիր, որ «մօտալուտ»-ի տեսութեան դէմ յանդիման, Թել Աւիւ մինչեւ վերի կարգերուն վրայ գոյանալիք զինադուլի համաձայնութիւնը, առաւելագոյն ճիգերը գործադրէ հարաւի մէջ իր առաջադրած վաղեմի ծրագիրը իրականացնելու համար: Խօսքը անվտանգութեան գօտիին մասին է:

«Ա.»

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Ծայրամասին Շէնքի Մը Թիրախաւորման Լոյսին Տակ. Քաղաքական Եւ Կուսակցական Պատուիրակութիւններ Այցելեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 239-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.